Գլխավոր

Մեկնարկեց «Սփյուռք ամառային դպրոց»-2013թ ծրագիրը

Յուլիս 9-ին Ծաղկաձորի երիտասարդական կեդրոնին մէջ կայացաւ

Տեղի Ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն 2013» Ծրագիրի Երրորդ Փուլի Բացումը

Յուլիս 9-ին Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Հայաստան Ժամանած Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

ՀՀ սփիւռքի  նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց   «Middle

Իրաւաբաններու Համահայկական Երկրորդ Համաժողովը Ամփոփեց Իր Աշխատանքները

ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ Յուլիս

Մեկնարկեց §Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Ընդառաջ» Խորագիրով Իրաւաբաններու Համահայկական Երկրորդ Համաժողովը

Յուլիս 5-ին ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին

Կը Մեկնարկէ «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցը

Յուլիս 9-ին, ժ.14:00-ին Ծաղկաձորի երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՀ սփիւռքինախարարութեան 2013 թուականի «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որունպիտի մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրը կ’իրականացուի 5 ուղղութիւներով: Դասընթացները տեղի կ’ունենանհայերէնով, կը դասաւանդեն Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի յայտնի լեզուաբան-մանկավարժներ: Մայրենիիուսուցման ընթացքին կը զուգակցուին տեսական-գործնական դասընթացներ, հետեւողները տարբերմիջավայրերու մէջ  մայրենի լեզուով հաղորդակցուելու հնարաւորութիւն կ’ունենան: Մասնակցութեան յայտ  ներկայացուցած է աւելի քան 250 սփիւռքահայ, որոնցմէ մասնակցութեան իրաւունք ստացած է 210 անձ` նախատեսուած 100-ի փոխարէն: Մասնակիցները կը ներկայացնեն աշխարհի աւելի քան 25երկիր: «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրը կը  մեկնարկէ  հայոց լեզուի արագացուած դասընթացքով, որ կը տեւէյուլիս 8-էն մինչեւ օգոստոս 2: «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ը կ’իրականացուի նաեւ հետեւեալ ուղղութիւններով` սփիւռքի ուսուցիչներուվերապատրաստման դասընթացներ (15 յուլիս-2 օգոստոս), սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներուդասընթացք (22 յուլիս–2 օգոստոս),Սփիւռքի լրագրողներու դասընթացք (22 յուլիս–2 օգոստոս), ազգային երգի ուպարի դասընթացք (24 յուլիս–2 օգոստոս): Դասընթացներու մասնակիցներուն համար պիտի կազմակերպուին մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններՀայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ պետական, հասարակական, մշակոյթիգործիչներու հետ: ****

Կայացաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու Միջեւ Փոխըմբռնման Յուշագիրի Ստորագրման Արարողութիւնը

Յուլիս 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացաւ

Տեղի Պիտի Ունենայ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն 2013» Ծրագիրի Երրորդ Փուլի Բացումը

Յուլիս 9-ին, ժամը 10.00-ին  Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի

ՀՀ ԱԳՆ. Եգիպտոսի Մէջ Գտնուող ՀՀ 400-է Աւելի Քաղաքացիներ ՉենՏուժած Պատահարներէն

Եգիպտոսի մէջ ներքաղաքական գործընթացները կը զարգանան ժամ առժամ: Վերջին տուեալով մայրաքաղաք Գահիրէի գլխաւոր հրապարակներ մտած են զինուորականներ եւ ռազմական տեքնիքա: PanARMENIAN.Net իթղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ԱԳՆ մամլոյ քարտուղար ՏիգրանՊալայեան նշեց, որ բողոքի ցոյցերու եւ անկարգութիւններու հետեւանքովայս պահին Եգիպտոսի մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներէն ոչ մէկը չէտուժած: «Այս օրերին Եգիպտոսում են գտնւում 400-ից աւելի ՀՀքաղաքացիներ: Մենք օնլայն հետեւում ենք իրադարձութիւններիընթացքին», – ըսած է Տիգրան Պալայեան:  ԱԳՆ յայտարարութիւն  տարածած էր, ուր կոչ կ’ուղղէր ՀՀքաղաքացիներուն առանց յոյժ անհրաժեշտութեան զերծ մնալու Եգիպտոսայցելութիւններէն: Իսկ արդէն Եգիպտոսի մէջ գտնուող ՀՀքաղաքացիներուն ԱԳՆ խորհուրդ կու տայ զերծ մնալու զանգուածայինկուտակումներու վայրերէն եւ որեւէ խնդիրի յառաջացման պարագայինանմիջապէս կապ հաստատել Գահիրէի մէջ ՀՀ դեսպանատան հետ, ուրսահմանուած է հերթապահութիւն` հետեւեալ հեռախօսահամարով` +202 27374157: PanARMENIAN.Net

Վիլէն Շատուորեան. Ցեղասպանութեան Ժխտման Փաստը ԱնորՇարունակութիւնն Է

Ուքրանիոյ 500 հազարանոց հայ համայնքին համար Հայոցցեղասպանութեան ճանաչումը շատ կարեւոր է: Հայերը շատ զգայուն ենայդ հարցով, նշած է Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ,ժողովրդական պատգամաւոր Վիլէն Շատուորեանը: «Ներկայիս հայկական սփիւռքի հիմնական մասը կազմուած է Օսմանեանկայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով… Ինչ որ չսպաներ, կ’ուժեղացնէ մեզ, եւ անոնք, որոնց երակներուն հայու արիւն կը հոսի, կը յիշեն եւ  հնարաւոր ամէն բան կ’ընեն, որպէսզի արդարութիւնըյաղթէ: Իսկ արդարութեան հարկաւոր է հասնիլ օրինական ճանապարհով`առանց վնասելու այն երկրին, որ որդեգրած ու ապրելու եւ երեխաներմեծցնելու հնարաւորութիւն տուած է: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը առաջինհերթին յարգանքի տուրք է զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ ապագային նման երեւոյթներու կանխում: Օրինագիծը Գերագոյն Ռատա ներկայացնելով` կ’ակնկալենք մերգործընկերներու` ժողովրդական պատգամաւորներու սատարումը… Ցաւօք,  Ցեղասպանութեան հետեւանքները մինչ այժմ վերացուած չեն, եւմենք առաւելագոյն ջանքեր կը գործադրենք հայկական հարցի արդարացիլուծման հասնելու ուղղութեամբ: Հարկաւոր է հասկնալ, որՑեղասպանութեան ժխտման փաստը անոր շարունակութիւնն է», -յայտարարած է Վիլէն Շատուորեան, ինչպէս կը գրէ  Analitika.at.ua-ը: Յիշեցնենք, Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատային մէջ յունիս 6-ին Օսմանեանկայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծ գրանցուած էր:  Նախաձեռնութեան հեղինակները պատգամաւորներ ՎիլէնՇատուորեանը (Ռեկիոններու կուսակցութիւն) ու Արսէն Աւակովը(«Պատկիւշչինա») են:

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա Նահանգի Կլենտէյլ Քաղաքի Քաղաքային Խորհուրդի Անդամ Զարեհ Սինանեանը

 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Յուլիս 1-ին

«Արի Տուն-2013» Ծրագիրի Առաջին Խարոյկը Աղաւնաձորի Մէջ

Յունիս 28-ին Աղաւնաձորի մէջ տեղի ունեցաւ «Արի

ԱԵԿ-ի Սաները Կը Մասնակցին «Արի Տուն» Ծրագիրին

Յունիս 24-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրի 2013թ. երկրորդփուլի բացումը:  Այս մասին  «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն  Վրաստանի հայ համայնքէն,  ծրագիրի այս փուլին  մասնակցած են տասնչորսպատանիներ Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոնէն: Ելոյթ ունենանլով 2-րդ փուլի բացման հանդիսաւորարարողութեան`   Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնի սան Մելինէ Յովակեան ըսաւ.  «Բարե´բ, Հայաստա´ն…Բարե´բ, իմ երկի´ր: Ամբողջ Ջաւախքի անունով կ’ողջունեմ ձեզ եւ վստահ եմ, որ այս համատեղ օրերուն ընթացքինհնարաւորութիւն կ’ունենանք ճանչնալու եւ՛ իրարու, եւ՛ այն երկիրներն ու շրջանները, որոնք ներկայացուած են :Համոզուածենք, որ Մայր հայրենիքի մէջ կազմակերպուած այս կարեւոր ձեռնարկը հնարաւորութիւն կու տայ ոչ միայն նոր ընկերներ եւգաղափարներ ձեռք բերելու,այլեւ աւելի լաւ ճանչնալու այսօրուան Հայաստանը: Շնորհակալ ենք Սփիւռքինախարարութեան,որ կը ծաւալէ հայասիրական եւ հայապահպան գործունէութիւն եւ հիմա ալ հնարաւորութիւն տուած էմեզ`Ջաւախահայերուս, «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելու»: Ծրագիրի իւրաքանչիւր փուլ կը տեւէ երկու շաբաթ: Այդ ընթացքին մասնակիցները կը շրջին Հայաստանի տեսարժանվայրերով, կը մասնակցին հայոց լեզուի եւ հայրենագիտութեան դասընթացներու, կը հանդիպին պետական այրերու,մշակոյթի  գործիչներու:

Կը Շարունակուի Սուրիահայ Ընտանիքներուն ՑուցաբերուողԱջակցութիւնը

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ կըշարունակուի Երեւան բնակող սուրիահայ սոցիալապէս անապահովընտանիքներուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը: 2013 թուականի առաջին կիսամեակի ամփոփ տուեալներով` աջակցութիւն ստացած է սուրիահայ շուրջ 850 ընտանիք, որմէ 352-ը` միայն վերջինամսուան ընթացքին: Տարբեր ծրագիրներու ծիրէն ներս սուրիահայերուն կըցուցաբերուի սոցիալական, կրթական կարիքներու աջակցութիւն,իրաւական խորհրդատուութիւն եւ համապատասխան օգնութիւն: Այդամէնուն որպէս արդիւնք զգալիօրէն հեշտացած է վերջիններուսմշակութային ու հասարակական կեանքէն ներս լիարժէք ներգրաւելուգործընթացքը: Քաղաքապետարանի ենթակայութեան բուժհաստատութիւններուն մէջբժշկական օգնութիւնը եւ սպասարկումը սոցիալապէս անապահովսուրիահայ ընտանիքներուն համար կ’իրականացուի անվճար:Կարիքաւորները հնարաւորութիւն ունին նաեւ օգտուելու «Գթութեանխոհանոցներ»-էն: Նորածին երեխաներ ունեցող սուրիահայ ընտանիքներունքաղաքապետարանը  կը նուիրէ մանկասայլակներ, մանկական իրեր եւանհրաժեշտ այլ պարագաներ: Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի սոցիալականապահովութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Զաքարեանտեղեկացուցած է, որ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի սուրիահայերուաշխատանքի հարցին: Վարչական շրջաններու աշխատակազմերուաջակցութեամբ 13 սուրիահայ արդէն աշխատանք ունի: Նշելով, որսուրիահայերու հետ կապուած հարցերը կը գտնուին քաղաքապետ ՏարօնՄարգարեանի մշտական ուշադրութեան կեդրոնին, Երեւանիքաղաքապետարանի սոցիալական ապահովութեան վարչութեան պետընաեւ նշած է, որ վարչութեան կողմէ անապահովութեան գնահատմանհամակարգին մէջ սուրիահայ ընտանիքներու հաշուառում կ’իրականացուի,որմէ ետք համապատասխան միաւոր ունեցող ընտանիքներուն կըյատկացուին ընտանեկան նպաստներ: Կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներուն աջակցութեան ծրագիրները պիտիշարունակուին: Կը քննարկուին նաեւ հասարակականկազմակերպութիւններու հետ համատեղ ծրագիրներ իրականացնելուհնարաւորութիւնները,-  այս մասին կը տեղեկացնեն  Երեւանիքաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետկապերու վարչութենէն:
Scroll Up