ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Հայաստան Ժամանած Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Middle East Airlines» ընկերութեան կողմէ Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ չուերթի բացման առիթով Հայաստան ժամանած Լիբանանի պատուիրակութիւնը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը իր խօսքին նշեց. §Սիրելի հիւրեր այս չուերթի բացումը պատմական քայլ է հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններում: Կարծում եմ, այսօր երկու կողմի համար էլ չափազանց կարեւոր է տրանսպորտային միջոցների մատչելիութիւնը: Հաշուի պէտք է առնենք, որ տարածաշրջանային խնդիրների պատճառով լիբանանեան «Middle East Airlines» -ի այս որոշումը անհրաժեշտութիւն էր Լիբանանում եւ Սիրիայում ապրող մեր հայրենակիցների համար: Նման չուերթի շահագործումը կ’օգնի նաեւ երկու երկրների տնտեսութեան, մասնաւորապէս տուրիզմի զարգացմանը»:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի արդիւնաբերութեան նախարար հայազգի Վրէժ Սապունճեանը. §Շնորհակալ եմ Ձեր անկեղծ ու ջերմ ընդունելութեան համար: Տիկին նախարար, Դուք Ձեր հերթին կը նպաստէք հայ-լիբանանեան բարիդրացիական յարաբերութիւններու զարգացման, որ ողջունելի է եւ գնահատանքի արժանի: Շնորհակալ ենք նաեւ «Middle East Airlines» ընկերութեան եւ իմ լիբանանցի գործընկերներուն` այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր համարելու եւ իրականացնելու համար»:
Ներկաներուն ողջունեց նաեւ «Middle East Airlines» ընկերութեան նախագահ Մոհամմէտ Էլ Հութը, որ մասնաւորապէս նշեց. §Լիբանանի կառավարութիւնը մեզի հնարաւորութիւն ընձեռեց 12 ուղղութիւններով չուերթներ իրականացնել, ներառեալ Հայաստանը: Պատասխանատուութիւնը մեծ է եւ մենք պէտք է աշխատինք այնպէս, որ բոլորը գոհ ըլլան: Այս չուերթով մենք կ’օգնենք այն ուղեւորներուն, որոնք դժուարութեամբ կը հասնէին Հայաստան: Առաջին չուերթի ժամանակ բոլոր ուղեւորները հայեր էին, որ ինծի համար շատ ուրախալի էր, վայրէջք կատարելուս անոնք կ’երգէին Հայաստանի օրհներգը: Հասկնալի է, որ այս որոշումը շատ աւելին էր, քան ես կը սպասէի»:
Իրենց տեսակէտները արտայայտեցին նաեւ Հայաստանի մօտ Լիբանանի Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան Մաքարոնը, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, պատգամաւորներ եւ այլ պաշտօնեաներ: