Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցը Քսանթիի Մէջ
Կիրակի՝ 12 Մայիսի առաւօտեան «Ίδρυμα �?ρακικής Τέχνης και Παράδοσης» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի քաղաքական ձեռնարկը, համակազմակերպութեամբ Ա. Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ մարզպետարանի, Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Միջ-թաղային Խորհուրդին:
Ձեռնարկը պատուեցին քաղաքի առաջնորդ Հայր Փանտէլէիմոն, «Սիրիզա»յի փոխ-նախարար պրն. Սթաթիս Եանաքիտիս, փոխ-մարզպետը, քաղաքապետը, զօրաբաժնի եւ ոստիկանութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ քաղաքական դէմքեր:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Հ. Հ. դեսպանութեան հիւպատոս տիկ. Աննա Խաչատրեան, Ա. Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչը, Թեսաղոնիկէի Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Ա. Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչները եւ բազմաթիւ յոյն եւ հայ ժողովուրդ:
Բացման խօսքը կատարեց ընկ. Վարդան Չիչէքեան, որ կարճ պատմական մը կատարելով՝ ի միջի այլոց ըսաւ, թէ Թուրքիոյ շարունակական կեցուածքը որդեգրելով՝ ազերիական կառավարութիւնը կը մերժէ ճանչնալ Արցախը եւ իբր հետեւանք կը ձեռնարկէ բռնութիւններ շրջանի հայերուն վրայ: Եզրափակելով՝ ան ըսաւ, թէ բոլոր հայերս՝ հպարտ եւ միացած՝ պիտի շարունակենք ճանաչման եւ արդարութեան խաղաղ պայքարը:
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Քսանթիի առաջնորդ Հայրը եւ փոխ-նախարարը: Հելլէն խորհրդարանի կողմէ խօսք առաւ երեսփոխան պրն. Ղրիղորիս Սթոեանիտիս, Հ.Հ. հիւպատոսը, որ կարդաց Հ.Հ. լիազօր դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի խօսքը, փոխ-մարզպետը եւ քաղաքապետը:
Այս տարի ողջոյնի խօսքով բեմ ելաւ շրջանիս երիտասարդականի անդամ Խրիսա Գելենկարիտու:
Օրուան բանախօսը՝ Փանտիօ համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց հիմնարկի տնօրէն պրն. Կոնստանդինոս Ֆիլիս «Թուրքիա, Quo Vadis.- Արտաքին քաղաքականութիւն եւ ներքին յարաբերութիւններ՝ Էրտողանի օրով» նիւթով:
Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան տիկ. Յասմիկ Բէկլարեան՝ երգ ու դաշնակ, Քսանթիի միօրեայ դպրոցի աշակերտներու մասնակցութեամբ: Անոնց կ��?ընկերակցէր կիթառի վրայ պրն. Միխալիս Խածոփուլոս:
Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ երկսեռ երգչախումբը երգեց «Հայր Մեր»ը, «Թիբի բորան»ը եւ «Մեր հայրենիք»ը:
Զ. Ա.
«Ազատ օր»