Կայացաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու Միջեւ Փոխըմբռնման Յուշագիրի Ստորագրման Արարողութիւնը
Յուլիս 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացաւ սուրիահայ երեխաներու հոգեբանական-ընկերային աջակցութեան ուղղութեամբ համագործակցութեան մասին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրման արարողութիւնը:
Յուշագիրի ստորագրման կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Մանեայ Հենրիէթ Արենսը, «World vision» միջազգային կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Այտա Առաքէլեան, «Save the children international» միջազգային կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Իրինա Սաղոյեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաճեան:
Իր խօսքին մէջ Հրանոյշ Յակոբեան դիմելով ներկաներուն` նշեց. «Շնորհակալ եմ միջազգային կառոյցներին, որ փորձում են օգնել սիրիահայ երեխաներին: Ուրախ եմ, որ բոլոր հարցադրումները փոխհամաձայնեցնում էք սիրիահայերի կենտրոնի հետ: Սփիւռքի նախարարութիւնը ակնկալում է Ձեր ակտիւ եւ մշտական մասնակցութիւնը այս ծրագրերին, որոնք վերաբերում են մեր մանուկներին, նրանց կենսական պայմաններին ու հոգեբանական, սոցիալական բարեկեցութեան խնդիրներին»:
Ներկաները իրենց հերթին շնորհակալութիւն յայտնեցին Սփիւռքի նախարարին` սուրիահայերու հիմնախնդիրները արդիւնաւէտ կերպով համակարգելու եւ անոնց լուծման նպաստելու համար:
Փոխըմբռնման յուշագիրի ծիրէն ներս պիտի շարունակուի համագործակցութիւնը` սուրիահայ երեխաներու նախադպրոցական կրթութեան ծրագիրի մշակման ու իրականացման, Կիլիկեան վարժարանի 20 սուրիահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներու ծրագիրի, սուրիահայ դպրոցահասակ երեխաներու ամառնային հանգիստի եւ այլ համատեղ ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ: