Շնորհակալագիրներու Յանձնում «Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցներուն Հիւրընկալած Ընտանիքներուն
Notice: get_currentuserinfo is deprecated since version 4.5.0! Use wp_get_current_user() instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839
Սեպտեմբեր 3-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն հիւրընկալած ընտանիքներուն շնորհակալագիրներու յանձման արարողութիւնը:
Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սարգսեան շնորհակալագիրներ յանձնեց Երեւան քաղաքի շուրջ 90 հիւրընկալ ընտանիքներու: Շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց Սփիւռքէն ժամանած երեխաներուն ընդունելու, իրենց ընտանիքներուն մէջ հիւրընկալելու, ջերմութիւն եւ սէր փոխանցելու համար:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին նաեւ նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Երեմ Սիմոնեան, նախարարի օգնական Վաղարշակ Յակոբեան եւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի ղեկավար Հայկ Ենգիբարեան:
Հիւրընկալ ընտանիքներուն շարքին էր նաեւ լեզուաբան Լաւրենտի Միրզոյեան, որ իր տունը հիւրընկալած էր հինգ մասնակից: Ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան եւ յոյս յայտնեց, որ այս ծրագիրը շարունակական բնոյթ կը կրէ:
«Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը մեկնարկած էր օգոստոս 10- էն 24, որմէ տաս օրը երեխաները ապրեցան հիւրընկալ ընտանիքներու մէջ, իսկ մնացած երեք օրը անցուցին ճամբարի մէջ: Ծրագիրին կը մասնակցէին Սփիւռքէն ժամանած 13-21 տարեկան պատանիներ եւ աղջիկներ:


Արևելահայերեն
Русский
English










