Բաբգէն Տէր Գրիգորեան Այցելեց Հայաստանի Մխիթարեան Կեդրոն
Notice: get_currentuserinfo is deprecated since version 4.5.0! Use wp_get_current_user() instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839
Ապրիլ 15-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան այցելեց Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոն: Դեռեւս անցած շաբաթ նախարարի պաշտօնակատարն ընդունեց կեդրոնի տնօրինութիւնը, քննարկուեցան առկայ խնդիրներն ու լուծման ճանապարհները, Տէր Գրիգորեան կեդրոն այցելութեան հրաւէր ստացաւ:
Այսօր արդէն նախարարի պաշտօնակատարը շրջայց կատարեց Ժառանգաւորաց դպրոցին մէջ, կեդրոնի մատուռին եւ գրադարանին մէջ, ականատես եղաւ դասընթացքին, կարճ զրոյցներ ունեցաւ սաներուն հետ, դպրոցի գրադարանին գիրքեր նուիրեց:
Այնուհետեւ դպրոցի սաները հիւրերուն ներկայացուցին փոքրիկ ծրագիր մը, ասմունքեցին, հանդէս եկան պարային եւ դաշնամուրային կատարումներով:
Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրի համար` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նշեց. «Այն, ինչ տեսայ այստեղ, շատ ուրախացուց ինծի: Ես ալ տարիներ առաջ եղած եմ Մխիթարեան դպրոցի սան, եւ ոգեւորիչ է, որ նոյն աւանդոյթները, դաստիարակութիւնը կը շարունակուին հայրենի հողին վրայ: Վստահաբար մենք մեր համագործակցութիւնը կը շարունակենք»:
Այցի ծիրէն ներս նախարարի պաշտօնակատարը հանդիպեցաւ նաեւ կեդրոնին մէջ գտնուող Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան միաբան, գերաշնորհ հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանի եւ աւստրալահայ գործիչ Արա Քաթիպեանի հետ: Զրոյցը ծաւալեցաւ միաբանութեան կողմէ ձեռնարկուած Հայոց ցեղասպանութեան նախորդած եւ յաջորդած ժամանակաշրջաններուն ամերիկեան մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն առնչուող 10 հատորանոց անգլերէն մատենաշարի հրատարկութեան շուրջ, որ կ՛ընդգրկէ վեց առաջատար ամերիկեան թերթերը` «The New York Times», «The Boston Daily Globe», «The Chicago Tribune», «The Christian Science Monitor», «The Los Angeles Times» եւ «The Washington Post»-ը: Մատենաշարին մէկ մասն արդէն հրատարակուած է, հատորներուն մէջ ներկայացուած 2666 յօդուածներուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի 1894-1896 թթ․ համիտեան կոտորածներուն, Ատանայի կոտորածին, Հայոց ցեղասպանութեան եւ այդ կոտորածներու անմիջական հետեւանքներուն:


Արևելահայերեն
Русский
English

















