Մեկնարկեց «Սփյուռք ամառային դպրոց»-2013թ ծրագիրը

Յուլիս 9-ին Ծաղկաձորի երիտասարդական կեդրոնին մէջ կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց» 2013թ ծրագիրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը:
Ողջունելով ծրագիրի մասնակիցներուն` նախարար Հ. Յակոբեան ներկայացուց «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրը` կարեւոր համարելով մայրենիի արագացուած դասընթացներու մասնակցութիւնը. «Աշխարհի բոլոր ծայրերում հայի շուրթերից պէտք է հնչի հայերէնը: Հայերէն խօսելով պէտք է պահպանենք մայրենին եւ փոխանցենք սերունդներին»:
«Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրը կ’իրականացուի 5 ուղղութիւներով` Հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներ, որոնք կը տեւեն յուլիս 8-էն օգոստոս 2, Սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներ (յուլիս 15 – օգոստոս 2), Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացք (յուլիս 22 – օգոստոս 2), Սփիւռքի լրագրողներու դասընթացք (յուլիս 22 – օգոստոս 2), Ազգային երգի ու պարի դասընթացք ( յուլիս 24 – օգոստոս 2):
Դասընթացները կ’իրականացուին հայերէնով, կը դասաւանդեն Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի յայտնի լեզուաբան-մանկավարժներ: Մայրենիի ուսուցման ընթացքին կը զուգակցուին տեսական-գործնական դասընթացներ, հետեւողները տարբեր միջավայրերու մէջ մայրենի լեզուով հաղորդակցուելու հնարաւորութիւն կ’ունենան:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցը, որ հայերէնի ուսուցման եւ Սփիւռքի մասնագէտներու վերապատրաստման ծրագիր է, արդէն երկրորդ տարին է որ տեղի կ’ունենայ: 2013թ ծրագիրին կը մասնակցի 210 սփիւռքահայ աշխարհի աւելի քան 25 երկրէ:
Դասընթացներու մասնակիցներուն համար կը կազմակերպուին նաեւ մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններ Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ պետական, հասարակական, մշակոյթի գործիչներու հետ, քննարկումներ, կլոր սեղաններ եւ այլն: