Իրաւաբաններու Համահայկական Երկրորդ Համաժողովը Ամփոփեց Իր Աշխատանքները

ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ Յուլիս 6-ին իր աշխատանքը շարունակեց «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով իրաւաբաններու համահայկական երկրորդ համաժողովը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Սփիւռքի մէջ ձեւաւորուած տարածաշրջանային յանձնախումբերու գործունէութեան իրաւական հարցերու քննարկման:

Զեկոյցով հանդէս եկան ՀՀ սահմանադրական դատարանի խորհրդական, Սահմանադրական իրաւունքի կեդրոնի նախագահ Գէորգ Դանիէլեան, ՀՀ արդարադատութան նախարարի տեղակալ Եղիշէ Կիրակոսեան, «Արեւմտահայերու ազգային քոնկրէս»-ի նախագահ, միջազգային իրաւունքի փորձագէտ ֆրանսահայ Սուրէն Սէրայտարեան, միջազգային իրաւունքի փրոֆէսոր արժանթինահայ Ռոպերթօ Մալխասեան, իրանահայ իրաւաբան Ռիթա Աւետիսեան, Ռուսաստանը ներկայացնող իրաւաբաններ Կարէն Ներսիսեան, Սիմոն Ծատուրեան եւ ոլորտի այլ մասնագէտներ:

Քննարկուեցան ցեղասպանութեան ենթարկուածներու ժառանգներու գոյքային փոխհատուցման վերաբերեալ դատական ատեաններ անհատական եւ խմբակային կարգով հայցադիմումներ ներկայացնելու, իրաւայաջորդութեան եւ պահանջատիրութեան ներկայացման այլ հարցեր:

Ամփոփելով համաժողովի աշխատանքները` ՀՀ սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը յայտարարեց, որ պիտի ձեւաւորուի յատուկ յանձնախումբ` Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրներու իրաւական թղթածրարը ամբողջականացնելու նպատակով:

Համաժողովը ընդունեց յայտարարութիւն, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

ընդունուած

«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Ընդառաջ» Իրաւաբաններու Համահայկական Երկրորդ Համաժողովի Մասնակիցներու Կողմէ

 

Կարեւորելով աշխարհասփիւռ հայ իրաւաբաններու ներուժի ուղղորդման անհրաժեշտութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ,

արձագանքելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի կոչին,

ողջունելով  Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսներու 2013թ. ապրիլ 24-ի համատեղ յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման, հետեւանքներու յաղթահարման, հայկական եկեղեցիները, վանքերը, եկեղեցապատկան կալուածները եւ հոգեւոր-մշակութային արժէքները իրաւատիրոջը վերադարձնելու մասին,

արժեւորելով ցեղասպանութիւններու հիմնախնդիրներու վերաբերեալ հայ եւ օտար իրաւաբաններու մինչ օրս կատարած աշխատանքները,

քննարկելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման հիմնախնդիրները միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս,

Իրաւաբաններու համահայկական երկրորդ համաժողովի մասնակիցներս` դիմելով բոլոր հայ իրաւաբաններուն, ցեղասպանութիւններու հիմնախնդիրներով զբաղող միջազգային իրաւունքի օտարազգի մասնագէտներուն:

 

 Կը Յայտարարենք՝

  1. Հայ իրաւաբաններու առաջնահերթ խնդիրը կը համարենք ոչ թէ Ցեղասպանութեան ակնյայտ իրողութեան փաստումը, այլ հետեւանքներու յաղթահարման առումով իրաւական հիմնաւոր ու ամբողջական թղթածրարի պատրաստումը` համաժողովին մէջ ներկայացուած մօտեցումներու, առկայ հետազօտութիւններու եւ փաստաթուղթերու, միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ,
  2. իրաւական հիմնախնդիրներու ծիրէն ներս պիտի համագործակցինք ՀՀ Նախագահի գլխաւորութեամբ գործող Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի եւ Սփիւռքի մէջ  գործող յանձնախումբերու հետ,
  3. Պիտի ստեղծենք յատուկ յանձնախումբ Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրներու իրաւական թղթածրարը ամբողջականացնելու համար:

Իրաւաբաններու համահայկական խորհրդաժողով

ՀՀ սահմանադրական իրաւունքի կեդրոն

ՀՀ իրաւաբաններու միութիւն

Scroll Up