Կոնսալօ Էրնանտէս Կուարչը Ապրիլին ԱՄՆ-ի մէջ կը հրատարակէ Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Հայկական կտակ» գիրքը
Սպանացի Կոնսալօ Էրնանտէս Կուարչը կը պատրաստուի ԱՄՆ-ի մէջ հրապարակել «Հայկական կտակ» գիրքը: Նոյն գիրքը, վերջերս հրապարկուած է Փարիզի մէջ` Thaddռe հրատարակչութեան կողմէ: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօր»-ի` կը յայտնէ elalmeria.es կայքը:
Կոնսալօ Կուարչի «Սպիտակ լեռը» գիրքը, որ խմբագրուած է Երեւանի պետական համալսարանի կողմէ, եւս պիտի հրատարակուի Ապրիլին: Մայիս մէկին Էրնանտէս Կուարչը կը մասնակցի ֆրանսերէնով հրատարակուած գիրքի շնորհանդէսին Ժնեւի մէջ:
«Հայկական կտակ» պատմավէպը, որ կը պատմէ 1915-ի Ցեղասպանութեան շարժառիթներու եւ իրադարձութիւններու ականատեսներու վերապրումներուն մասին, Սպանիոյ մէջ հրատարակուած է 2006-ին: Գիրքը մինչ օրս հրատարկուած է նաեւ ռուսերէնով:
Այս վէպը կը կազմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին եռապատման մէկ մասը: Կոնսալօ Կուարչ հեղինակած է նաեւ «Հայկական ծառ» եւ «Սպիտակ լեռ» գիրքերը: