Հայերու ջարդերու մասին արաբերէն առաջին փաստավաւերագրական ֆիլմը (տեսանիւթ)

“Հայերն Այսօր”-ի տեղեկացմամբ, linga.org կը գրե.

Եգիպտահայ բեմադրիչ Շահէն Մազլումեան իր վաւերագրական ֆիլմին մէջ ներառած է բացառիկ նկարներ եւ տեսանիւթեր, որ կը բացայայտէ այն սարսափելի ջարդերը , որոնք կատարուեցան թուրքերու կողմէ հայերուն հանդէպ:

Ֆիլմին մէջ կը յիշուի, որ չնայած Թուրքիոյ դատարանի վճիռը  ցեղասպանութեան պատասխանատու անձանց նկատմամբ, սակայն Թուրքիոյ  հանրապետութեան հիմնադիր Քամալ Աթաթուրք մերժեց ստորագրելու զայն եւ ներում շնորհեց անոնց:

Ֆիլմը , որ կը տեւէ 20 վայրկեան առաջին փաստավաւերագրական ֆիլմն է արաբերէն լեզուով , այնտեղ կը նկարագրուին յղի կանանց նկատմամբ կատարուած   սարսափելի արարքները  եւ թուրք զինուորներու բռնաբարումները հայ կանանց եւ նոյնիսկ գլխատումները: Մազլումեանի խօսքով,  «Այսօր եւս այս արարքները ծայրահեղականներու կողմէ կը գործադրուին անմեղ զոհերու հանդէպ»:

Scroll Up