Կը Մեկնարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Յատուկ Ծրագիր

Յունիս 23-ին` ժամը 11:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ կը մեկնարկէ «Ֆրեսկօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր շարժանկարներու միջազգային առաջին փառատօնի «ճշմարտութեան յուշարձան» խորագիրով յատուկ ծրագիր` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Ձեռնարկին կը  մասնակցի նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան: Պաշտօնական ելոյթներէ ետք` ժամը 11:30-ին, կը ցուցադրուի «Հոգիներու աճուրդ» (երկրորդ անունը` «Աւրորա») հոլիուուտեան ժապաւէնը` հայերու ցեղասպանութեան մասին նկարահանուած առաջին շարժանկարը:

Բեմադրիչ Օսկար Ափֆելի շարժանկարը  առաջին անգամ ցուցադրուած է 1919-ի փետրուար 16-ին Նիւ Եորքի «Պլազա» հիւրանոցին մէջ: Շարժանկարը նկարահանուած է Հայոց ցեղասպանութեան ականատես չմշկածագցի Արշալոյս Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» փաստագրական յուշագրութեան հիման վրայ: Գլխաւոր դերակատարն ինքը` Արշալոյս Մարտիկանեանն է: Շարժանկարէն պահպանուած է շուրջ 24 վայրկեաննոց ժապաւէն, որ, հեղինակային իրաւունքը տնօրինողներու համաձայնութեամբ, փառատօնին  տրամադրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:

Կինոդիտման կը յաջորդէ հանդիպում-քննարկում փառատօնի յատուկ հիւրերէն մէկուն` Հայր Յովհաննէսի (Ջովաննի Գուայտա) հետ: Ռուսական ուղղափառ եկեղեցւոյ քահանան իտալացի պատմաբան, աստուածաբան եւ գրող է, որ հայերու մասին երեք աշխատութիւններու, ինչպէս նաեւ 2005-ին Մոսկուայի մէջ լոյս  տեսած է «ճիչ Արարատէն: Արմին Վէգները եւ հայերու ցեղասպանութիւնը» գիրքի հեղինակն է:

հանդիպման ընթացքին Ջովաննի Գուայտան ոչ միայն կը խօսի հայերուն նուիրուած իր արդէն հրատարակուած աշխատութիւններուն մասին, այլեւ կը պատմէ իր նոր գիրքին մասին, որուն վրայ կ’աշխատի այս օրերուն:

Հանդիպումէն ետք  կը ցուցադրուի «Աուշուիտցն իմ ուսուցիչն է» 52 վայրկեաննոց իտալական շաժանկարը: Տեղեկացնենք, որ յատուկ ծրագիրի ծիրէն ներս պիտի ցուցադրուին Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոստի մասին պատմող 7 ժապաւէն Իսրայէլէն, Հայաստանէն եւ Իտալիայէն: Նշուած ժապաւէններէն մրցութային ծրագիրին ընդգրկուած են միայն երկուքը:

Scroll Up