Փարիզի Կավօ համերգասրահի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգ
Ապրիլ 25-ին Փարիզի հանրայայտ Կավօ դահլիճի մէջ կը կայանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի երեկոյ: Նախաձեռնողը ֆրանսահայ հանրածանօթ օփերային երգիչ, Պաս-Պարիտոն Ադամ Բարրոնն է (նոյն ինքը Մուրատ Ամիրխանեանը):
“Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս “100 համերգ Հայաստանի համար” խորագիրով համերգային ծրագրի ընթացքին Մոցարտի, Վերդիի, Բելլինիի կողքին պիտի հնչէ հայկական երգը: Հանդէս կու գան ֆրանսացի բարձրակարգ երգիչ-երգչուհիներ, որոնք մաքրամաքուր հայերէնով պիտի ներկայացնեն Կոմիտասի “Կռունկ, ուստի կուգաս”-ը` Ֆաննի Քրուէի մեկնաբանութեամբ, Կոմիտասի “Գարուն ա” ստեղծագործութիւնը` Ջուլիա Քնեքտի մեկնաբանութեամբ, որ արդէն կ’երազէ երգել նաեւ Հայաստանի մէջ: Աշխարհահռչակ ջութակահարուհի Հիլդեգարդ Ֆեզնոն առաջին անգամ պիտի մեկնաբանէ Կոմիտասի “Ծիրանի ծառ”-ը: Իտալացի դաշնակահար Դաւիտ Պերրոնը տիեզերական “Կապով, սրտի թրթիռով”, ինչպէս ինք արտայայտուած է փորձերէն մէկուն ժամանակ, առաջին անգամ պիտի ներկայացնէ Պապաճանեանի “էլեգիա”-ն,-“Հայերն Այսօր”-ի հետ զրոյցին ըսաւ Ադամ Բարրոն ու շարունակեց,-տաղանդաւոր դերասանուհի եւ արձակագիր Անահիտ Թօփչեանի մեկնաբանութեամբ Փարիզի մէջ առաջին անգամ պիտի հնչէ Պարոյր Սեւակի “Անլռելի զանգակատուն”-ը` “Տլէ եաման”-ի տուտուկի հնչիւններու ներքոյ: Իսկ “Անլռելի զանգակատուն”-ը` ֆրանսերէն թարգմանութեամբ, դարձեալ առաջին անգամ կը ներկայացնէ ֆրանսացի ասմունքող Ֆրեդերիկ դը Վեղուիլը”:
Կավօ դահլիճի մէջ առաջին անգամ զուգերգ տարբերակով պիտի հնչէ Մարտիկի երգը` Ռեմի Պուլակիսի եւ Ադամ Բարրոյի մեկնաբանութեամբ՝ քնարի նուագակցութեամբ, զոր կը կատարէ Իրիս Թորոսեանը: Առաջին անգամ ֆրանսացի հանդիսատեսի դատին պիտի յանձնուի “Մայր Արաքսի ափերովէ ստեղծագործութիւնը` ֆրանսերէնով: Առաջին անգամ Ադամ Բարրոն պիտի ներկայացնէ Արմէն Տիգրանեանի Դաւիթ Բեկ”-ը, ինչպէս նաեւ Էդուարդ Աբրահամեանի “Արարատ”-ը:
Համերգի սկիզբը պիտի ազդարարեն երկու երգչուհիներ` մոմերը իրենց ձեռքերուն մէջ: Առաջին անգամ պիտի մեկնաբանուի Բաբաջանեանի “Ոկալիզ”-ը` վառ պահելով անմեղ զոհերու յիշատակը:
“Այս բացառիկ համերգը կը նուիրուի Հայոց ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր զոհի յիշատակին` երեխայ, կին, տարէց, ուսուցիչ, պոէտ, վանական, մշակ, գիւղացի, վաճառական, փաստաբան, բժիշկ, ինժեներ: Բազմաթիւ արուեստագէտներ որոշած են հաւաքուիլ Կավոյի բեմին` կատարելու օփերային հանրաճանաչ արիաներ եւ հայկական երգեր` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու:
Այս իւրօրինակ համերգը կ’եզրափակուի եւս մէկ պատմական ստեղծագործութեամբ: Համերգին մասնակից երգիչները հայերէն կը կատարեն Յովհաննէս Թումանեանի խօսքերով գրուած Ալեքսանդր Յարութիւնեանի “Հայրենիքիս հետ” ստեղծագործութիւնը` զայն եզրափակելով` Յոյսի Հայրենիք, Լոյսի Հայրենիք բառերով”,- իր խօսքը եզրափակեց Ադամ Բարրոն: