Տիգրան Համասեան հայկական երգչախումբի ընկերակցութեամբ համերգ պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ

Ապրիլ 18-ին, ժամը 20:30-ին Ֆրանսայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տիգրան Համասեանի համերգը` ընկերակցութեամբ հայկական երգչախումբի ութ անդամներու: Համերգին պիտի հնչէ հայկական հոգեւոր երաժշտութիւն: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Տիգրան Համասեանը իւրայատուկ աղօթք պիտի ուղղէ հայ նահատակներու յիշատակին:

Ոգեշնչուած 5-19-րդ դարերու հայկական հոգեւոր երաժշութենէն` Տիգրան Համասեան, դաշնամուրը եւ ձայնը համադրելով, պիտի կատարէ Մեսրոպ Մաշտոցի, Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի, Մխիթար Այրիւանեցիի, Խաչատուր Տարոնցիի, Մակար Եկմալեանի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:

Ծրագրի հիմնական նպատակն է շարունակել հնչեցնել այդ հսկաներու սուրբ եւ նշանաւոր ստեղծագործութիւնները եւ մեր գոհունակութիւնը յայտնել հայկական հոգեւոր երգերու հայրերուն:

 

Scroll Up