«Տարտանիլէն մինչեւ Պաղեստին» Սարգիս Թորոսեան հայ զինուորի պատմութիւնը:

«Ալհայաթ» թերթին մէջ լոյս տեսած է յօդուած մը «Տարտանիլէն մինչեւ Պաղեստին» վէպին շուրջ, ուր կ’ըսէ թէ Սարգիս Թորոսեան, որ ծնած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ, գերազանց զինուոր մըն էր,  որ աւարտած էր ռազմական քոլեճը եւ բարձր ուսում ստացած Գերմանիոյ մէջ:  Ան ծառայած է բանակին լիարժէք կերպով, ուր վաստակած է մեծ  համբաւ, ան համետ կերպով պաշտպանած եւ ամրապենդած է իր երկրի շահերը :

Գիրքը նոր լոյս տեսած է եւ թարգմանուած արաբերէն «Ռիատ Ալրայիս»  հրատրակչութեան կողմէ:

Գիրքը ներկայացուցած է Ժոզէֆ Քէշիշեան, թարգմանութիւնը` Ապտուլ Ռահման Այասին, թրքերէն թարգմանութիւնը կատարած է Պելճի համալսարանի դասախօս թուրք պատմագիր Իհան Աքթար 2012թ.ին:

Գիրքին մէջ յստակ է, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ բոլորովին ջնջուած է Թորոսեան անունը եւ անոր տարած յաղթանակները Կալիպոլիի ռազմաճակատին վրայ, երբ թշնամիներու մեծ ռազմանաւեր կործանած են անոր շնորհիւ:

Գիրքին արաբերէն հրատարակութիւնը կը համընկնի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ձեռնարկներուն հետ:

Թորոսեան իր գիրքին մէջ , յիշած է Արեւելքի գեղատեսիլ պատկերները,   ինչպէս նաեւ պատերազմն ու սպառնալիքները:

Քէշիշեան գիրքի յառաջաբանին մէջ Սարգիսին կը կոչէ «Արաբներու Թորոսեանը» նշելով նաեւ արաբ ազգի դերը հայ ժողովուդրի բնաջնջման արհաւիրքէն փրկելու գործին մէջ:  «Հայ ժողովուրդը գոյատեւեց շնորհիւ արաբ ժողովուրդին,  անոնց  առաքինի կեցուածքով` թոյլատրելով  հայ ժողովուրդին  կատարելու իրենց կրօնական եւ ազգային աւանդոյթները, շնորհելով բոլոր մարդկային իրաւունքները, որոնք զրկուած էին կատարելու իրենց պապենական հողերուն վրայ»:

Թարգմանութիւնը՝ «Հայերն այսօրի»

Scroll Up