Մայրս Կ’ըսէր, որ Իր Ծննդեան Օրը Ապրիլ 24-ին է. Արաքս Մասնսուրեան
Հայց Ցեղասպանութիւնը ապրած ծնողներու ժառանգ, յայտնի օփերային երգչուհի Արաքս Մանսուրեան ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը պատմէ.
“Մեր՝ չորս զաւակներուս՝ Տիգրանի, Մհերի, Սոնայի եւ իմ ծնողներս՝ մայրս Աննա Փամպուքեան եւ հայրս Եղիա Մանսուրեան, 1915 թուականի սարսափը ապրած որբեր եղած են……Մայրս յաճախ երեխաներուս՝ Շուշանին եւ Մարիամին, կը պատմէր որբանոցի մէջ ապրած իր տարիներուն մասին… Կը յիշէր, ինչպէս գաղթի ճանապարհին Սիմա մօր, Մարգարիտ քրոջ եւ Յովսէփ եղբօր հետ կը քալէին, մայրը ցոյց կու տար երկաթեայ դառպաս մը եւ կ’ըսէր, որ թուրքերը անոնց հայրը այրած են այդ դրան ետեւ, շատ մը հայերու հետ: Կը պատմէր նաեւ, թէ ինչպէս Սիմա մայրն ու քոյրը՝ Մարգարիտը, կը մահանան ճանապարհին, միայն եղբայրը ձեւով մը կը փրկուի ու կը հասնի Պրազիլ… Մայրս այլեւս չտեսաւ եղբօրը…
“Որքան կը յիշեմ, մայրս երեք տարեկան եղած է …. Ան մեծցած է Սուրիոյ Համա քաղաքի որբանոցին մէջ… Հայրիկիս մասին չեմ կրնար բան ըսել, որովհետեւ ան երբ կեանքէն հեռացաւ ես 12 տարեկան էի …
“Հայաստանի մէջ, ամէն Ապրիլ 24-ի մայրս փոքրիկ Շուշանիս եւ Մարիամիս ձեռքերը իր ափերուն մէջ դնելով կը քալէր դէպի Եղեռնի յուշարձան… մենք չորս զաւակներս գիտէինք, որ մօրս ծննդեան օրը անորոշ է, այդ պատճառով ինք կ’ըսէր, որ Ապրիլ 24-ին ծնած է…”