Ֆրանսահայերու Նախաձեռնութեան Պէտք Է Արձագանքել

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները որոշում  կայացուցած են ամէն ինչ ընել, որպէսզի Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունի Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին յօդուածը, իսկ նախագահ Օլանտը վաւերացնէ այն: Յատկապէս ֆրանսահայերը շահագրգիռ դարձած են նախագահ Օլանտի Թուրքիա կատարած պատմական այցի ծիրէն ներս` այսպէս ձգտելով կասեցնել ցանկացած զարգացում, որ կրնայ խոչընդոտել օրէնքի ընդունման:

 Յիշենք, որ նախագահ Սարքոզին կը քաջալերէր հայ համայնքին, խոստանալով կատարել իր պարտաւորուածութիւնը, որուն արդիւնքով ալ Ազգային ժողովն ընդունեց համապատասխան օրէնք, որ, սակայն, գործողութեան մէջ չմտաւ, քանզի Սահմանադիր ժողովը չճանչցաւ անոր օրինականութիւնը…

Յետադարձ հայեացք յառելով արդէն պատմութիւն դարձող իրադարձութիւններուն` կրնանք ըսել, որ տեղի ունեցան որոշ «խաղեր», որոնք պայմանաւորուած էին  շարք մը գործօններով եւ մասնաւորաբար` Նիկոլա Սարքոզիի միտումնաւոր յապաղումներով: Նախագահ Օլանտն իր իշխանութեան առաջին օրերէն խոստումներ տուաւ, որ անպայմանօրէն այդ խնդիրը կը ներառուի իր գործունէութեան մէջ, եւ ինքն ամէն ինչ կ’ընէ` օրինագիծը վաւերացնելու համար: Սակայն հէնց Օլանտն ալ տեւական ժամանակ կը յապաղէր` այս ընթացքը, ի զարմանս շատերուն, ջանքեր գործադրելով Թուրքիոյ եւրոանդամակցութեան հարցին… Բնականաբար, Ֆրանսայի համար, Ցեղասպանութենէն զատ, կան ու առկայ են սեփական շահերն ու խնդիրները, որոնց տրամաբանութեամբ ալ գործեց Սարքոզին, եւ որոնք չմոռցուեցան Օլանտի կողմէ: Այս առումով  անչափ հետաքրքիր կը դառնայ Օլանտի այցը Թուրքիա, որ շատերը պատմական հռչակեցին, քանզի մի քանի տասնամեակ Ֆրանսայի կառավարիչները ոտք չէին դրած թրքական հողին, իսկ վերջին տարիներուն նկատելի էր Թուրքիա-ֆրանսա խուլ դիմակայութիւնը, քանի որ Ֆրանսան ընդունած էր Օրէնք Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին:

Օլանտ Թուրքիոյ կոչ ըրաւ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, ինչ որ ոգեւորութիւն յառաջացուց յատկապէս ֆրանսահայերու մօտ, որոնք արդէն տեւական ժամանակ ջանադրաբար կը պայքարին իրենց պահանջներու կատարման համար: Այս պահանջները միայն ֆրանսահայութեանը չեն, այլ աշխարհի բոլոր հայերուն, որովհետեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ազգային առաջնահերթութիւններէն մէկն է:

Թուրքիոյ մէջ Օլանտի ըրած յայտարարութիւնը, սակայն,  որքան ոգեւորող, նոյնքան ալ մտահոգիչ է: Մտահոգիչ, որովհետեւ Ֆրանսայի նախագահն Անգարա  մեկնած էր Թուրքիա-Ֆրանսա տնտեսական յարաբերութիւններու բարելաւման, նոր համագործակցութեան ձեւաւորման համար: Բնականաբար, այս հանգամանքն ալ կրնայ խոչընդոտ դառնալ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի ընդունման ճանապարհին: Չի կրնար երկրի նախագահը պայմանագիրներ ստորագրել համագործակցութեան մասին, իսկ յետոյ ընդունել  օրէնք մը, որու դէմ կը պայքարի Թուրքիան, որ մէկ քայլով ալ կը մօտեցնէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հանգրուանին: Հետեւաբար, ժամանակն է աշխարհի մէջ ոչինչ չբացառել, չենք կրնար ապրիլ լիակատար հանգստութեան մէջ, չենք կրնար համոզուած ըլլալ, որ Օլանտն ու անոր կառավարութիւնը չեն երկնցներ խնդիրը, խուսափողական դիրք չեն ընդուներ: Նման մտավախութիւնը ծնունդ է մեր պատմական փորձին, մեր շուրջ կատարուող իրադարձութիւններուն: Յիշենք ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամային, որ մինչ նախագահական իր ելոյթներուն կը դատապարտէր Ցեղասպանութիւնը, ճանչնալու ուղղուած խոստումներ տալով, մինչդեռ ստանձնելով ԱՄՆ նախագահի պաշտօնը` ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի հեռանայ իր խոստումներէն: Պատճառները հասկնալի են, ըմբռնելի: Մեծ տէրութիւնները կ’առաջնորդուին իրենց հայեցակարգերով, իրենց սկզբունքներով: Հետեւաբար, պէտք է համակողմանիօրէն քննարկել ամէն մէկ երկրի դիրքորոշումներն ու հայեցադրոյթները եւ առաջ երթալ` մշակելով ուրոյն ծրագիրներ եւ քայլեր:

Այսօր ֆրանսահայերը, ժամանակի ու պատմութեան փորձը հաշուի առնելով, իրենց վճռականութիւնը կը յայտնեն` պայքարելու յանուն այն բանի, որ Ֆրանսան ընդունի խոստացուած օրէնքը: Սակայն այս հարցով պէտք չէ ֆրանսահայերուն ձգել մենակ, պէտք չէ սպասողական կեցուածք ընդունիլ: Անհրաժեշտ է, որ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ջանքեր գործադրուին քարոզչական աշխատանքներու ընդլայնման, պայքարին ծաւալուն բնոյթ հաղորդելու համար: Սփիւռքն այսօր ունի բոլոր անհրաժեշտ գործիքները` հարցի լուծման հասնելու համար: Օտարալեզու մամուլը, ազգային եւ քաղաքական կազմակերպութիւնները այն հանգրուաններն են, որոնց միջոցով առաւել դիւրին կը դառնայ պահանջներու հանրայնացումն ու խնդիրի կարգաւորումը:

Ուրեմն, իսկապէս պատմական պահին չի կարելի  ֆրանսահայերուն մենակ ձգել: Պէտք է արձագանքել նախաձեռնութեան ու միանալ:

Լեւոն Մութաֆեան

Scroll Up