Նոր Հրատարակութիւն. «Նեղութիւն Պատճառող Ցեղասպանութիւն Մը. Այսօր Ո՞վ Կը Յիշէ Հայերը»

Ա. Համաշխարհային պատերազմի շուրջ մնացած ամէնէն վիճելի հարցումը` «Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի ունեցա՞ծ է» սուր կերպով պիտի հնչէ, երբ 24 ապրիլ 2015-ին հայերը աշխարհի տարածքին նշեն օսմանեան թուրք կառավարութեան ձեռքով 1,5 միլիոն հայերու սպանութեան 100-ամեակը: Թուրքիա կը շարունակէ հերքել, թէ այդպիսի բան տեղի ունեցած է, իսկ եթէ տեղի ունեցած է, ապա անիկա արդարացուած էր:
Այս մէկը միջազգային կարեւոր հարցի մը վերածուած է: Աշխարհի տարբեր երկիրներու քսան խորհրդարաններ ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, սակայն Մեծն Բրիտանիա երկդիմի քաղաքականութիւն կը վարէ այս հարցին նկատմամբ: Աւստրալիոյ մէջ երեք նահանգային կառավարութիւններ ճանչցան Ցեղասպանութիւնը (հակառակ Կալիփոլիի ոգեկոչումին երեսփոխաններու մասնակցութիւնը արգիլելու սպառնալիքներու), սակայն Ապպոթի կառավարութիւնը թուրքերուն ըսած է, որ Աւստրալիան Ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար:
Ճէոֆրի Ռապըրթսըն (թագուհիի խորհրդական) այս մտայնութիւնը կ՛ատէ: Անոր «Նեղութիւն պատճառող ցեղասպանութիւն մը. այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերը» գիրքը հաստատ կերպով կը փաստէ, որ 1915-ի ահաւոր դէպքերը, որուն ականատես եղած են պատերազմին գերեվարուած աւստրալիացի զինուորները, մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է, որ այսօր ծանօթ է իբրեւ ցեղասպանութիւն: Ան այս գիրքին մէջ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս ժողովրդավարական երկիրներ կրնան ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարիլ` առանց խօսքի ազատութիւնը մերժելու, եւ մեծ նպաստ բերել բոլոր ոճիրներու յոռեգոյնը հասկնալուն եւ կանխարգիլելուն: Ռապըրթսըն կը դատապարտէ, Սրի Լանքայէն մինչեւ Սուտան, հին Անատոլուէն մինչեւ արդի Կազա, բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն մանուկներու եւ քաղաքացիներու զանգուածային սպանդը արդարացնել յանուն ռազմական կարիքի:
Ճէոֆրի Ռապըրթսըն մարդկային իրաւանց փաստաբան մըն է եւ ՄԱԿ-ի մէջ պատերազմական ոճիրներու դատաւոր մը: Ան մասնակից էր զօրավար Փինոշէին եւ Հէյսթինկզ Պանտայի դատավարութեանց, ինչպէս նաեւ` Սատտամ Հիւսէյնը դատած դատաւորներու մարզումին: Անոր «Մարդկութեան դէմ ոճիրներ» գիրքը ներշնչած է համաշխարհային արդարութեան շարժումը, ան նաեւ հեղինակն է մեծ գնահատանքի արժանացած «Արդարութեան խաղը» յուշերուն եւ «Լրատուամիջոցներու օրէնք» դասագիրքին: Ռապըրթսըն Լոնտոնի համալսարանի Քուին Մերի քոլեճի այցելու դասախօս է: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթը: