Նանսին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Ընդառաջ

Հայոց Ցեղասանութեան մասին թուրք ռեժիսոր Ֆաթիհ Ակինի The Cut ֆիլմը Փետրուար 1-ին ցուցադրուեցաւ Նանսի քաղաքի Կամէօ ցուցասրահի մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Լուսինէ Տէրտրեանը՝ Նանսիի հայ համայնքէն:

2012-էն սկսեալ, The Cut-ը արդէն երրորդ ֆիլմն է Ցեղասպանութեան մասին, որ կը ցուցադրուի ֆրանսական հիւսիս-արեւելեան այս քաղաքի մէջ: Նախաձեռնութեան հեղինակն ու իրականացնողը Նանսիի նորաստեղծ համայնքն է: Ինչպէս նշեց համայնքի ղեկավար Արթուր Աւետեան, առաջինն իտալացի Տաւիանի եղբայրներու հեղինակած «Արտոյտներու ագարակն» էր, իսկ 2013-ին ցուցադրուած է Անրի Վերնոյի «Մայրիկ»-ը. այս ցուցադրութեան մասնակցած է նաեւ Աբգարը մարմնաւորած Ժակի Ներսիսեանը:

Նշենք, որ The Cut-ի ցուցադրութիւնը բաւական բազմամարդ էր, եւ ներկայ էին ոչ միայն հայեր, այլեւ՝ ֆրանսացիներ, ովքեր այնքան հետաքրքրուած էին Ցեղասպանութեան խնդիրով, որ ոչ միայն ֆիլմը դիտելու եկած էին, այլեւ՝ մասնակցեցան վերջինիս յաջորդած, համայնքի կողմէն կազմակերպուած քննարկման: Քննարկումը անցաւ բաւական բուռն ու հետաքրքրական: Ինչպէս նշեց Ա. Աւետեան, առաւել կարեւոր է հետաքրքրել ֆրանսիացներն ու անոնց տեղեկացնել Հայոց Ցեղասպանութան խնդրին, քանի որ ի տարբերութիւն Ֆրանսայի հայաշատ այլ քաղաքներու՝ Նանսիի մէջ ֆրանսիցիները մեր պատմութեան այս սեւ էջին բաւարար ծանօթ չեն: Ցեղասպաութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, Ա. Աւետեանի հաւաստիացումով, կը նախապատրաստուին շարք մը այլ ձեռնարկներ եւս, սակայն մինչեւ վերջ չակերտները չբացաւ…

Scroll Up