Անթոնիօ Սարաֆեան. ««Արուեստը չի լռեր» գիրքը եւս պիտի աղաղակէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստին մասին…»

  Արժանթինի  հայ համայնքը կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս տարբեր ձեռնարկներու իրականացումը:

   Հերթական ձեռնարկներէն մէկը կեանքի կոչուած է ՀԲԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի ջանքերով, որուն մասին տեղեկութիւնները «Հայերն այսօրին» հեռախօսազրոյցի միջոցով փոխանցեց ՀԲԸՄ-ի նախկին ատենադպիր Անթոնիօ Սարաֆեան:

  «Համախմբուած աշխատանքի արդիւնքով մեր համայնքը շատ արժէքաւոր գիրք մը հրատարակած է, ուր ընդգրկուած են Արժանթին բնակող 40 արուեստագէտներու` նկարիչներու, քանդակագործներու ստեղծագործութիւնները: Այնտեղ արտացոլուած է Հայոց ցեղասպանութեան գաղափարը, իսկ արուեստագէտները  աշխատանքներու կողքին գրած են Ցեղասպանութեան ականատես տատիկներու, պապիկներու վկայութիւններէն  դրուագ մը, որոնց մասին լսած են իրենց ծնողներէն, Արժանթինի մէջ անոնք 2-րդ եւ 3-րդ սերունդներն են»,-ըսաւ պարոն Սարաֆեան:

  Անթոնիոյ Սարաֆեան տեղեկացուց, որ նման ձեւաչափով  գիրքի հրատարակումը իր մտայղացումը եղած է, ցանկացած է այս միջոցով նոյնպէս աշխարհին լսելի դարձնել Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ պահանջատէր հայու ոգով արդարացի լուծում պահանջել:

Առհասարակ, հայապահպան, ազգանուէր գործունէութեամբ զբաղիլը պարոն Սարաֆեան ընտանեկան ժառանգութիւն կը համարէ, որ իրեն  փոխանցուած է լուսահոգի հայրիկէն` Գէորգ Սարաֆեանէն: Հրատարակման ուղղութեամբ լուրջ աշխատանքներ իրականացուած են, մէկ տարի շարունակ նախապատրաստուած են, խմբագրակազմով հանդիպում-քննարկումներ կազմակերպած, որուն արդիւնքով որոշած են գիրքը «Արուեստը չի լռեր» վերնագրել: Որոշուած է նաեւ, որ սպանալեզու ըլլայ  այն, քանի որ այդ տարբերակը խիստ նպատակային է եւ օտարներուն հեշտօրէն կը յաջողին ականջալուր դարձնել հայ ժողովուրդի եղերական պատմութեան էջերուն:

  Հրատարակումը իրականութիւն  դարձած է Պուէնոս Այրէսի մէջ ՀՀ դեսպանատան, Պուէնոս Այրէսի մշակոյթի նախարարութեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Էսքերճեան ընտանիքի մեկենասութեամբ: Էսքերճեան ընտանիքը այն նուիրած է Արմէն Էսքերճեանի յիշատակին, որ վաղաժամ հեռացած է կեանքէն: Պարզ դարձաւ, որ գիրքը  վաճառքի չէ. 600 տպաքանակ ունեցող հրատարակութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան պիտի  բաժնուի տարբեր շրջանակներու:

«Արուեստը չի լռեր» 119 էջէ բաղկացած գունաւոր գիրքի շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ  Օգոստոս 11-ին, որուն մասին մտայղացման հեղինակը հետեւեալը ըսաւ. «Շնորհանդէսը նախատեսուած է իրականացնել Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետարանի «Ոսկեայ սրահին մէջ», կը հրաւիրենք Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետը, մշակոյթի նախարարը, եւ այլ հիւրեր, ներկաներուն համար պիտի ապահովենք ցերեկոյթի գեղարուեստական մասը: Ներկայացնեմ նաեւ խմբագրակազմը. խմբագրական աշխատանքները կատարած է Արժանթին հրատարակուող «Սարդարապատ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Տիանա Տէր-Կարապետեան, Տիանան նաեւ ներկայացուցած է եղեռնազոհ իր ընտանիքի պատմութիւնը, նախաբանի հեղինակը Քրիստինա Փափազեանն է, ուր ան քարտէզի միջոցով ընթերցողին կը ներկայացնէ 1915թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ յետոյ Հայաստանին մնացած տարածքները, ՀԲԸՄ-ի ուղերձը նուիրուած  հայ երիտասարդութեան, ուր կոչ կ’ընեն, որ անոնք քաջատեղեակ ըլլան հայ մշակոյթին եւ, առհասարակ, Հայոց պատմութեան, ուղերձը գրած է Աննա  Գաֆեճեան, իսկ համակարգչային գծանկարչութիւնը կատարած է Քարոլին Գաբրիէլեան:

Իր ամփոփ խօսքին մէջ Անթոնի Սարաֆեան մէջբերեց, որ «Արուեստը չի լռեր գիրքը»  եւս պիտի աղաղակէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստին մասին եւ պիտի ապացուցէ, որ այն ժխտման ենթակայ չէ:»

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up