Քիւրտ Գրողի Բանաստեղծութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին

“Հայերն Այսօր”-ի փոխանցմամբ քիւրտ  բանաստեղծ Մուա’յատ Թայիպի արաբերէն  թարգմանութեամբ բանաստեղծութիւնը «Ձեր վերքէն աւելի բարձր , միայն Աստուածն է» նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան   100-րդ տարելիցին:

Բանստեղծը Իրաքի` Քիւրտիստանի Տհոք քաղաքէն է:

 

Կը մեջբերենք այդ բանաստեղծութենէն հատուածներ:

 

Հարիւր տարի եւ այս վէրքը ,

Կը բարձրանայ Արարատն ի վեր:

Հարիւր տարի եւ այս վէրքը կ’եռայ,

Վանի ու Սեւանի մէջ:

Հարիւր տարի եւ այս վէրքը կ’ընթանայ,

Եփրատի ու Տիգրիսի հետ:

Հարիւր տարի, ան ամօթանք կը հնչեցնէ,

Օսմանցի Սուլթանին:

Ով դաւադիր Սուլթան,

Պատմութեան ամօթանք:

Տե՛ս Ապրիլ է Ապրիլ…

Լեռները զարդարուած են կարմիր ծաղիկներով.

Մոռացութեան ծաղիկներ չեն անոնք.

Այլեւ հողին հետ շաղախուած,

Հայոց արեան կաթիլներ:

Սակայն Սուլթանը կոյր է,

Չի տեսներ

Սուլթանը խուլ է,

Չի լսեր:

Հարիւր տարի եւ այս վէրքը,

Կը մագլցի Արարատն ի վեր:

Կ’եռայ Վանի եւ Սեւանի մէջ:

Սակայն օր մը,

Պիտի պայթի ան,

Իր դահիճի դաւաճանութեան դէմ,

Այն ժամ ` Արարատն իր Վան եւ Սեւան աչքերէն,

Պիտի մաքրէ արցունքները իր ձիւնեայ թաշկինակով:

Ապա Թամարի ջահը

Երբեք չի հանգիր:

 

Scroll Up