Գագիկ Գասպարեան. «Ուրախութիւնս մեծ է, որ Չիլիի մէջ պիտի թեւածէ հայկական մշակոյթի շունչն ու ոգին»
Օտար ափերու վրայ գտնուող մեր հայրենակիցները միշտ ալ փաստած են, որ ամէն ինչ կ’ընեն հայրենիքին օգտակար ըլլալու համար: Արժանթինահայ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեանի առաքելութիւնը իր գործունէութեամբ նպաստած է Հայաստանի ճանաչման եւ յառաջընթացին:
Իր այս գործին մէջ վերջերս ան նոր յաղթանակ գրանցած է, որուն մասին պատմեց «Հայերն այսօրի» հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին: «Քսան տարուան յամառ, հետեւողական ջանքերէս յետոյ հասած եմ այն բաղձալի արդիւնքին, որ Չիլիի մշակոյթի նախարարութիւնը հայկական մշակոյթը` մասնաւորապէս երաժշտութիւնը, ողջ 2015 թուականի ընթացքին պաշտօնապէս ճանչցած է Չիլիի հանրապետութեան տարածքին գտնուող բոլոր մշակութային եւ հասարակական լայն շրջանակներու ուսումնասիրութեան գլխաւոր առարկայ. նոյնիսկ փաստաթուղթով վաւերացուցած են եւ հաւաստագիր յանձնած ինծի: Ամէն տարի Չիլիի մշակոյթի նախարարութիւնը, յօգուտ Չիլիի զարգացման եւ ճանաչման, պիւտճէ կը յատկացնէ տարբեր երկիրներու մշակութային արժէքները հէնց իրենց երկրին մէջ ներկայացնելու նպատակով զանազան ծրագիրներ, ձեռնարկներ իրականացնելու համար, ապա նախապէս ընտրուած ժիւրիի կազմը երկար ուսումնասիրութենէ յետոյ կ’ընտրէ, թէ որ երկրին յատկացնէ այդ միջոցները: Տարբեր երկիրներու ներկայացուցած մշակութային նախագիծերէն ժիւրին նախապատուութիւնը այս տարի հայկական մշակոյթին տուաւ: Այս գործին մէջ ինծի շատ օգնեց չիլիացի ուսանողս` երաժիշտ Ռանտաշ Լետերման, որ կարելի է ըսել իմ բանախօսն էր Չիլիի կառավարութեան մէջ՚:
Տուտուկահարը տեղեկացուց, որ Չիլիի կառավարութիւնը այդ քայլին գացած է` հաշուի առնելով անոր` Լատինական Ամերիկայի մէջ հայկական մշակոյթը քարոզելու, պահպանելու անմնացորդ նուիրումը: Գագիկը ծրագիրի ծիրէն ներս դասախօսութիւններ պիտի ունենայ եւ վարպետութեան դասեր տալու Չիլիի արուեստի համալսարանին մէջ, պիտի հանդիպի տեղի երաժշտահաններուն, երգահաններուն, ուսանողներուն, արուեստագէտներուն, որուն պէտք է փոխանցէ տարիներու ընթացքին կուտակած փորձը եւ համակէ հայկականութեամբ:
Դասընթացները երկու բաժիններով պիտի կազմակերպուին. նախ պիտի ներկայացուի տուտուկը` իբրեւ գործիք, իսկ հայկական աւանդական երաժշտութիւնը առանձին դասընթացներով պիտի իրականացուի:
Գագիկ Գասպարեանի յուզումը մեծ է, որ կրցաւ 2015 թուականին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, կեանքի կոչել Չիլիի հետ համագործակցութիւնը. «Ի սկզբանէ բանակցութիւններու ժամանակ իմ առջեւ նպատակ դրած էի, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրել այս ամէնը, հոգիիս պարտքը կը համարէի մեր անմեղ նահատակներու յիշատակին որեւէ բան ձեռնարկել, եւ, ինչպէս կը տեսնէք, յաջողեցայ կատարած քայլովս օտար միջավայրի մէջ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահել Հայոց ցեղասպանութեան թեման: Առհասարակ, որդեգրած քաղաքականութիւնս է օտար զանգուածներուն ներկայացնել հայկական մշակոյթը, ինչ որ կը կարծեմ` խիստ նպատակային է: Հիմա 30-է աւելի այլազգի ուսանողներ ունիմ, որոնք կայացած երաժիշտներ, սիմֆոնիկ նուագախումբի անդամներ են եւ յայտնի են իրենց երկիրներուն մէջ: Ես հանգիստ կը զգամ, որ Լատինական Ամերիկայի մէջ հաստատած կապերս կրնամ օգտագործել հայապահպանութեան, հայկական արժէքները տարածելու ուղղութեամբ, ուրախութիւնս մեծ է, որ Չիլիի մէջ պիտի թեւածէ հայկական մշակոյթի շունչն ու ոգին»:
Գէորգ Չիչեան