Մեկնարկեց «My club, my space» Ծրագիրը

Երիտասարդական ակումբներու դաշնութիւնը (FYCA) ապրիլ 4-էն 14 Եւրոմիութեան «Youth in Action» ծրագիրի ծիրէն ներս կ’իրականացնէ «My club, my space» երիտասարդական փոխանակման ծրագիրը, որ համախմբած է Հայաստանի, Վրաստանի, Լեհաստանի, Ուքրանիոյ, Մոլտովայի, Ռումանիոյ, Լիթվայի, Պելառուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Հունգարիոյ երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւններու 54 ներկայացուցիչները:

«My club, my space» ծրագիրի նպատակն է հնարաւորութիւն տալ տարբեր երկիրներու երիտասարդական ակումբներու առաջնորդներուն զարգացնելու իրենց հմտութիւնները, ծանօթանալու ԵՄ «Youth in Action», “ERASMUS PLUS” ծրագիրներու գաղափարախօսութեան, խրախուսելու երիտասարդներու ձեռնարկատիրական նախաձեռնութիւնները, զարգացնելու ղեկավարման հմտութիւնները, ստեղծելու մասնագիտական եւ ոչ օրինական երիտասարդական ակումբներ`համախմբելով տարբեր երիտասարդներու միեւնոյն նպատակի շուրջ:

«Սոյն ծրագիրի գաղափարը վաղուց է ծագել: Մասնակից բոլոր երկրներում կան երիտասարդական ակումբներ եւ դրանք միաւորող կազմակերպութիւններ: Երիտասարդական ակումբների դաշնութիւնը, որպէս Հայաստանի ամենամեծ երիտասարդական կազմակերպութիւն, իր եւրոպական գործընկերների հետ նախաձեռնեց «Իմ ակումբը, իմ տարածքը» ծրագիրը` պարզելու, թէ եւրոպական տարբեր երկրների երիտասարդական ակումբներում որքան յարմարաւէտ են իրենց զգում երիտասարդները, ինչ ինքնադրսեւորման հնարաւորութիւններ ունեն նրանք, եւ որքանով են պետութեան կողմից խրախուսւում նրանց նախաձեռնութիւնները», – իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ Երիտասարդական ակումբներու դաշնութեան նախագահ Ատոմ Մխիթարեան:

Ծրագիրի ընթացքին մասնակիցները կը քննարկեն երիտասարդութեան զբաղուածութեան, իրաւունքներու, երիտասարդական նախաձեռնութիւններու եւ շարժունակութեան խնդիրները, հասարակական կեանքի մասին իրենց տեսլականը: Տասը եւրոպական երկիրներու երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները Հայաստանի մէջ կը ծանօթանան երիտասարդական քաղաքականութեան, կը հանդիպին ոլորտին մէջ յայտնի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ փորձագէտներու, կ’այցելեն Հայաստանի մարզերուն մէջ գործող երիտասարդական ակումբներ: Անոնք, միաժամանակ, կը հասցնեն ծանօթանալու Հայաստանի հազարամեայ պատմութեան ու մշակոյթին, կը ներկայացնեն իրենց երկիրները, աւանդոյթները:

Ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ երիտասարդներուն համատեղ աշխատելու եւ իրարմէ սորվելու հնարաւորութիւն, մշակելու եւ յետագային իրականացնելու երիտասարդական ակումբներու միջազգային գործակցութեան վերաբերող այլ ծրագիրներ:

Աստղիկ Աւետիսեան

Scroll Up