Սայաթ-Նովայի 300-Ամեակին Նուիրուած Երեկոյ Վրաստանի Մէջ

Նոյեմբեր 5-ին Վրաստանի խորհրդարանի ազգային գրադարանի ցուցասրահներու դահլիճին մէջ կայացաւ Սայաթ-Նովայի 300-ամեակին նուիրուած երեկոյ:
Ձեռնարկին, որ կազմակերպած էր Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը` «Կովկասեան տուն» մշակութային կապերու կեդրոնի հետ համագործակցութեամբ, ներկայ էին «Վրաստան» թերթի խմբագիր Վան Բայբուրթեանը, Խորհրդարանի պատգամաւորներ, Վիրահայոց թեմի հայ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, Թիֆլիսի հայազգի, հրեայ, քիւրտ, գերմանական, լատվիական, էսթոնական եւ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ վրաց մտաւորական եւ հասարակական գործիչներ:
Ձեռնարկին հանդէս եկան Սայաթ-Նովայի ստեղծագործութիւններու թարգմանիչ, թիֆլիսահայ ճանչցուած գրող Գիւի Շահնազարին, անուանի հայագէտ, թարգմանիչ Զեզվա Մեդուլաշուիլին, Վրաստանի հանրային հեռուստատեսութեան նախկին գլխաւոր խմբագիր Էմին Մահմուտովը, որոնք իրենց խօսքին մէջ անդրադարձան տարածաշրջանի ժողովուրդներու գրականութեան մէջ անպարտելի երգասացի կոչման արժանացած եռալեզու եւ քառալեզու բանաստեղծ-աշուղի ստեղծագործական հմտութիւններուն, իսկ պատմաբան Ենոք Թադեւոսեանը ուշագրաւ տեղեկութիւններ ներկայացուց Սայաթ-Նովայի կենսագրական տուեալներուն մասին:
Շնորհիւ Հայաստանի հետ հաստատուած տեսակամուրջի` ձեռնարկի մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան հաղորդակցելու «Սայաթ-Նովա» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, փրոֆէսոր Թովմաս Պօղոսեանի հետ:
Ձեռնարկի համերգային մասին` հանդէս եկան «Հայարտուն» մշակութային կեդրոնի «Ճէյրան» պարային համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Սուետլանա երիցեանը եւ իր սաները, երիտասարդ վրացի կատարողներու լարային քառեակը, ինչպէս նաեւ միջազգային մրցոյթներու յաղթող ճանաչուած երաժիշտ եւ երգչուհիներ Եսայի Աբովեանը, Նատիա Զախարեանը, Էմմա եւ Աննա Պօղոսովաները: Երեկոյին ցուցադրուած էին նկարիչ Ալլա Անտոնեանի թեմատիկ ստեղծագործութիւնները: Ասմունքեցին Լիզա Թորոսեանը եւ արեւելագէտ Քերիմ Անկոսին: