Ամերիկեան «Ամքոր» Կազմակերպութիւնը Կ’աջակցի Սուրիահայ Երեխաներուն
Նոյեմբեր 6-ին «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ հերթական գեղեցիկ նախաձեռնութիւնն էր:
Ամերիկեան «Ամքոր» կազմակերպութիւնը հաճելի անակնկալ պատրաստած էր Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայ երեխաներուն համար:
Նախաձեռնութեան մասին որոշ պարզաբանումներ ըրաւ «Ամքոր» ամերիկեան կազմակերպութեան հայկական մասնաճիւղի ծրագիրներու համակարգող Անահիտ Գասպարեան. «Ամրան ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակը հրաւիրած էր համաժողովի, որուն կը մասնակցէին հայաստանեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններ:
Քաջատեղեակ ըլլալով Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն` համաժողովի ժամանակ հարց բարձրացուեցաւ, թէ կազմակերպութիւնները ինչ նախաձեռնութեամբ կրնան հանդէս գալ:
Մեր կազմակերպութիւնը որոշեց անմասն չմնալ եւ կրցաւ մի փոքր գումար հայթայթել` մօտ 10 հազար ԱՄՆ տոլար»: «Ամքոր» կազմակերպութիւնը դիմած է «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի ղեկավար տիկին Լենա Հալաջեանին` պարզելու համար, թէ այդ գումարով ինչ կրնան ընել` հաշուի առնելով արդի կարիքները:
Փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշուած է այդ գումարով 7-14 տարեկան մօտ 400 երեխաներու համար բաճկոններ պատուիրել: «Որոշեցինք գոյները, ձեւերը, եւ, փառք Աստուծոյ, շատ գեղեցիկ նմուշներ ստացանք»,- ըսաւ տիկին Անահիտը:
Բաճկոնները պատուիրած են հայկական «Տոսպ» գործարանին: «Կը հասկնանք, որ այնքան ալ մեծ օգնութիւն չէ, բայց ուրախ ենք, որ կրցանք քիչ մը թեթեւցնել սուրիահայ մեր հայրենակիցներու հոգը»,- նշեց տիկին Անահիտն ու աւելցուց, որ հնարաւոր է` յառաջիկային «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի հետ այլ ծրագիր եւս իրականացնեն` ի շահ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն:
Աջակցութեան կապոցին մէջ ներառուած են նաեւ գունաւոր ծածկոցներ, նորածինի պարագաներ, առողջապահութեան կապոցներ, գրենական պիտոյքներ որ տրամադրած են «Ամքոր» կազմակերպութեան ընկերային աջակցութեան բաժինը եւ Հալէպի ՀԲԸՄ շրջանաւարտներու Լոս Անճելըսեան յանձնախումբի անդամները: