Յ.Թումանեանի Ծննդեան 145-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Գիւմրիի Թիւ 19 Հիմնական Դպրոցին Մէջ
Թումանեանի իւրաքանչիւր բառը աշխարհ մըն է. այս շեշտադրումով կ՛առաջնորդուէին աշակերտները` բեմականացման ընթացքին խօսելով զուլալ, մաքրամաքուր ժողովրդական բառ ու բանով:
Ներկայացումը աշխատասիրութեան, կեանքը ճիշդ ապրելու գովերգն էր: Այն նաեւ կը սորվեցնէր ու կը զգուշացնէր, որ կեանքի մէջ շատ «անբան հուռիներ» զարտուղի ճանապարհներով կը գտնեն իրենց «երջանկութիւնը» եւ Նազարին պէս կը ծիծաղին աշխարհի վրայ:
Յ.Թումանեան մեր գիտակցութեան մէջ կ՛ապրի որպէս Ամենայն հայոց բանաստեղծ:
Բեմը կը յիշեցնէր հեքիաթային աշխարհ մը: Աշակերտները քաջատեղեակ էին Յ. Թումանեանի կեանքին ու ստեղծագործութեան: Ցերեկոյթի ընթացքին բեմականացուեցաւ «Անբան Հուռին» հեքիաթը: Աշակերտները իրենց գեղարուեստական խաղով եւ թումանեանական ժողովրդախօսակցական բառուբանի միջոցով հանդիսատեսին տարած էին թումանեանական աշխարհ` իր Լոռուայ չքնաղ, մութ ձորերով, Դեբեդի շառաչով, Չաթինդաղ լերան վեհութեամբ: Բոլորը հասկցան, որ «Թումանեանն է անհաս Արարատը մեր նոր քերթութեան», ուր`
Տիեզերքում աստուածային թափառում է իմ հոգին…