«Ներդրումներու Համար Սրտիս Թելադրանքո՛վ Ընտրած Եմ Արցախը».Նարինէ Դաւթեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնին մէջ է  նաեւ ներդրումային քաղաքականութեան ոլորտը` Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու ներդրումներու մասով. այդ առիթով նախարարութիւնը կազմակերպած էր  Կլոր սեղան-քննարկում` նուիրուած Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու կատարած ներդրումներուն: Քննարկման մասնակցող 40 գործարարներէն իւրաքանչիւրն իր ունեցած ներդրումային քաղաքականութեամբ կրցած է լաւագոյնս խթանել Հայաստանի մէջ աշխատատեղերու ստեղծման: Տարբեր են անոնց ընտրած շրջանները, սակայն  նոյնն  է ցանկութիւնը` ինչ-որ ձեւով օգտակար ըլլալ Հայրենիքին` երկուստեք ունենալով հետաքրքրութիւն եւ ընդհանուր շահ: Անոնցմէ մէկը` ռուսաստանաբնակ Նարինէ Դաւթեանը, որուն հետ հարցազրոյց  ունեցայ «Հայերն այսօր»-ի համար, իր ներդրումներուն համար ընտրած է Արցախ աշխարհը եւ արդէն երկար տարիներ կ’աշխատի այնտեղ:

«12 տարիէն աւելի է, որ Ղարաբաղի մէջ  տարբեր տեսակի գործեր կը բանանք եւ եղած շահոյթէն ոչ մէկ լումայ կը վերցնենք. ես ամբողջը կը ձգեմ Ղարաբաղի մէջ եւ նոր  յառաջացած շահոյթին հաշուին մենք աւելի  կ’ընդլայնենք, կ’աւելցնենք մեր գործունէութեան սահմանները, կ’իրականացնենք սոցիալական տարբեր ծրագիրներ, թոշակներ կու տանք: Ես շատ մեծ յոյս կը կապեմ նոր վարչապետին հետ. վերջին հնարաւորութիւններու ժամանակն է, մենք ազգովի պէտք է քայլեր ընենք, որպէսզի  Հայաստանի տնտեսութիւնը ոտքի կանգնի: Հիմա  նոր նախագիծ մը կը  ցանկանք իրականացնել, որ աւելի շատ բարեգործական է. կ’ուզենք  արտադրողներէ հաւաքել իրենց արտադրանքը, գնել մեծածախ գիներով, իսկ յետոյ բաժնել բազմազաւակ եւ անապահով ընտանիքներուն: Շատ կը ցանկամ, որ Մոսկուա ապրող իմ աղջիկս ու փեսաս վերադառնան Հայաստան եւ այստեղ  գործ մը սկսին, սակայն ուղղուածութիւնը աւելի շատ գիտութեան առնչուի: Մենք, ընդհանրապէս, ընտանիքով շատ  մեծ  ներդրումներ կ’ընենք Հայաստանի մէջ .12 տարուան ընթացքին մօտ 2 միլիոն տոլարի ներդրում ըրած ենք Արցախի մէջ: Մենք ՌԴ մէջ ունինք տնտեսական ապրանքներու եւ ամառանոցային, հողամասերու  պարագաներու, ապրանքներու մեծածախ առեւտրային գործ, ունինք նաեւ երկու փոքր արտադրութիւն` մէկը`  Մոսկուայի մերձակայքը, միւսը` Գրասնոտարի մարզին մէջ: Ռուսաստանի մէջ եղած առեւտրային ցանցերուն հետ  ունինք պայմանագիրներ, կ’աշխատինք այդ ցանցերուն հետ, կը մատակարարենք անհրաժեշտ ապրանքներ: Քանի մը օրէն իմ աղջիկս ու փեսաս պիտի գան Մոսկուայէն, որպէսզի   նոր նախագիծ մը մշակենք. Կը ցանկանք  մանկական ակումբ ստեղծել Ղարաբաղի մէջ, որպէսզի երեխաները զուարճանալու, ծննդեան տօներ եւ այլ գեղեցիկ ձեռնարկներ անցնելու վայր ունենան: Շատ կարեւոր է, որ մարդիկ ներդրումներ  ընելու մեծ ցանկութիւն ունենան, իսկ ատոնք իրականացնելու տարածքներ շատ կան: Ես իմ կամքովս  ընտրած եմ Արցախը, կը զբաղիմ նաեւ սուրիահայերու հարցերով, իսկ սահմանամերձ  մէկ ուրիշ տարածքով` Տաւուշով, կը զբաղի Թերեզա Մխիթարեանը: Իմ ըրած ներդրումներէս ամենարդիւնաւէտը կը համարեմ մանկական նախադպրոցական քոլեջի  համար ըրած ներդրումները, որովհետեւ մեր քոլեջն աւարտող երեխաները միանգամէն կրնան յաճախել 2-րդ, 3-րդ դասարան: 30-է աւելի աշխատողներ ունինք Արցախի մէջ,  շատ մարդիկ աշխատանք  ստացած են, կրնան իրենց ընտանիքները պահել: Արցախի մէջ  մօտ երկու տարի 12 անապահով եւ յառաջադէմ   ուսանողներու 100-ական տոլար թոշակ կու տայինք: Օգնած ենք նաեւ մանկատունը: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին ես աւելի շատ Հայաստանի,Արցախի մէջ եղած եմ, քան` դուրսը: Ըսեմ նաեւ, որ Նոյեմբերին իմ աղջկաս հարսանիքը Ղարաբաղի մէջ ըրինք, այդ մեծ արարողութեան համար կրնայինք շատ ուրիշ վայրեր ընտրել, սակայն նախընտրեցինք Արցախը: Ես Արցախն ընտրեցի սրտիս թելադրանքով, հոգիիս ձայնով. առաջին անգամ Արցախ այցելեցի երգիչ-երգահան Արթուր Գրիգորեանի հրաւէրով եւ սիրահարուեցայ Արցախին  ու յետագային որոշեցի իմ ներդրումներս ընել հէնց այդ հրաշք աշխարհին մէջ: Ես կը յորդորեմ սփիւռքահայ իմ հայրենակիցներուս ներդրումներ ընել Հայաստանի մէջ` ի նպաստ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, հայ մարդու ապրելակերպի բարեկեցութեան. սա եւս հայրենասիրութեան իւրօրինակ դրսեւորում մըն է: Ներդրումը ինչ-որ տեղ բարեգործութիւն է, գթասրտութիւն, որուն կարիքը մեր ժողովուրդը շատ ունի»:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

3 4

2

 

 

 

 

Scroll Up