Արաբացած հայ որբերը Իրաքի մէջ

1915 թուականի Յունիսին Հալէպի մէջ ստեղծուեցաւ կառավարական մարմին` Հայերու տեղահանման գործերու կոմիտէ, որուն խնդիրն էր իրագործել անապատներու մէջ հայերու ոչնչացման ծրագիրը: Ամրան եւ աշնան Հալէպի, Պապի, Մասքենէի, Ռաս ուլ Այնի, Ռաքքայի, Հալէպի նահանգի միւս բնակավայրերուն մէջ եւ ատոնց շրջակայքը կուտակուեցան հայ գաղթականներու հոծ զանգուածներ` քշուած Կոստանտնուպոլսէն եւ Ռոտոստթոյէն, Նիկոմետիայէն, Պարտիզակէն, Ատապազարէն, Անգարայէն, Սեբաստիայէն, Մալաթիայէն, Մուշէն, Սասունէն, Կիլիկիայէն եւ այլ վայրերէ:

1915-ի Սեպտեմբեր 9-ին Հալէպի նահանգապետին հրաման տրուեցաւ Տէր Զօրի անապատները քշել բոլոր հայերը` տղամարդիկ ու կիներ, ծերեր ու երեխաներ: Յետագայ 5-6 ամիսներուն նման հրամաններ կրկնուեցան` ամէն անգամ դառնալով հազարաւոր հայերու մահուան պատճառ: Կարգադրուած էր անապատ տարուող գաղթականներէ բռնագրաւել սննդամթերքը` ստեղծելով արհեստական սով: Մարդիկ ստիպուած կերած են ինչ պատահած է:

Թուրք պաշտօնեաները փորձած են հայերուն դէմ տրամադրել արաբները: Սակայն Հալէպէն մինչեւ Տէր Զօր արաբները օգնած են, պատսպարած հայերուն, յատկապէս երեխաներուն` փրկելով անխուսափելի մահէ:

Երեխաները փրկել անխուսափելի մահէ  արտայայտութիւնը, բնականաբար, կը նշանակէ որդեգրել անոնց, խնամել արաբական միջավայրի մէջ, որուն հետեւանքով երեխան կը սկսի խօսիլ արաբերէն եւ կ’ենթարկուի արաբական կենցաղին: Հետեւաբար այս ճանապարհով վերապրողներէն ոմանք արաբացած են, որոշներն ալ կրցած են վերականգնել իրենց հայկական ինքնութիւնը:

Միայն Միջագետքի անապատին մէջ փրկուածներու թիւը կը հասնի 1500-ի: Կարելի է բերել բազմաթիւ օրինակներ…

•Պաղտատահայութեան յայտնի դէմքերէն էր Զէյթունցի Օհաննէս Սեմերճեան: Երբ կը սկսի Զէյթունի բռնագաղթը 6 տարեկան Օհաննէսը կը կորսնցնէ ծնողքը: Այնուհետեւ ան աշխատանքի կ’անցնի Միջագետքի անապատի Շամմար ցեղախումբին մօտ իբրեւ ուղտապան: Տարիներ անց Օհաննէս կը հանդիպի Կիւլիզարին, որ 15 տարեկան հայ որբուհի էր: Երկուքը կ’որոշեն լքել անապատը եւ փախչիլ Մուսուլ, ուր եւ Օհաննէս կը յաջողի գտնել հօրեղբօր` Մաւի Կարապետին: Օհաննէսն ու Կիւլիզարը կ’ամուսնանան եւ կը տեղափոխուին Պաղտատ: Սկիզբը Օհաննէս լեմոնատ կը վաճառէր: Աւելի ուշ անգլիական օդային ուժերու ուտեստեղէնի մատակարարը կը դառնայ: Օհաննէս Սեմերճեան կը հիմնէ Քեմփ Սառա յայտնի թաղամասը, ուր հիմնականին մէջ կ’ապրին զէյթունցի եւ հաճընցի ընտանիքներ:

• Ճեզիրայի մէջ դեռեւս նոր  հաստատուած Լիպարիտ Ազատեան, երբ  անգամ մը կ’երթայ անապատի խորքերը, դէպի Ճեպել Սինճար, իջեւանելով Շամմառ կոչուող արաբներու մօտ, երկու տղաներ կը մօտենան եւ կը խօսին իրեն հետ: Լիպարիտ Ազատեան այնքան ալ լաւ չէր գիտեր արաբերէն: Տղաները անմիջապէս կը կռահեն, որ ինք այլազգէ եւ կը հարցնեն` «ընթէ էրմէ՞նի», այսինքն, դուն հա՞յ ես: Լիպարիտ զարմացած դրական պատասխան կու տայ: Տղաները տուն կը հրաւիրեն անոր: Եղբայրներէն` մեծահասակը, որուն անունը Խալիֆ էր, կը կանչէ մօրը` «եա ումմի» (այ մայրիկ), եկո´ւր, մեր քեռին  եկած է: Տարակուսանքը, վախը, արտասուքը եւ Եղեռնի ահաւոր պատկերները աչքերուն մէջ ամփոփած այդ կինը կը մօտենայ` որեւէ բառ չարտասանելով: Երկուքով յանկարծ իրար կը փաթթուին եւ կ’արտասուին: Ցաւօք, կինը հայերէն խօսիլ չէր կրնար, ան կը յիշէր միայն ծնողքին եւ քաղաքի անունները եւ  քանի մը խօսքեր եկեղեցական աղօթքներէ: Ան Կիւրիւնցի էր: «Հազար տարի ալ անցնի` չեմ մոռնար մեր քաղաքը,-արաբերէնով կ’ըսէ ան,-մեր քաղաքին նման սառնաղբիւրներ եւ խնձորենիներ ո´չ մէկ տեղ չկայ: Կը յիշեմ, երբ տատիկս ինծի կը սիրէր, կ’ըսէր` իսկական կիւրիւնցի աղջիկ ես, Կիւրիւնի խնձորներու նման կարմիր թուշեր ունիս: Խեղճ տատիկս աչքիս առջեւէն չերթար: Մեր խումբին հետ չէր կրնար քալել եւ յաճախ ծունկի կու գար հանգստանալու կամ գուցէ աղօթելու համար: Օր մը ձիաւոր ասկեարը ձին քաշեց անոր վրայ եւ ձիու սմբակներուն տակ ջարդուփշուր ըրաւ: Չձգեցին, որ վրան քիչ մը աւազ լեցնենք, թաղենք: Մտրակելով մեզի հեռացուցին, սոված ու ծարաւ քալեցինք անապատներով: Արաբ զինուոր մը ինծի փախցրուց: Այդ ժամանակ 10 տարեկան էի: Հինգ տարի պահելէ յետոյ 50 տարեկան մարդը ամուսնացաւ հետս: Հինգ տղայ ունեցայ: Եթէ գիտնայի, որ աշխարհի մէջ հայեր կան, ինչ գինով ալ ըլլար փախուստի կը դիմէի, կը վերադառնայի իմ ազգութեան գիրկը: Ես զաւակներուս ամէն ինչ պատմած եմ, եւ անոնք հայերուն կը համարեն իրենց եղբայրները»:

•Ալիս Քեպեպճեան եւ իր երեք քոյրերը ծնած են Ատանա: 1915-ին հայրը կը մահանայ, 4 տարեկան Ալիսը մօր եւ քոյրերուն հետ կը միանան բռնագաղթի քարաւաններուն: Միջագետքի անապատին մէջ արաբ պետուինները, ձիերու վրայ դնելով  քանի մը երեխաներ, որոնցմէ մէկը Ալիսն էր, կ’անհետանան անապատի խորքերուն մէջ: Մայրը կը բացականչէ` Ին~չ լաւ եղաւ, սիրտս հանգստացաւ, Ալիսս փրկուեցաւ եւ պիտի ապրի: Մայր Քեպապճեան երեք աղջիկներուն հետ կը հասնի Մուսուլ: Օր մը Վարդուհին (Ալիսի քոյրը) Մուսուլի մէջ պատահաբար կը հանդիպի երկու հայ աղջիկներու, որոնցմէ մէկը Ալիսն էր, այժմ արաբական Խալիտա անունով: Ալիսի արաբ հայրն ու մայրը հարուստ էին: Եւ անոնք կը մերժեն Ալիսը վերադարձնել իսկական մօրը` ըսելով, որ գաղթական են եւ ուտելու հաց դժուարութեամբ կը ճարեն: 1917-ին անգլիական բանակը կը գրաւէ Միջագետքը, եւ վիճակը կը սկսի բարեփոխուիլ: Ալիսի մայրը արդէն ի վիճակի կ’ըլլայ պահելու աղջիկը: Ազնիւ, բարի արաբ տիկինը դժուարութեամբ կը բաժնուի Ալիսէն: Մայր Քեպապճեան խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ: Քանի մը ամիս ետք Քեպապճեանները կը փոխադրուին Պաղտատ: Երկար տարիներ այնտեղ ապրելէ ետք` կը մեկնին ԱՄՆ:

•Տիգրան Խօճայեան եւ Յարութիւն Մարտիրոսեան Իրաքի Ֆելլուճա գիւղաքաղաքէն ոչ հեռու  քանի մը խանութներ ունէին: Օր մը արաբ կին մը կը մտնէ խանութ եւ կը լսէ հայերէն խօսակցութիւն: Անոր շատ ծանօթ կը թուի հայերէնը: Կը պարզուի, որ ան բնիկ զէյթունցի է` Լուսիկ անունով, եւ երկար տարիներ հեռու մնացած է հայութենէ: Ամուսնուն կորսնցուցած, մէկ զաւակի տէր Լուսիկը, հայերէն լսելով, պատրաստակամութիւն կը յայտնէ հայութեան վերադառնալ: Տիգրանի եւ Յարութիւնի հետ կը մեկնի Պաղտատ: Հայերէն կը սորվի եւ այնտեղ հայ ընտանիք կը կազմէ:

Այգ Պետրոսեան-Յակոբեան

Scroll Up