Պէտք է կարենալ օտար միջավայրի մէջ հայկական ու ազգային կեանք մը ստեղծել

Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացները կը շարունակեն արդիւնաւէտ ընթանալ: Այստեղ իրենց մեծ ներդրումը ունին նաեւ դասընթացները վարող  մասնագէտները Հայաստանի յառաջատար համալսարաններէն: Ըսուածի վառ վկայութիւնը, թերեւս, Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի մանկավարժական գիտութիւններու դոկտոր, մայրենիի եւ անոր դասաւանդման մեթոտիkայի ամպիոնի փրոֆէսոր տիկին Ջուլիետա Գիւլամիրեանն է, որ սփիւռքահայ ուսուցիչներուն կը դասաւանդէ «Մայրենիի ուսուցման առանձնայատկութիւնները Սփիւռքի դպրոցներուն մէջ» թեմայի ծիրէն ներս: Գեղեցիկ, սահուն ու գրագէտ խօսքի, մասնագիտական բարձր որակներու ու գիտելիքներու շնորհիւ տիկին Գիւլամիրեան կրցաւ լսարանին լարուած պահել մինչ դասախօսութեան աւարտը:

Մասնագէտը տեղեակ է Սփիւռքի խնդիրներուն, քանի որ իր վաստակը ունի նաեւ տարբեր համայնքներու հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ: Դասաւանդելով ու վերապատրաստման դասընթացներ իրականացնելով Սոււրիոյ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու, Քոււէյթի, Ռուսաստանի Դաշնութեան, Վրաստանի մէջ եւ այլուր` հանգիստ ջիղերով ընկալած է որեւէ վտանգ ու խնդիր, իր  ուժերու ներածին չափով փորձած օգտակար ըլլալ, նուիրուած  ու ապրած է իր գործով:

Տիկին Գիւլամիրեան Սփիւռքի դպրոցներուն, այնտեղ յաճախող երեխաներուն եւ դասաւանդող ուսուցիչներուն յատուկ քանի մը խնդիրներ ցաւով կը նշէ: «Սփիւռքահայ երեխային առաջին խնդիրը ես կը համարեմ ոչ այնքան սորվելու դժուարութիւնը, որքան ձեւաւորուած համոզումի առկայութիւնը: Այսինքն`երեխան արդէն կը գիտակցի, որ շաբաթ- կիրակի օրերը իր հանգիստի օրերն են, իսկ զինք կ’ուղարկեն սորվելու, ըսել է թէ, կը խախտեն իր իրաւունքը: Ցած դասարաններու մէջ այս խնդիրը այնքան ակնառու չէ, որքան բարձր դասարաններուն, ուր արդէն երեխաները կը սկսին յաճախ բացակայիլ կամ նոյնիսկ չգալ»,- կը նշէ Ջուլիետա Գիւլամիրեան: Մասնագէտը խնդիրի լուծումը գիտէ եւ այդ բանալին յանձնած է դասընթացներու ուսուցիչներուն. «Ուսուցիչը  այնքան հետաքրքիր պիտի դարձնէ դասը, որ ատիկա ոչ թէ սովորական դպրոցի  դաս դառնայ, այլ ոսկեղինիկ հայերէնի դաս, որ ալ ուրիշ տեղ չի գտներ, ինքնութեան ու ազգայինի դաս: Երեխան պէտք է ոչ միայն դպրոց գայ, այլ նաեւ այդ դպրոցի պատերու ներսը տիրող մթնոլորտին կարօտնայ ու ձգտի, իր հայ ընկերներուն հետ շփման համար գայ: Պէտք է օտար կեանքի մէջ  ուրիշ հայկական ու ազգային կեանք մը ստեղծել, ապրիլ անով, զգալ ատոր գեղեցկութիւնը: Այդ պարագային երեխաներու մեծամասնութիւնը ոչ թէ պարտաւորուածութենէն, այլ սեփական ցանկութենէն դրդուած կու գան»,- կ’ըսէ վաստակաշատ դասախօսը:

Ուսուցիչներու ուսերուն մեծ պատասխանատուութիւն  դրուած է, որ երբեք հոգի պէտք չէ վերածուի: Վերջինիս իրագործման համար տիկին Ջուլիետան ուսուցիչներուն կը յորդորէ ուշադրութիւն դարձնել իրենց ուսուցանման մեթոտիկայի, ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւններու անմիջականութեան ու փոխըմբռնման, ծնողներուն հետ տարուող աշխատանքներու ընթացքին վրայ: «Երբ ծնողը շահագրգռուած չէ հայկական դպրոցի կրթութեամբ, ինչ կ’ուզես ըրէ, ան երեխային դպրոց չի բերեր: Օտար դպրոցին մրցունակ դպրոց  պէտք է ստեղծել»,- կ’աւելցնէ դասախօսը: Սակայն խնդիրները այսքանով չեն սահմանափակուիր: Ուսուցիչները կ’ունենան նոր դասագիրքերու, ձեռնարկներու կարիք, յաճախ երեխաներն ալ  այս խնդիրին կը բախուին: «Ես տեսած եմ, թէ ինչպէս մեր գաղթօճախներէն մէկուն մէջ կը պատճէնահանէին հայալեզու գիրք մը ու կը յանձնէին երեխաներուն: Սա լաւ է, ի հարկէ, գործ կ’ըլլայ, սակայն արդիւնաւէտ չէ, որովհետեւ  երեխան կը տեսնէ օտարալեզու գեղեցիկ, պատկերազարդ, նրբաճաշակօրէն կազմուած գիրքերը, իսկ ահա իրենը սեւ ու սպիտակ է միայն`աղքատիկ տեսքով: Սա կը մեռցնէ երեխային մէջ եղած հետաքրքրութիւնը, նաեւ կը վիրաւորուի ազգային արժանապատուութիւնը, որովհետեւ իր մայրենիի գիրքը ան այլ կերպ կը պատկերացնէ: Եօթ տարեկան երեխայի ակնկալիքները այլ են: Փառք Աստուծոյ, հիմա Սփիւռքի նախարարութիւնը  շատ մեծ գործ կ’ընէ հիմնականին մէջ «Զանգակ» հրատարակութեան հետ միասին` հրատարակելով ու տարածելով բազմաթիւ գիրքեր: Այդպիսի գործ չէր եղած երբեք»,- կը նշէ տիկին Գիւլամիրեան:

Այլ խնդիր է մանկավարժական անձնակազմի բացակայութիւնը: Ուսուցիչներէն շատերը մանկավարժական կրթութիւն չունին, եւ ըստ մասնագէտի` պիտի ապաւինեն ինքնուսուցման ու այսպիսի դասընթացներու: Աշխատելով ուսուցիչներուն հետ` դասախօսը կը նկատէ, որ աշխատելու տեղ դեռ շատ կայ:

Ուսուցիչներէն շատերը մտահոգութիւն կը յայտնեն, որ համայնքներուն մէջ հիմնական ուսուցումը կը կատարուի արեւմտահայերէն, իսկ վերջին տարիներուն հաստատուածներուն համար այն խորթ է: Այս խնդիրին եւ շատ յաճախ երկու ճիւղերու հնարաւոր միացման մասին շահարկուող թեմային Տիկին Գիւլամիրեան յստակ մօտեցում ունի: «Սա իմ ենթակայական կարծիքն է, բայց ես դէմ եմ միացման, որովհետեւ ատոնք մեր երկու գանձերն են, մեր հարստութիւնն են: Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հայկական համայնքներուն մէջ` Լիբանանի, Սուրիոյ մէջ, ուր ցաւօք սրտի ամէն ինչ աւերուեցաւ, մենք հիանալի ու կայացած արեւմտահայերէնի դպրոց ունինք: Չկայ  երեխայ մը, որ հայերէն չգիտնայ ու հայկական դպրոց չերթայ: Ինչ խօսք, բացառութիւններ կ’ըլլան, բայց շատ հազուադէպ»,- կը նշէ մասնագէտը: Սակայն խնդիրի շատ հետաքրքիր լուծման Տիկին Ջուլիետան հանդիպած է. «Ես Աւստրալիոյ մէջ` Սիտնէյ քաղաքին մէջ, հէնց Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ այցելեցի: Այնտեղ շատ հետաքրքիր լուծուած էր այդ հարցը, իրար կողքի կը նստէին ե՛ւ արեւմտահայերէն սորվողները, եւ արեւելահայերէն սորվողները: Ուսուցիչը արեւելահայերէնի մասնագէտ էր, միւսը` արեւմտահայերէնի, ու այդպէս համատեղ կ’իրականացնէին դասը, կը գրէին ու կը կարդային միասին: Որեւէ խնդիր չկար»,- կը պատմէ Տիկին Գիւլամիրեան:

Ըստ մասնագէտի` լուրջ են մէկօրեայ դպրոցներու խնդիրները, որովհետեւ քիչ են դասաժամերը, եւ յոյս ունենալ, որ կրնան երեխաները շարունակեն յետագային հայերէնով ուսանիլ, իրատեսական չէ: Պարզապէս պէտք է  փորձել գոնէ  փոքր հայկական միջավայր մը ստեղծել, հայ պահել: Ամէն պարագայի` հայու տեսակը զօրաւոր է եւ ինչ ալ ըլլայ,  օր մը կ’արթննայ: Տիկին Ջուլիետան Արշիլ Գորկիի օրինակը կը  բերէ, որ մեծնալով օտար հողի վրայ, օտար միջավայրի մէջ`  օր մը գիտակցած է իր ինքնութիւնը, հայերէն սորված: «Պէտք է  հայկական արժէքները քարոզուին, դրուին երեխաներուն մէջ, այդ պարագային ձուլումը քիչ կ’ըլլայ, քիչ կ’ըլլան խառնամուսնութիւնները, չնայած որ ատիկա, ի հարկէ, իւրաքանչիւր անձի իրաւունքն է»,- կը նկատէ դասախօսը: Ան որպէս վերջաբան ու խորհուրդ բոլոր սփիւռքահայերուն կը յորդորէ հարազատ մնալ իրենց արմատներուն, ինքնութեան, ազգային արժէքներուն, հայ ապրիլ ու արարել, իսկ այս ամէնէն առաւել տիկին Գիւլամիրեան խաղաղութիւն կը մաղթէ բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ ապրող հայորդիներուն:

Ամալեայ Կարապետեան

ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի 4-րդ դասարանի ուսանողուհի

Scroll Up