Միսաք Մանուշեան «Գրանցուեցաւ» Երեւանի Մէջ

Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեան երբեք մոռցուած չէ եղած: Հայաստանի մէջ յաճախ յիշած են այս հայորդին, որն իր կեանքը տուաւ Ֆրանսայի համար: Այստեղ դպրոցներ ու փողոցներ  անուանակոչուած են, մեր յիշողութեան ու խոնարհման մատեաններուն մէջ Միսաք Մանուշեան եղած է մշտաներկայ գոյութիւն: Երեւանի մէջ անոր անունը մէկ անգամ եւս անմահացաւ` այժմ մայրաքաղաքի կարեւորագոյն պուրակներէն մէկուն տալով անոր անունը: Մաշտոցի պողոտայի վրայ գտնուող պուրակը երիտասարդական յուզումներու, քաղաքացիական հասարակութեան կայացման ուրոյն հանգրուաններէն մէկը դարձած է, ուստի գուցէ եւ պատահական չէր, որ հէնց այս գողտրիկ անկիւնը  ընտրուած էր հերոսի անմահացման նոր փաստը հաստատելու համար, որուն ներկայ էին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներ Սերժ Սարգսեանն ու Ֆրանսուա Օլանտը:

Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեան ծնած է 1906 թ. արեւմտեան Հայաստանի Ատըեաման գիւղին մէջ: Այս ընտանիքն ալ իր վրայ  կրած է մեր ժողովուրդի դաժան ճակատագիրի բոլոր անդրադարձները, ապրած Ցեղասպանութեան սարսափն ու կորուստները: Միսաք Մանուշեանի հայրը զոհուած է 1915 թ. մեծ եղեռնի ժամանակ, մայրը` գաղթի ճանապարհին: Բախտի քմահաճոյքին  մատնուած են Միսաքն ու եղբայրը, որոնք յայտնուած են Սուրիա, որ նոր հայրենիք դարձաւ հազարաւոր հայերու համար: Որոշ շրջան մը ապրելով Սուրիա` եղբայրները 1920 թուականին կը դառնան Լիբանանի Ճիունիա քաղաքի հայկական որբանոցի սաներ: Տասնին ամեայ Միսաքը եղբօր հետ 1925 թուականին կը տեղափոխուին Ֆրանսա, սկիզբը բնակութիւն կը հաստատեն  Մարսէլի մէջ, ապա կը տեղափոխուին Փարիզ, որ շատերուն կը գրաւէր: Յայտնուելով Փարիզի մէջ, վայելելով քաղաքակրթութեան կեդրոններէն մէկուն հրապոյրները` Միսաք Մանուշեան ինքզինք կը նուիրէ գրականութեան` բացայայտելով բանաստեղծելու կիրքն ու ոգորումը:

                                         Հոգիս բուրվառ է մշտավառ, ուր կը ծխան սէրերս համայն,
Կը խնկարկեմ ես զայն կեանքի տաճարին մէջ յաւերժական,
Բազմահազար հաւատացեալ ամբոխներու երեսն ի վեր,

                                        Ու կը ժողուեմ անոնց դէմքէն հաւատամքի լոյսեր տարբեր…

Սա երիտասարդ բանաստեղծի առաջին ստեղծագործութիւններէն մէկն էր, որն անմիջապէս իր վրայ կը սեւեռէ գրասէր հանրութեան ուշադրութիւնը: 1930 թուականէն Միսաք Մանուշեան Ա . Սեմայի հետ կը հրատարակէ «Ջանք» գրական ամսագիրը: Այս հանդէսը որոշակի ներդրում ունեցաւ սփիւռքահայ գրականութեան ձեւաւորման մէջ, նպաստեց ֆրանսահայ երիտասարդներու գրական ձիրքերու բացայայտման: Հէնց այս հանդէսին մէջ կը տպագրուին նաեւ Մանուշեանի բանաստեղծութիւնները, որոնց մէջ առ հայրենին պարփակուած կարօտ ու սէր կար.

                                        Լեռներու կրծքէն կ’երկարին մինչ գիւղ,
Հորիզոնի գաղջ կանանչը գըծող
Ճերմակ ճամփաներ… ու զերդ ծով անծիր,
Դաշտեր ծոցուորուած ու դաշտեր կարմիր:

                                          Բռնէր եմ գիւղի ոլոր ծառուղին.
— Արեւն ուսերուս որպէս ծիրանի,
Շրթներուս դողդոջ` հին երգ մ’արօրի,—
Կ’երթամ սիրտս յանձնել լեռներու սրտին…

Օրուան հացը վաստակելու նպատակով Միսաք Մանուշեան կ’աշխատի Սիթրոյէն գործարանին մէջ,  իսկ աշխատանքէն ետք կը նուիրուի գրականութեան: 1937 թուականէն կը թողարկէ  «Զանգու»  շաբաթաթերթը, գրելով բանաստեղծութիւններ: 1935 թուականէն կը դառնայ ՀՕԿ-ի, իսկ 1937-էն` կեդրոնական վարչութեան անդամ: Կնոջ` Մելինէ Մանուշեանի հետ կը մասնակցի հակաֆաշիստական դիմադրութեան շարժման: 1943թ. Մանուշեանի գլխաւորած խումբը մօտ երեսուն յարձակում կը գործէ գերմանական ներթափանցողներու վրայ: 1943 թ. նոյեմբերին Մանուշեան կը ձերբակալուի եւ տանջանքներու կ’ենթարկուի, իսկ  երեք ամիս անց` 1944 թուականի փետրուար 21-ին, իր խումբի 21 անդամներուն հետ միասին, մահապատիժի  կ’ենթարկուի Փարիզի Սիւրեն արուարձանի Ֆորտ Մոն-Վալերյէն ամրոցին մէջ: Մանուշեանին յետմահու շնորհուած է Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի շքանշանը: Գնդակահարութենէն առաջ Միսաք Մանուշեան գրած է կնոջը. «Հիմա կը մեռնիմ ընկերներուս հետ` արիաբար եւ մէկ մարդու գիտակցութեամբ, որու խիղճը հանգիստ է, քանզի ոչ մէկուն չարիք չեմ պատճառած: Ես կամաւոր մտած եմ Ազատագրական պայքարի բանակի շարքերը եւ կը մեռնիմ յաղթանակի շեմին»…

Լեւոն Մութաֆեան

Scroll Up