ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Իսրայէլի Պատուիրակութիւնը
Սեպտեմբեր 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՕՄ Իսրայէլի շրջանային վարչութեան կողմէ Հայաստան ուխտագնացութեան եկած պատուիրակութիւնը` ՀՕՄ փոխատենապետուհի Մարի Օհաննէսեանի գլխաւորութեամբ:
Հրանոյշ Յակոբեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ուխտագնացութեան գաղափարին համար եւ կարեւոր համարեց, որ այն իրականացուած է յատկապէս այս օրերուն, երբ համայն հայութիւնը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը:
Նախարարի պաշտօնակատարը ներկայացուց անկախութեան հաստատման եւ պետականութեան կայացման ծանր ու դժուար ճանապարհը` նշելով, որ այդ դժուարութիւնները յաղթահարելի դարձան նաեւ սփիւռքահայ անհատներու եւ կառոյցներու, ներառեալ եւ ՀՕՄ-ի նուիրեալ աշխատանքի շնորհիւ:
«Յատուկ շնորհակալութիւն եմ յայտնում ՀՕՄ-ուհիներին, որովհետեւ նրանք աշխատում են երկու ասպարէզում. ընտանեկան եւ ազգային: Մեծապէս գնահատում եմ Հայաստանում, Ջաւախքում եւ Լեռնային Ղարաբաղում կազմակերպութեան կողմից իրականացուող աշխատանքները: Մենք համագործակցութեան պայմանագիր ենք ստորագրել ՀՕՄ-ի հետ եւ նպատակասլաց կերպով քայլ առ քայլ իրականացնում ենք այն», – նշեց Հրանոյշ Յակոբեան:
Հանդիպման ընթացքին նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան լսեց հիւրերու տպաւորութիւններն ու սրտի անկեղծ խօսքերը եւ պատասխանեց անոնց հետաքրքրող բազմաթիւ հարցերուն: