ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Նորաստեղծ «Սամցխէ-Ախալցիխէ» Բարեգործական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Անդամները

Սեպտեմբեր 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Սամցխէ-Ախալցիխէ» նորաստեղծ բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները` հիմնադիր տնօրէն Անդրէաս Սրաբեանի գլխաւորութեամբ:

 Ողջունելով հիւրերը` նախարարի պաշտօնակատարը կարեւոր համարեց համայնքին մէջ կառոյցին կողմէ ծրագրուած եւ իրականացուելիք աշխատանքները: Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ համայնքին մէջ առկայ են կրթամշակութային խնդիրներ: «Սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստ է աջակցել հիմնադրամին` առկայ խնդիրների լուծման ուղղութեամբ տարուող բոլոր աշխատանքներին», -ըսաւ ան:

 Գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ Ախալցխան յայտնի է մեծանուն արուեստագէտներով, մտաւորականներով եւ առաջարկեց  համայնքէն ներս կազմակերպել Ախալցխացի հայ մեծերուն նուիրուած օրեր: «Հայ երիտասարդները, անշուշտ, պէտք է լաւ սովորեն, լինեն օրինակելի քաղաքացիներ, ինտէգրուեն հասարակական-քաղաքական գործընթացներին` պահպանելով ազգային դիմագիծը: Այդ դէպքում հայ համայնքը պետական մակարդակով խնդիրներին լուծումներ տալու աւելի լայն հնարաւորութիւններ կ’ունենայ: Մենք ամէն ջանք պէտք է գործադրենք բազմազաւակ հայ ընտանիքներին աջակցելու եւ խրախուսելու ուղղութեամբ»,- նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:

Երկուստեք կարեւոր համարուեցան Ախալցխայի հայկական գերեզմանատան բարեկարգման ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքները:

Հիմնադրամի անդամները հաւաստիացուցին, որ ամէն ինչ պիտի ընեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն մէջ այսուհետ առաւել լայնօրէն ընդգրկուելու ուղղութեամբ:

 

Scroll Up