Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահ Գասպար Կարապետեան Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յունուար 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը:
Գասպար Կարապետեան 2012թ. ստանձնած է Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահութիւնը, որուն ընթացքին, անոր նախաձեռնութեամբ Հայ Դատի գրասենեակներ բացուած են Աւստրիոյ, Ռումանիոյ, Սպանիոյ,
Շուէտի, Լեհաստանի եւ Պալթեան երկիրներուն մէջ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ազգանպաստ գործունէութիւնը, մեծ ներդրումը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին մէջ:
Քննարկուեցան 2015թ. համատեղ ծրագիրներն ու յետագայ ընելիքները, Եւրոպայի մէջ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպական հարցեր: