Իրաքի ՀԲԸՄ-ը Միացած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Շարժման

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող “Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան” խորագիրով ծրագիրը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, կը շարունակէ իր ընթացքը: Այս անգամ մեր կոչին ընդառաջած է Իրաքի Հայ Բարեգործական ընդհանուր միութիւնը: Տեղի երեխաները համապատասխան գրութեամբ լուսանկարուած են եւ այդ միջոցով յարգած 1915 թուականի Հայոց  ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:

Կը յորդորենք Սփիւռքի, Հայաստանի բոլոր դպրոցներուն, կազմակերպութիւններուն եւ այլ կառոյցներուն, որ իրենք նոյնպէս մասնակցին համահայկական այս շարժաման: Ընդամէնը պէտք է տպել համապատասխան գրութեամբ պաստառը, տալ երեխայի ձեռքը եւ լուսանկարել բնակութեան վայրի մէջ գտնուող (եթէ հնարաւոր է) Ցեղասպանութեան յուշարձանի մօտ:

Մեր նպատակն է 1,5 միլիոն երեխաներու կողմէն բարձրացուող այս բողոքը խարան դարձնել թուրքի ճակատին:

Լուսանկարները ամբողջութեամբ կրնաք տեսնել այս ծրագրի համար նախապէս բացուած facebook-եան էջի մէջ:

Scroll Up