ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Հռոմի Պապի` Հայաստան Կատարած Այցի Առթիւ Հայրենիք Ժամանած Պատանիները

Յունիս 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հիւրընկալեց Հռոմի Պապի` Հայաստան կատարած այցի առթիւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն Հայրենիք ժամանած մանուկներն ու պատանիները:

 Սփիւռքէն ժամանած պատանիներն ու աղջիկները Յունիս 25-ին ներկայ  գտնուած էին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հռոմի Պապի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ընդհանրական արարողութեան: Սուրիայէն, Իրաքէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Թուրքիայէն, Իսրայէլէն, Քուէյթէն, Իրանէն ժամանած հայորդիները իրենց հետ բերած էին հող եւ ջուր: Հռոմի Պապի համար պատրաստուած էր նուէր` Արարատ լերան վրայ իջած Նոյեան տապանի մանրակերտը: Խորհրդանշական էր, որ երեխաները իրենց հետ բերած հողով ծածկեցին խաղողի որթի արմատները, իսկ երկու հայրապետները երեխաներուն բերած ջուրով ջրեցին զայն:

 Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց երեխաներու ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք, անսալով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կոչին, եկած էին Հայաստան:

 «Դուք դարձաք բազմամիլիոն Սփիւռքի այն ընտրեալ ներկայացուցիչները, ովքեր Հայրենիքում մօտիկից տեսան Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին: Պահը իսկապէս պատմական էր եւ յուզումնալի, որովհետեւ դուք Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր երկրներից եկած այն ընտանիքների ժառանգներն էք, ովքեր 101 տարի առաջ փրկուել են Հայոց ցեղասպանութիւնից», – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:

 ՀՀ սփիւռքի նախարարը երեխաներուն կոչ ըրաւ չմոռնալ եւ կատարել Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամները` ըլլալ բարի, սիրել մերձաւորները, Հայրենիքը, լաւ սորվիլ: «Ուզում եմ, որ յիշէք նաեւ Պապի` հզօր միտք եւ քարեղէն հաւատ ունենալու մասին յորդորը: Յիշէ՛ք եւ աւելի՛ շատ սիրէք մեր եկեղեցին` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը», -ըսաւ  նախարարը:

 Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկան երեխաները: ԱՄԷ-էն եկած 9-ամեայ Քրիստափոր Հապիպեանը ըսաւ. «Ես չէի կրնար պատկերացնել, որ հէնց իմ Հայրենիքիս մէջ բախտ կ’ունենամ տեսնելու Պապը: Ես կ’ուզեմ դառնալ Վարդապետ: Ես անմոռանալի վայրկեաններ ապրեցայ»: Եգիպտոսէն ժամանած Թինա Մազլումեան նշեց, որ Հռոմի Պապէն խնդրած է աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար: Իսրայէլէն եկած Պերճ Քեչուկեան աւելցուց. «Շնորհակալութիւն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, որ Հռոմի Պապին հետ հանդիպման բացառիկ առիթ ընձեռեց»:

 Հանդիպման աւարտին մանուկները խոստացան առաւել յաճախ գալ Հայաստան, ճանչնալ Հայրենիքը, հայրենի մշակոյթն ու աւանդոյթները եւ պահպանել կապը հայրենիքին հետ:

1 2

Scroll Up