«Ես Եկած Եմ, Որ Մնա՛մ, Ես Եկած Եմ, Որպէսզի Վերջապէս Ապրիմ Իմ Հայրենիքիս ՄԷջ». Ճորճ Վանէսեան

Հայրենադարձութիւնը եւս պատմական  երեւոյթ մըն է,  տեղաշարժ մը, որ երբեմն  ակամայէն կ’ըլլայ, պարտադրուած` ելլելով մարդու բնակավայրին, ծննդավայրին մէջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական  երեւոյթներէն,  լայնածաւալ  ռազմական գործողութիւններէն . բարեբախտաբար, քիչ  չեն եւ այն դէպքերը,  երբ մարդը կը հայրենադարձուի իր սեփական որոշման համաձայն, իր երազանքի իրականացման նպատակով: Այդ երազանքի թեւերով  Հայաստան եկած է նաեւ սուրիահայ երաժիշտ- երգիչ, ատամնատեխնիկ  Ճորճ Վանէսեան ու բնակութիւն հաստատած  Կոտայքի մարզի Զովունի գիւղին մէջ: «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ հիւրընկալուած Ճորճին հետ  ծաւալած  իմ հարցազրոյցիս ընթացքին պարզ դարձան անոր  մտահոգութիւններն ու խնդիրները, անոր  նախասիրութիւններն ու ապագայի  ծրագիրները,  անաւարտ երազանքներն  ու մտորումները:

«Ես ծնած ու մեծցած եմ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ. հայրս  ազգութեամբ հայ է, մայրս` արաբ: Մինչեւ 17 տարեկան ապրած եմ Հալէպ. կը ցանկայի հոգեւորական դառնալ  եւ այդ նպատակով յաճախեցի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Վարդան եկեղեցին, սակայն  1993-ին տեղափոխուեցայ Լիբանան, որպէսզի երաժշտութիւն սորվիմ: Աւարտեցի տեղի  երաժշտանոցը, սորվեցայ արեւելեան երաժշտութիւն,  քիչ մը աշխատեցայ. Կ’երգէի եւ ուտ կը նուագէի: 20 տարի ապրեցայ Լիբանանի մէջ, պատերազմի շրջանին վերադարձայ Հալէպ:  Մարաքէշի մէջ ամէն տարի կը կազմակերպուէին փառատօներ, որոնց կը մասնակցէին աշխարհի տարբեր երկիրներէ  եկած երաժշտական խումբեր, երգիչ-երաժիշտներ, 2 անգամ երգած եմ Սուրիոյ` Դամասկոսի մէջ:  Մասնաւոր  կարգով  սորվեցայ նաեւ  յարադրական ատամնաբուժութիւնը. պրոթեզաւորող եմ: Ատոր մէջ մասնագիտացայ  քիչ մը Սուրիա,  քիչ մը` Լիբանան: Կը մտածէի, որ Հայաստանի մէջ պիտի կարենամ իմ բոլոր մասնագիտութիւններով աշխատանք գտնել, սակայն, ցաւօք, շատ դժուարութիւններ ունիմ   եւ արդէն երկու ամիս է,  որ  աշխատանք չունիմ:   Ես Հայասատան եկայ,  որպէսզի լաւ սորվիմ  հայերէն, ինչպէս նաեւ` սորվիմ հայերէն երգեր. արդէն մէկ տարի է, որ Հայաստանի մէջ եմ:  Բնական է, որ  ապրած երկրէդ մէկ այլ երկիր տեղափոխուելէ ետք  բաւականին դժուարութիւններ կ’ըլլան, ժամանակ  անհրաժեշտ է` ատոնք յաղթահարելու: Ես կրնայի Լիբանան մնալ, երգել ու նուագել, յարադրական ատամնաբուժութեան գործս ընել, սակայն գերադասեցի Հայրենիք տեղափոխուիլ: Հիմա ապրելու, աշխատելու խնդիր ունիմ, աշխատանքի փնտրտուքներու մէջ եմ. կը ցանկայի որեւէ խումբի մէջ ուտ նուագել,  երգել: Զովունիի մէջ «Զաքարիա» խանութի հարեւանութեամբ կ’ապրիմ  վարձով եւ իմ տան մէջ կը կատարեմ յարադրական աշխատանքներ, սակայն  յաճախորդներու ցանկութեամբ կրնամ երթալ անոնց  տուները, տեղւոյն վրայ կատարել այդ աշխատանքները, վերցնել  չափերը, պատրաստել արհեստական ատամները, կրկին այցելել յաճախորդի տուն, տեղադրել , անհրաժեշտութեան պարագային` շտկումներ ընել: Ըսեմ նաեւ, որ իմ  կողմէս տեղադրուող ատամները (ատոնց ներսը ես երկաթ կը տեղադրեմ, որպէսզի  շատ երկար ծառայեն մարդուն) նիւթը չինական չէ, այլ` իտալական ու գերմանական արտադրութեան: Ամէն օր կը սպասեմ յաճախորդներու եւ չեմ յուսահատիր: Անգամ աշխատանք չունենալով` երբեք չեմ զղջար, որ Հայաստանի մէջ հաստատուած եմ:  Ինծի համար շատ կարեւոր է  նաեւ հոգեւոր սնունդը, որ ես կը ստանամ   երգ ու երաժշտութեան միջոցով. Սեպտեմբեր 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Իմ Հայաստան» փառատօնի ծիրէն ներս  պիտի իրականացուի «Երգի օր»  ձեռնարկը, որուն ընթացքին ես պիտի կատարեմ  երեք երգ` «Պինկեոլ», «Իմ անուշ տաւիղ», «Մարտիկի երգը»:  Ես եկած եմ, որ մնամ, ես եկած եմ, որպէսզի   վերջապէս  ապրիմ իմ Հայրենիքիս մէջ, զգամ Հայաստանի շունչը»:

Կարինէ Աւագեան

IMG_5971

Scroll Up