«Վարանդա» Եւ «Այգ» Երգչախումբերը Առաջին Անգամ Հանդիպեցան «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնին Շնորհիւ
«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը Լիբանանի պետական երաժշտանոցի եւ Հայկազեան համալսարանի դասախօս Զաքար Քէշիշեան երկար տարիներ իր հիմնած երգչախումբերով Սփիւռքի մէջ կը զբաղի հայկական մշակոյթը պահպանելու, տարածելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ:
Շուշիի «Վարանդա» աղջիկներու մանկապատանեկան եւ երիտասարդական պետական երգչախումբը Զաքար Քէշիշեան հիմնադրած է 1992 թուականին: Այժմ երգչախումբը ստեղծագործական ընթացքը կը շարունակէ երեք` մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական կազմերով:
Երգչախումբը աւելի քան 200 համերգներով հանդէս եկած է Արցախի տարբեր շրջաններու, զօրամասերու, դպրոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Համատեղ համերգներ ունեցած Լիբանանի Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբին հետ: Ստեղծման օրուընէ երգչախումբին մէջ երգած են շուրջ 400 պատանիներ եւ աղջիկներ` կատարելով 200 երգ:
Հայ ականաւոր բանաստեղծներու եւ երգահաններու շուրջ 150 երգ հարստացուցած է երգչախումբի երգացանկը: Խումբին մասին պատրաստուած է 2 վաւերագրական ֆիլմ, իսկ 2004 թուականին ձայնագրած է «Բերդաքաղաք» խտասալիկը: 2012 թուականին երգչախումբի 20-ամեակին առթիւ նկարահանուած է երգչախումբի ստեղծագործական տարեգրութեան մասին պատմող «Երգող ամառներ» վաւերագրական ֆիլմը:
Զաքար Քէշիշեան արդէն 24 տարի ամառնային արձակուրդներուն երգչախումբին հետ պարապելու համար Արցախ կու գայ, իսկ անոր բացակայութեան ընթացքին աշխատանքները չեն տուժեր. հեռակայ կարգով փորձեր իրականացնելէ բացի, երգչախումբին հետ այլ խմբավարներ կ’աշխատին, որոնք խումբի նախկին սաներէն եղած են: «Վարանդան» յառաջիկային կը պատրաստուի նշել հիմնադրման 25-ամեակը:
Լիբանանի մէջ Զաքար Քէշիշեան հիմնած է «Կարկաչ» մանկապատանեկան, «Այգ» քառաձայն եւ «One voice quaid» օտարներու երգչախումբը:
Պէյրութի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը Զաքար Քէշիշեան ստեղծած է 2008 թուականին` նպատակ ունենալով համալսարանական երիտասարդութիւնը հաւաքել երգչախմբային արուեստի շուրջ` կատարելու հայ եւ օտարալեզու դասական, ժամանակակից ու ժողովրդական խմբերգներ:
Տարեկան համերգներուն զուգահեռ` երգչախումբը գործուն մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ լիբանանահայ համայնքային կեանքին մէջ` մասնակցելով զանազան ձեռնարկներու: Ակապելլա երգեցողութենէն բացի` երգչախումբին կը նուագակցին ժողովրդական եւ էսթրատային զոյգ նուագախումբեր:
2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ «Այգ»-ը կատարած է Խաչատուր Աւետիսեանի «Երգեր սիրոյ, պանդխտութեան հայրենեաց» մաղթանուագը: Մասնակցած է «Պէյրութ Չանթս» եւ Լիբանանի խմբերգային միջազգային փառատօներուն, երկու անգամ ելոյթ ունեցած է Կիպրոսի մէջ:
Երգչախումբի առաքելութիւնն է հայ երգը ներկայացնել օտար հանդիսատեսին, որուն նպատակով համերգներ կը կազմակերպէ լիբանանեան զանազան համալսարաններու մէջ:
«Այգ» երգչախումբի կազմին մէջ միայն լիբանանահայ 18-23 տարեկան երիտասարդներ ընդգրկուած են, որոնք «Կարկաչի» նախկին սաներն են: Երգչախումբի 40 անդամներէն 30-ը այս տարի մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Զաքար Քէշիշեան եւ աւելցուց, որ օտարազգի երիտասարդներու երգչախումբը ստեղծուած է ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի ծիրէն ներս : Անդրանիկ համերգը տեղի ունեցած է սոյն թուականի Յուլիս 11-ին: Երգչախումբը հիմնականին մէջ արաբ կատարողներէ բաղկացած է, կան նաեւ լիբանանահայեր:
Պարզ դարձաւ, որ խումբը բազմալեզու երգացանկ ունի, որուն մէջ, անշուշտ, հայկական երգը իր ուրոյն տեղը ունի: Զաքար Քէշիշեանի վստահեցմամբ` անոնք մեծ սիրով եւ հաճոյքով հայերէն երգերը կը կատարեն:
Զրոյցի աւարտին Զաքար Քէշիշեան, ադրադառնալով նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին, նշեց. «Բոլորը խանդավառուած եկած են մասնակցելու մշակութային ձեռնարկին: Փառատօնի ծիրէն ներս կրնանք Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ գործող երգչախումբերուն հետ մտերմանալ, յետագայ համագործակցութեան դաշտ ստեղծել, որ կարեւոր հանգամանք կը համարեմ: Սփիւռքահայ երիտասարդները, հայրենի հողէն նոր եռանդ ու աւիւն ստացած, կը վերադառնան իրենց երկիրներ` աշխատանքի նկատմամբ առաւել պատասխանատուութիւն ցուցաբերելով: «Այգ»-ի անդամներուն մեծ մասը առաջին անգամ կու գային Հայաստան եւ կը ցանկային հնարաւորինս շատ պատմամշակութային վայրեր այցելել` բացայայտելու համար Հայոց աշխարհը:
Փառատօնին մասնակցիլը մեզի համար կարեւոր համարուեցաւ նաեւ այն պատճառով, որ «Վարանդա» եւ «Այգ» երգչախումբերը Երեւանի մէջ առաջին անգամ հանդիպեցան եւ ծանօթացան իրար»:
Գէորգ Չիչեան