Warning: include(/home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/advanced-cache.php): failed to open stream: No such file or directory in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-settings.php on line 84

Warning: include(): Failed opening '/home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/advanced-cache.php' for inclusion (include_path='.:/opt/cpanel/ea-php54/root/usr/share/pear') in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-settings.php on line 84

Notice: Use of undefined constant ‘get_sidebars’ - assumed '‘get_sidebars’' in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/Themater.php on line 1038

Notice: Undefined index: banners125 in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/banners-125.php on line 13

Notice: Undefined index: comments in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/comments.php on line 17

Notice: Undefined index: posts in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/posts.php on line 25

Notice: Undefined index: socialprofiles in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/social-profiles.php on line 16

Notice: Undefined index: tabs in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/tabs.php on line 12

Notice: Undefined index: tweets in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/tweets.php on line 17

Notice: Undefined index: infobox in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/infobox.php on line 18

Notice: Undefined index: custom_js in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/Themater.php on line 237

Notice: wp_enqueue_script was called incorrectly. Scripts and styles should not be registered or enqueued until the wp_enqueue_scripts, admin_enqueue_scripts, or login_enqueue_scripts hooks. Please see Debugging in WordPress for more information. (This message was added in version 3.3.0.) in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 4147

Notice: add_custom_background is deprecated since version 3.4.0! Use add_theme_support( 'custom-background', $args ) instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839

Notice: Undefined index: custom_css in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/Themater.php on line 625

Notice: wp_enqueue_script was called incorrectly. Scripts and styles should not be registered or enqueued until the wp_enqueue_scripts, admin_enqueue_scripts, or login_enqueue_scripts hooks. Please see Debugging in WordPress for more information. (This message was added in version 3.3.0.) in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 4147

Notice: The called constructor method for WP_Widget in LinkableTitleHtmlAndPhpWidget is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerBanners125 is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerComments is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerPosts is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerTabs is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerTweets is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerInfoBox is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerFacebook is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902
Արեան Կանչը, Արեան Պարտքը Հեռաւոր Ռուսաստանէն` Արցախ | Hayern Aysor

Արեան Կանչը, Արեան Պարտքը Հեռաւոր Ռուսաստանէն` Արցախ


Notice: get_currentuserinfo is deprecated since version 4.5.0! Use wp_get_current_user() instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839

Պարը եղած է մարդկութեան զարգացման իւրաքանչիւր փուլի անբաժան ուղեկիցը: Պարելու ցանկութիւնն ու ատոր հանդէպ հետաքրքրութիւնը երբեք չէ նուազած, պարզապէս փոխուած են արտայայտման ձեւերը: Պարի միջոցով մարդը ոչ միայն կը ստեղծագործէ, այլեւ կ’արտայայտէ  իր զգացմունքները, կ’ազատի բացասական յոյզերէն, վատ տրամադրութենէն. պարը ինքնարտայայտման միջոց է:

Հայկական ազգային պարարուեստը ունի հազարամեակներու պատմութիւն եւ սկիզբ  առած է դեռեւս նախաքրիստոնէական շրջանին` պատմական Հայաստանի գոյութեան հեթանոսական ժամանակներուն: Պարը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի բնաւորութեան եւ գեղագիտական մտածողութեան ամենավառ արտայայտչամիջոցներէն մէկը եւ կ’արտացոլէ հայ ժողովուրդի ազգային բնաւորութիւնը, հոգեկան աշխարհը, բնութեան ու կեանքի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը: Այն մեր մշակոյթի անբաժան մասն է, եւ հայը, ճակատագիրի բերումով աշխարհի որ ծայրին մէջ ալ ծուարած է, միեւնոյնն է, չէ մոռցած իր մշակոյթը, երգն ու պարը, կառչած է իր արմատներուն ու հայ մնացած:

Քրիստինէ Աբրահամեան, ըլլալով պարարուեստի նուիրեալ, եւս չէր կրնար օտար հողի վրայ յայտնուելէ յետոյ չտարածեր եւ չուսուցաներ հայ ազգային պարը, չփոխանցեր զայն սերունդներուն: Միանգամէն ռուսական երկու քաղաքներու` Թոլեաթի եւ Սամարայի մէջ դասաւանդելով հայ պարը` տասնեակ մանուկներ բերած է դէպի իրենց արմատները, հաղորդակից դարձուցած հայրենի աւանդոյթներուն, մշակոյթին, պատմական անցեալին: Դժուարութիւններ շատ  եղած են եւ հիմա ալ շատ կան, սակայն ատոնք խոչընդոտներ չեն հանդիսացած նպատակին հասնելու, երազանքները իրականացնելու համար: Այսօր ալ մէկ առ մէկ կը յիշէ իր առաջին սաները, անոնց անունները իւրայատուկ սիրով ու ջերմութեամբ կ’արտասանէ: «Ես ՀՀ պարարուեստի եւ պարագէտներու միութեան անդամ եմ: 2013 թուականին Ռուասատանի Դաշնութեան Թոլեաթի քաղաքի հայ համայնքի ղեկավար Ռաֆայէլ Յարութիւնեան հրաւիրեց զիս հիմնելու ազգային պարի խումբ: Մեծ ջանքերու շնորհիւ խումբը հիմնուեցաւ, կայացաւ եւ սկսաւ իր ստեղծագործական ուղին: Ի հարկէ, սա նաեւ իմ սաներուս, անոնց հետեւողական ու նուիրուած ծնողներու շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ: Շատ յաճախ համերգներէն առաջ երեխաներուն ծնողները  տարազները կարած են իրենց ձեռքերով, երբեմն նաեւ` ես: Ասիկա բան մը կ’ապացուցէ. հայկական ազգային պարի, հայ մշակոյթի, հոգեւոր սնունդի պակասը կար, եւ մենք որոշեցինք լրացնել այդ բացը, ստեղծելով հայկականութեան մթնոլորտ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը նշէ պարուսոյցը:

Թոլեաթի քաղաքի «Արգիշտի» պարային համոյթը բազմաթիւ մրցոյթներու, համերգներու ու փառատօններու  մասնակցած է, մշտապէս յաղթող ճանչցուած, հայ պարը ներկայացուցած ու ճանաչելի դարձուցած նաեւ օտարներուն: Այդպիսի  փառատօնի մը ծիրէն ներս ալ խումբը ներկայացուցած է իր արուեստը Սամարա քաղաքին մէջ: «Ազգերու փառատօն էր, ուր տարբեր  մշակոյթներու ներկայացուցիչներ կը ներկայացնէին իրենց ազգային արժէքները, իսկ այդ արժէքներէն ամենատիպիկն ու ներկայանալին նաեւ հէնց պարն է: Մեր փոքրիկներու եւ մեծահասակներու խումբերը առաջին պատուաւոր հորիզոնականը գրաւեցին: Մենք շատ հպարտ էինք. չէ որ յաղթեց նաեւ մեր մշակոյթը, եւ ատիկա ոչ թէ միայն մեր յաղթանակն էր, այլ նաեւ հայ պարի, հայկականի: Փառատօնէն յետոյ Սամարա քաղաքի Սուրբ Խաչ Հայ առաքելական եկեղեցի այցելեցինք` օրհնութիւն ստանալու: Ծանօթութիւն հաստատուեցաւ եկեղեցւոյ կից Հայորդաց տան տնօրէն Ազատուհի Ղուկասեանի հետ, եւ առաջարկ եղաւ դասաւանդելու նաեւ տեղի հայկական պարախումբին»,- կը պատմէ Քրիստինէ Աբրահամեան:

Շաբաթական երկու անգամ կտրելով Թոլեաթի-Սամարա ճանապարհը, որ երկու ժամէն աւելի կը տեւէ, պարուսոյցը ջանասիրաբար եւ սիրով կը դասաւանդէ նաեւ Սամարայի մէջ: Կէսկատակ-կէսլուրջ կ’ըսէ` արուեստագէտը քիչ մըն ալ  խենթ պէտք է  ըլլայ: Սակայն սա ոչ միայն արուեսագէտի ներքին խենթութիւն է, այլեւ մեծ ցանկութիւն ու նուիրում պահելու, ատամներով կառչելու հայ մշակոյթէն, ազգային ժողովրդական պարէն, այն դարձնելու հայրենիքէն հեռու ապրող հայ մանուկի առօրեայի մէկ մասը: «Սաներուս ծնողները միշտ կը պատմեն, որ երեխաները ամբողջ օրը տան մէջ կը պարեն, տեսազանգով կը ներկայացնեն իրենց պարային բեմադրութիւնները  հայաստանցի հարազատներուն: Սա կ’ոգեւորէ զիս, թեւեր կու տայ առաջ շարժելու, նոր գաղափարներ իրականութիւն դարձնելու: Ես իմ աշխատանքս շատ կը սիրեմ, եւ ուրախ եմ, որ այդ սէրը կը փոխանցուի նաեւ իմ սաներուս, որոնք առանց պարի իրենց կեանքը այլեւս չեն պատկերացներ: Պարի յաճախելը անոնց համար տօն է»,-կը պատմէ Քրիստինէն:

Ան յուզմունքով կը յիշէ իր սաներուն իւրաքանչիւր ելոյթը: «Տեառընդառաջին, երբ դուրսը -20 աստիճան ցուրտ էր, երեխաները իրենց բարակ տարազներով այնպէս  կը պարէին, այնքան ոգի դնելով պարին մէջ, որ ներկաները պարզապէս ապշած էին: Ու նոյն ոգով ու հոգով կը ներկայանեն իւրաքանչիւր համերգին: Սա ինծի ուժ կու տայ: Բնական է` խնդիրներ շատ կան, մենք կը փորձենք յաղթահարել ատոնք, չկոտրիլ, շարունակել սկսած գործը, երթալ միայն ու միայն առաջ»,-հպարտօրէն կը նշէ Քրիստինէ Աբրահամեան:

Այս ամէնուն պարուսոյցը հասած է  մասնագիտական աշխատանքի շնորհիւ` անհատական մօտեցում ցուցաբերելով իւրաքանչիւր սանի: Պարի դասը կը դառնայ  նաեւ մշակոյթի, արուեստի, հայապահպանութեան ու հայ մնալու դաս: «Ապրիլեան պատերազմի օրերուն մենք բոլորս դարձած էինք մէկ միասնական ուժ: Հայրենիքէն հեռու էինք, սակայն կարծես հայրենիքի սրտին մէջ ըլլայինք, բոլորս կը ցաւէինք, կը փորձենք օգտակար ըլլալ: Մենք համերգ կազմակերպեցինք, որ ունէր «Արեան կանչը,  արեան պարտքը» խորագիրը: Արեան կանչը, որովհետեւ հայրենիքը կը կանչէր, տեսակը կը   կանչէր, եւ արեան պարտքը, որովհետեւ պիտի ստանձէինք հայրենիքի հանդէպ մեր պարտաւորուածութիւնը, դառնայինք միասնական ուժ, հասնէինք հայրենիք: Երեխաները այնպէս կը պարէին, կարծես զինուոր ըլլային, եւ ես վստահ եմ, որ անոնց ոգեղէն ուժը հասաւ սահմանին կանգնած մեր իրական զինուորներուն»,- կը նշէ Քրիստինէ Աբրահամեան:

Ամալիա Կարապետեան

արգիշտի6արգիշտի4արգիշտի2արգիշտի3 արգիշտի5արգիշտի7արգիշտի1

 


Notice: Undefined variable: the_sidebar in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/Themater.php on line 1038
Scroll Up

Notice: ob_end_flush(): failed to send buffer of zlib output compression (0) in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3729