Արսէն Աֆրիկեան.«Հայրենիքը Պէտք Է Մեր Սրտին Մէջ Գտնենք»

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հիւրընկալ դռները միշտ բաց են Հայրենիք այցելող, Հայրենիքի կարօտով ապրող, Հայրենիք վերադարձող իւրաքանչիւր հայու համար: Ինչպէս իմ հարցազրոյցներէս մէկուն հիւրը ըսաւ` «Սփիւռքի նախարարութիւնը տուն է` տան մէջ, այն Ներսի տունն է…»: Հէնց այդ Ներսի տան ջերմ մթնոլորտին մէջ  օրերս զրուցեցի ամիսներ առաջ ՌԴի Վոլկոկրատ քաղաքէն հայրենադարձուած երիտասարդ հայորոդիի եւ գիտնականի` Արսէն Աֆրիկեանի հետ:

«Գրեթէ 5 ամիս է, որ տեղափոխուած եմ Հայրենիք: 8 տարեկան էի, երբ յայտնուեցայ օտար երկրի, նոր միջավայրի մէջ: Սկիզբը գացած  էր հայրս (այն ժամանակ վիճակը լաւ էր թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ռուսաստանի մէջ): Այնտեղ կը բնակէին հօրաքոյրներս ու մօրեղբայրս: Հայրս գացած էր` 1-2 տարի աշխատելու մտադրութեամբ, սակայն երկրաշարժի լուրը առնելով` ան վախցաւ ստեղծուած իրավիճակէն եւ մեզի ալ կանչեց իր մօտ: Մայրս, եղբայրս եւ ես գրեթէ արտասուելով գացած ենք Հայաստանէն. դժուար էր հեռանալ Հայրենիքէն եւ նոր կեանք հաստատել օտար ափերու վրայ: Երկու-երեք տարին անգամ մը եկած ենք Հայաստան, ու ես միշտ կապը պահպանած եմ համադասարանցիներէս շատերուն հետ, միշտ պահած եմ կապս Հայաստանի ու ընկերներուս հետ: Վոլկոկրատի մէջ աւարտեցի դպրոցը, ընդունուեցայ տեղի պետական համալսարանի կիրառական մաթեմատիկայի բաժանմունքը, աւարտեցի` ստանալով համակարգչային տեխնոլոկիաներու մասնագէտի, մաթեմատիկոսի որակաւորում: Աւարտելէ ետք  անմիջապէս դասախօսական աշխատանքի  անցած եմ նոյն համալսարանին մէջ, այնուհետեւ` տեղափոխուած եմ մէկ այլ յայտնի համալսարան` Ճարտարագիտական համալսարան:

…Հայրենիք վերադառնալուս երազանքը 8 տարեկանէս սրտիս մէջ միշտ փայփայած եմ. մեզմէ ոչ մէկն ալ այդպէս  չհամակերպուեցաւ Հայաստանէն հեռու ապրելու մտքին հետ: Օտար երկիրը, որքան ալ լաւ ըլլայ, երբեք Հայրենիք չի դառնար. դուրսը դուն երկրորդ-երրորդ կարգի մարդ ես, հողը ոտքերուդ տակ ամուր չէ: 2004թ. եկայ Հայաստան, երբ 24 տարեկան էի եւ հասկցայ, որ անպայման պէտք է վերադառնամ Հայրենիք, որ իմ տեղս այստեղ է` իմ հարազատ երկրիս մէջ: Ես Վոլկոկրատի հայկական համայնքի երիտասարդական թեւի ղեկավարն էի, ունէի աշխատանք, գործարարութիւն, գրեթէ բոլոր հարազատներս այնտեղ էին, սակայն… ինծմէ հեռու էր ամենաթանկ հարազատս` Հայրենիքս: Անցեալ տարի ամուսնացայ հայաստանցի աղջկայ մը հետ. ան ալ չէր ուզեր դուրսը ապրիլ, եւ մենք տեղափոխուեցանք Հայաստան. արդէն  փոքրիկ մը ունիմ` Նարեկս: Մեր երջանիկ եռանկիւնը կը վայելէ Հայրենիքի ջերմութիւնը: Մենք, աւելի հաստատ` ես, այլեւս կարօտեալ չեմ, ես իմ տան մէջ եմ, իմ հողիս վրայ, իմ երազներուս փայփայած Հայրենիքիս մէջ: Թէեւ աշխատանք չունիմ, որեւէ պետական հիմնարկի մէջ չեմ աշխատիր, սակայն քիչ-միչ ինչ-ինչ գործեր կ’ընեմ իմ մասնագիտութեամբ: Ինծի այնքան ալ չի յուզեր աշխատավարձի չափը, միայն թէ որեւէ տեղ աշխատիմ իմ մասնագիտութեամբ եւ օգտակար ըլլամ  երկրիս: Դիմած եմ նաեւ Սփիւռքի նախարարութիւն: Մեծ ցանկութիւն ունիմ միաւորելու Սփիւռքի եւ Հայաստանի երիտասարդները, երիտասարդական կառոյցները: Դեռեւս հայ երիտասարդներու առաջին համաժողովին հիմք դրուեցաւ համատեղ ծրագիրներու, համագործակցութեան: Այս տարի ես մասնակցեցայ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կազմակերպած երիտասարդական երկրորդ համաժողովին. ստեղծուեցան նոր ծանօթութիւններ, ձեւաւորեցինք աշխատանքային խումբ: Շատ գրագէտ, պատրաստուած երիտասարդներ ունինք, բայց ներուժը գրեթէ չօգտագործուիր: Նպատակներէս մէկը հայ երիտասարդները օտար երկիրներէն Հայաստան բերելն է` ի հարկէ, անոնց ներկայացնելով այստեղի առաւելութիւնները: Բնականաբար, եթէ ես հէնց իմ օրինակովս ներկայացնեմ մեր երկրի առաւելութիւնները, անոնց կը համոզեմ, հաւատք կը ներշնչեմ, իսկ ատիկա հաւաստի կ’ըլլայ այն պարագային, եթէ ես ունենամ հիմնական աշխատանք, եթէ մեր ժողովուրդը բարեկեցիկ ապրի, եթէ փողոցներու մէջ ամէն քայլափոխի մուրացկաններ չըլլան: Ես եկայ Հայրենիք ոչ թէ այն բանի համար, որ Հայաստան կը ծաղկէր, իսկ Վոլկոկրատի մէջ վատ էր վիճակը, ճիշդ հակառակը… Ես եկայ, որովհետեւ, ի վերջոյ,  օր մը պիտի տուն դառնայի: Ես կ’ափսոսամ մեր տաղանդաւոր ուղեղներուն` դէպի արտերկիր արտահոսքի համար. ինչու՞ մեր ժողովուրդի տաղանդը չծառայեցնել Հայրենիքի շահերուն: Մենք քիչ ենք, փոքր ենք, բայց ադամանդի փայլ ու բարձր յարգ ունինք: Հիմա աշխարհի մէջ գրեթէ ամէնուր պատերազմական գործողութիւններ են. որպէս վեևրլուծաբան, մաթեմատիկոս` կը կարծեմ` ճիշդ ժամանակն է խելացիօրէն օգտուիլ առիթներէն եւ ռազմականացնել  գաղափարները, օգուտներ քաղել, ոչ թէ տուժել… Ճիշդ դիւանագիտութիւնը այս պահուն այնչափ կարեւոր է:

Ես կը դասաւանդէի Վոլկոկրատի մէջ, ուսանողներուս մէջ կային նաեւ ատրպէյճանցի երիտասարդներ, որոնք, գիտնալով, որ դասախօսը հայ է, տեսակ մը կը վախնային, բայց անոնցմէ ոեւէ մէկը կողմ չէր պատերազմին, լարուածութեան, ժողովուրդներու թշնամութեան. պարզապէս, ցաւօք, դեռ մանկութենէն անոնց հոգիին մէջ ատելութիւն  սերմանած են հայերու հանդէպ: Պատերազմի հրձիգները միշտ ալ իշխանութիւններն են, երկրի ռազմատենչ ղեկավարներն ու անոնց զաւթողական քաղաքականութիւնը, հասարակ ժողովուրդը միշտ ալ խաղաղութեան կողմնակից է: Ես Արեւմտեան Հայաստանէն` Պայազետ-Իկտիր ճանապարհի գիւղերէն մէկուն 1824թ. գաղթածներու ժառանգներէն մէկն եմ, ծնողներս Նորատուզէն են: Մեր ընտանիքէն ներս արգիլուած է խօսիլ ռուսերէնով, հայերէնն ու հայեցին է մեր ընտանիքի նկարագիրը: Ես Ձեր այն հարցին, թէ ինչ է ինծի համար Հայրենիքը, կը պատասխանեմ, որ Հայրենիքը ինծի համար իմ տատիկս էր` հայաբոյր, հայաշունչ… Յետոյ հասկցայ, որ Հայրենիքը պէտք է մեր սրտին մէջ գտնենք:

Նոր տարուան նախաշեմին կ’ուզեմ յորդորել իմ հայրենակիցներուս, որ երջանկութիւնը չփնտրեն օտար ափերու  վրայ, երջանկութիւնը Հայաստանն է, այստեղ շատ բաներ կան, որոնք ուրիշ տեղ չէք գտներ` արեւ, անմահական ջուր, հողի ուժ, մեծ զօրութիւն, հոգեւոր աննման արժէքներ…»:

 Կարինէ  Աւագեան

Scroll Up