«Իմ Հայաստան» Փառատօնին Մասնակցիլը Մեծ Փորձառութիւն Էր «Տաթեւ» Երգչախումբին Համար
«Իրանի Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ «Տաթեւ» երգչախումբը հիմնադրուած է այն ժամանակ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ լուսահոգի Տէր Կորիւն արքեպիսկոպոս Պապեանի եւ Նոր Ջուղայի կրօնական խորհուրդի հովանաւորութեամբ` 1999 թուականին: Երգաչախումբը ստեղծելով` մեծ ցանկութիւն ունէինք իրանահայ երիտասարդներուն հայկական երգ-երաժշտութեան ծանօթացնելու եւ հաղորդակից դարձնելու ազգային մշակութային հարստութեան»,- «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին ըսաւ Համիկ Ալեքսանեան, որ հիմնադրման օրէն առ այսօր երգչախումբի ղեկավարը կը հանդիսանայ:
Երգչախումբը ստեղծագործական երկարուձիգ տարիներուն ընթացքին հասցուցած է համերգային ելոյթներ ունենալու ոչ միայն Նոր Ջուղայի, այլեւ` Թեհրանի եւ Շիրազի մէջ: «Տաթեւ»-ը սկիզբը քառաձայն երգչախումբ եղած է, որուն կազմին տղաներ եւ աղջիկներ ընդգրկուած եղած են, հիմա միայն աղջիկներու խումբով հանդէս կու գայ: Խումբը կիրակի օրերուն նաեւ Պատարագներուն կ’երգէ եւ կիրակնամուտի արարողութիւններուն կը մասնակցի:
Ինչպէս տեղեկացուց Համիկ Ալեքսանեան, «Տաթեւ»-ի համար յիշարժան ելոյթներէն եղած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգը, որուն ժամանակ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներուն նուիրուած երգեր կատարած են:
Խումբին համար կարեւոր ձեռքբերում էր նաեւ անուանի երաժիշտներ Նիկոլ Գալանտէրեանին եւ Թաթուլ Ալթունեանին նուիրուած համերգին մասնակցիլը եւ 2006 թուականին Նիկոլ Գալանտէրեանի ստեղծագործութիւններու հիման վրայ ձայնասկաւառակի թողարկումը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայասատան» համահայկական փառատօնին մասնակցիլը Համիկ Ալեքսանեան նոյնպէս կարեւոր ձեռքբերում կը համարէ, որուն մասին հետեւեալը ըսաւ. «Այս փառատօնին մասնակցելով` բոլորս մեծ փորձառութիւն ունեցանք, որուն համար շատ շնորհակալ ենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան: Դրական տպաւորութիւն ստացանք փառատօնէն, երգչախումբի անդամներուն մօտ մինչեւ Հայաստան գալը արդէն ոգեւորութիւնը նկատելի էր: Անոնք տպաւորուեցան յատկապէս Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ ելոյթ ունենալէն, ուր ջերմ ծափողջոյններու արժանացան»:
Գէորգ Չիչեան