«Վերջապէս մենք մեր Հայրենիքին մէջ ենք, մեր տան մէջ.շատ ապրեցանք օտարութեան մէջ». Ռաֆֆի, Սիմոն Զաքարեաններ

«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը զրուցած է Լիբանանէն Հայրենիքի մէջ հաստատուած եղբայրներ Ռաֆֆի եւ Սիմոն Զաքարեաններու հետ: Ձեզի կը  ներկայացնենք այդ զրոյցի մանրամասները:

–  Ռաֆֆի՛, քանի՞ տարի առաջ հայրենադարձուած էք:

–  2014-ի Սեպտեմբեր 22-ին  առաջին անգամ ոտք դրած եմ  Հայաստան, եկայ 40 օրով, սակայն մինչ օրս այստեղ եմ. եկայ, տեսայ ու մնացի: Մէկ տարի է, որ կ’ապրինք Հայրենիքի մէջ: Եկած եմ ընտանիքիս` կնոջս եւ երեք երեխաներուս հետ:

–  Սիմո՛ն, Դու՞ք…

–  Ես աւելի ուշ եկած եմ. արդէն 4 ամիս է, որ Հայաստանի մէջ եմ, ես ալ ընտանիքիս` կնոջս, երեք երեխաներուս հետ  եկած եմ եւ շատ գոհ եմ, որ հաստատուած ենք Հայրենիքի մէջ:

–  Ռաֆֆի՛, Հայաստան տեղափոխուելու որոշումը որո՞ւն եղած է:

–  Բոլորիս որոշումը  եղած է. թէ՛ ես, թէ՛ եղբայրս, թէ՛ մեր կանայք ու երեխաները միաձայն  կայացուցած ենք այդ որոշումը եւ չենք զղջացած. փա՛ռք Աստուծոյ, մենք մեր Հայրենիքի մէջ ենք, մեր տան մէջ: Շատ ապրեցանք օտարութեան մէջ:

–  Սիմո՛ն, մինչ Հայաստան գալը ի՞նչ աշխատանք ունէիք Լիբանանի մէջ:

–  Հագուստի արտադրութեամբ եւ ատոր մեծաքանակ վաճառքով  կ’աշխատէի: Կրնայի Հայաստանի մէջ ալ նոյն գործը շարունակել, սակայն չուզեցի. հիմա երկու եղբայրներով կ’աշխատինք այս գողտրիկ` «Ովազիս» ճաշարանին մէջ:

–  Ռաֆֆի՛, երեխաները դպրոցականնե՞ր են:

–  Մեծ երեխաներս` 19, 20 տարեկան, կը յաճախեն Ամերիկեան համալսարան, փոքրս 14 տարեկան է եւ առայժմ  դպրոց կ’երթայ: Երեխաներս այստեղ արդէն շատ նոր ընկերներ ունին, ընտելացած են միջավայրին, ոչ մէկ խնդիր չունին:

–  Լիբանանէն տեղափոխուելու հիմնական պատճառը ի՞նչ էր` Հայրենիքի հանդէպ տածած կարօտը՞, թէ՞ վախ կար, որ սուրիական պատերազմի ալիքը Լիբանան եւս կը թափանցէ:

–  Ճիշդ է, հիմա Լիբանանի մէջ պատերազմ չկայ, սակայն վստահութիւն չկայ, թէ վաղը, միւս օրը այնտեղ հանդարտ պիտի ըլլայ: Գործերը լաւ չէին, ապահովութիւն չկար այնտեղ. Հայաստանի պէս չէ, որ երեխաներդ երեկոյեան, գիշերային ժամերուն հանգիստ ու ապահով շրջին քաղաքին մէջ:  Իսլամները այնտեղ շատցած են, քրիստոնեաները` պակսած: Եւ, ի վերջոյ, մենք Հայրենիք ունինք, ինչու՞ ապրինք օտարութեան մէջ:

–  Իսկ ի՞նչ մասնագիտութիւն ունիք, որ ներկայիս Ձեր աշխատանքին  պէտք կու գայ:

–  Ես երաժշտական կրթութիւն ունիմ, կիթառ կը նուագեմ, բայց այս ճաշարանին մէջ յունական գործիք` պուզուքի կը նուագեմ. այստեղ  յունարէն, արաբերէն, հայերէն եւ եւրոպական  շարք մը լեզուներով երգեր կ’երգենք:

–  Սիմո՛ն, Դու՞ք…

–  Լիբանանի մէջ յաճախած եմ վարժարան, յետոյ գացած եմ Ամերիկա, ընդունուած  եմ քոլեջ… Ես չեմ նուագեր, բայց երբեմն կ’երգեմ եւ հիմնականին մէջ` ազգագրական, հայրենասիրական երգեր: Այս ճաշարանի ներքին յարդարանքը ես ըրած եմ:

–  Հե՞շտ էր աշխատանք գտնել Հայաստանի մէջ, ձեռք բերել այս տարածքը եւ «Ովասիս» ճաշարան բանալը:

–  Մենք համացանցի վրայ ունինք ռատիօկայան` www.radioavol` Armenian Voice of Lebanon` Լիբանանի հայութեան ձայնը, որմով 24 ժամ հայերէնով (արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն լեզուներով) երգեր կը հաղորդենք, շատերը կը լսեն մեր ռատիոն, հէնց այս ռատիոյով ալ ծանուցում տուինք եւ երբ Յուլիս-Օգոստոսին բացինք ճաշարանը, արդէն գիտէին մեզի, մեր տեղը: Այս տարածքը արդէն կար, համարեայ պատրաստ էր, պարզապէս  քիչ մը վերանորոգեցինք: Կը մատուցենք եւ՛ հայաստանեան, եւ ՛ լիբանանեան կերակրատեսակներ. շէֆ-խոհարարը եղբօրս` Սիմոնի աներձագն է:

–  Սիմո՛ն, Ձեր կարծիքով ի՞նչ կը պակսի Հայաստան ապրող հայութեան մօտ, որ բնորոշ էր Լիբանանի հայութեան:

–  Լիբանանահայութիւնը, Սփիւռքը ընդհանրապէս, հայապահպանութեան խնդիր ունի, եւ ատիկա է պատճառը, որ այնտեղի հայերուն մօտ շատ աւելի մեծ է հաւատքը, լեզուն, աւանդոյթները, հայ երգն ու խօսքը պահպանելու ձգտումը. սա՛ է տարբերութիւնը:

–  Ռաֆֆի՛, ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը:

–  Հայրենիքը ի՛մս է, չի՛ կարելի քարկոծել Հայրենիքը. եթէ ինչ-որ բան ճիշդ չէ, պէտք է բոլորը աշխատին եւ շտկեն:

–  Սիմո՛ն…

–  Հայրենիքը իմ ինքնութիւնս է:

–  Շնորհակալութիւ՛ն, տղաներ, յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր «Ովասիս»-ին, թո՛ղ որ համայն աշխարհով մէկ սփռուած բոլոր հայերը օր մը գտնեն իրենց ովասիսը Հայրենիքի մէջ: 

Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up