2015-ը Սուրիահայերը Դիմաւորեցին Հայրենիքի Մէջ

«Թո՛ղ 2015-ը հռչակուի սիրոյ եւ խաղաղութեան տարի». Հրաչ Ղազարեան

Ճակատագիրի բերումով շատ սուրիահայեր արդէն  քանի մը տարի է, որ Նոր Տարին ու Սուրբ ծննդեան տօնը կը նշեն Հայրենիքի մէջ: «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը հանդիպած է սուրիահայ Ղազարեաններու ընտանիքին. ստորեւ կը ներկայացնենք այդ ընտանիքի հետ ունեցած մեր թղթակիցի հարցազրոյցը:

Պարո՛ն  Ղազարեան, կը շնորհաւորեմ Ձեզ Նոր Տարուան եւ Սուրբ ծննդեան տօնի առիթով` մաղթելով քաջառողջութիւն, երջանկութիւն Ձեր ընտանիքին եւ խաղաղութեան վերահաստատում Սուրիոյ մէջ:

Շնորհակալութիւ՛ն: Այո՛, շատ կարեւոր է, որ ամբողջ աշխարհի եւ մեր ծննդավայր Հալէպի մէջ խաղաղութիւն տիրէ. թո՛ղ 2015-ը հռչակուի սիրոյ եւ խաղաղութեան տարի:

Որքա՞ն ժամանակ է, որ Հայաստան կ’ապրիք:

Չորս ամիս է, որ ընտանիքով Հայաստան  եկած ենք: Երկու զաւակ ունիմ` տղայ եւ աղջիկ. տղաս` Յակոբը, պետական համալսարանին մէջ կ’ուսանի, իսկ աղջիկս` Աստղիկը, Հալէպի մէջ  բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է, այստեղ ալ վարսավիրութիւն  սորվեցաւ եւ կ’աշխատի: Հայաստանի մէջ շատ ջերմութեամբ դիմաւորեցին մեզի, իսկ ատիկա շատ կարեւոր է պատերազմի թոհուբոհին տունն ու տեղը, գործը ձգած եւ Հայաստան տեղափոխուած իւրաքանչիւր սուրիահայու համար:

Պարո՛ն Հրաչ, պատերազմէն առաջ երբեւէ մտածա՞ծ էիք Հայաստան տեղափոխուելու մասին:

Շիտակը պիտի ըսեմ, որ պատերազմը՛ դարձաւ Հայաստան տեղափոխուելու պատճառը: Հալէպի մէջ գործս շատ լաւ էր, լաւ դրամ կը շահէի, եւ ընտանիքս որեւէ բանի կարիքը չունէր: Տունս, խանութներս, գործս ձգած եմ. փա՛ռք Աստուծոյ, դեռ վնասուած չեն ո՛չ տունս, ո՛չ ալ խանութներս:

Պարո՛ն Ղազարեան, ու՞ր կը հասնին Ձեր կարօտի սահմանները…

Մինչեւ իմ նախնեաց երկիր` Պատմական Հայաստան, մինչեւ Սուրիա` Հալէպ, մինչեւ Հալէպի իմ հարազատ Նոր գիւղ թաղամաս, մինչեւ մեր տուն… Մե՜ծ է կարօտս:

Մե՞ծ  է արդեօք Երեւանի եւ Հալէպի միջեւ ամանորեայ տօնակատարութեան, տօնական սեղաններու պատրաստման տարբերութիւնը:

Ոչ այնքան. ուղղակի այստեղ տօնական սեղանները քիչ մը աւելի առատ են, իսկ կերակրատեսակներու մասին  կինս` Անիթա Ճենանեանը կ’ըսէ…

Ուրեմն, ինչպէս պարոն Հրաչը ըսաւ` տօնական սեղանի պատրաստութեան մասին կը խօսիք Դուք, տիկի՛ն Անիթա… Ինչպիսի՞ն են  սուրիահայերու տօնական սեղանները, ի՞նչ ուտեստներ, խմորեղէն կը պատրաստէք:

Այո՛, Հրաչը ճիշդ ըսաւ. Ատիկա աւելի շատ իմ «տարածքս» է: Պիտի ըսեմ, որ սուրիահայերու եւ հայաստանցիներու ուտեստները շատ չեն տարբերիր, պարզապէս մենք աւելի շատ եւ տարատեսակ ուտելիքներ, իւրայատուկ խմորեղէն կը պատրաստենք: Խանութներէն խմորեղէն չենք գներ.  Մենք կը պատրաստենք` փախլաւա, քիւնաֆա, ղուրապիա, թուլումպա, սարը պուրմա… Խմորեղէնի մէջ շատ կը գործածենք չիր, չամիչ, ընկոյզ, մեղր, կաթի սէր, անարատ իւղ, տարչին: Փա՛ռք Աստուծոյ, Հայաստանի մէջ ալ լաւ դիմաւորեցինք Նոր Տարին, միայն մեր հարազատներու բացակայութիւնը կը  զգայինք: Ծնողքս, եղբայրներս հոս են, սակայն շատ հարազատներ, մտերիմներ մնացած են Հալէպ:

Տիկի՛ն Անիթա, ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը:

Մեր ապահովութիւնն է Հայրենիքը:

Պարո՛ն Հրաչ, Դուք ինչպէ՞ս  կը ձեւակերպէք  Հայրենիք  հասկացութիւնը:

Մեր նեղ ատենը Հայրենիքը մեզի փրկեց. հարազատ օթեւան է Հայրենիքը: Փա՛ռք Աստուծոյ, ապահով ենք, կ’ապրինք Արցախի փողոցի վրայ վարձակալած  բնակարանի մը մէջ, զաւակներս կ’ուսանին  եւ կ’աշխատին, յաղթահարած ենք խօսակցական արեւելահայերէնի հետ ունեցած խնդիրները. աղջիկս կ’ըսէ, որ իր աշխատավայրին մէջ գործընկերները նոյնիսկ կը փորձեն խօսիլ արեւմտահայերէնով: Ամէն ինչ լաւ է, միայն թէ աշխատանք ունենամ, սեփական տուն ձեռք բերենք: Յուսամ, որ 2015-ը այդ առումով գոհացուցիչ կ’ըլլայ:

Օդակայանին մէջ Մայր հողին ոտք դնելնուդ ի՞նչ զգացում ունեցաք, պարո՛ն Ղազարեան:

Շնչեցի մաքուր օդը, նայեցայ կապոյտ ու խաղաղ երկինքը, հեռուն փռուած քաղաքի համայնապատկերը եւ … անսահման յուզուեցայ. ես Հայրենիքիս մէջ էի:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up