«Երբեք Չենք Հեռանար Հայաստանէն».Սուրիահայ Երիտասարդ Հայրենադարձ

Լուսանկարները մեր կեանքի անմոռանալի պահերու ուղեկիցն են: Այդ կարծիքին է նաեւ սուրիահայ երիտասարդ հայրենադարձ Ադուր Գույումճեանը, որուն 15-օրեայ այցը Հայաստան շրջադարձային եղած է իր եւ ընտանիքին համար. 15 օրը դարձած է 7 տարի: Հաստատուելով Հայաստանի մէջ` երիտասարդ լուսանկարիչը հիմնած է սեփական լուսանկարչական արուեստանոցը`համատեղելով ուսումն ու աշխատանքը:
«Հայերն այսօր»-ի զրուցակից Ադուր Գույումճեանը բացի լուսանկարչութենէն հետաքրքրուած է նաեւ ծրագրաւորմամբ:
–Ադու՛ր, ըսէք, խնդրեմ` ինչպէս որոշեցիք վերադառնալ հայրենի՞ք:
-Հայաստանի մէջ հաստատուիլս շատ պատահական եղաւ: Մենք ապրած ենք Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ: Այդ ժամանակ տասնմէկ տարեկան էի, կը յաճախէի դպրոց` միաժամանակ զբաղուելով նաեւ լուսանարչութեամբ: 2012 թուականին ընտանիքով որոշեցինք գալ Հայաստան` տասնհինգ օրով, որ եօթ տարի դարձաւ: Հաստատուելով հայրենիքի մէջ` շարունակեցի ուսումս: Այժմ կը ցանկամ ծրագրաւորող դառնալ:
– Որուն գաղափարն է՞ր Ransh photo studio ստեղծելը: Ինչով պայմանաւորուած է վերոնշեալ անունը՞:
-Արուեստանոցը ստեղծելու գաղափարը ինծի կը պատկանի: Այն սկսած է գործել 2018 թուականի փետրուարէն: Արուեստանոցի անունը մեր ընտանիքի անդամներու անուններու առաջին տառերու յապաւումն է: Այս հարցով ինծի համար այնչափ կարեւոր էր ծնողներուս, ընկերներուս եւ հարազատներուս աջակցութիւնը:
–Լուսանկարչութիւնը ձեզի համար ուղղակի աշխատանք է՞, թէ զբաղմու՞նք:
-Լուսանկարչութիւնն ինծի համար առաջին հերթին զբաղմունք է: Բոլորս ալ մեր կեանքին մէջ այնպիսի աննկարագրելի պահեր կ’ունենանք, որոնք արժանայիշատակ են: Լուսանկարները հէնց այդ պահերու վկաներն են: Լուսանկարիչը պարտաւոր է սիրել բնութիւնը եւ որսալ անոր մէջ թաքնուած գեղեցկութիւնը: Միայն աշխատանքդ սիրելով կրնաս ատկէ պտուղներ քաղել:
– Հեշտ է՞ր, արդեօք, ներգրաւուիլը հայաստանեան կեանքին: Ինչ տուած են ձեզի հայրենիքի մէջ ապրած տարիները:
-Եթէ մարդն իր բնոյթով յարմարող է, հասարակութեան մէջ կարող է գտնել իր տեղը: Իմ պարագայիս ներգրաւուիլը, բարեբախտաբար, չափազանց հեշտ եղաւ. այստեղ շատ ընկերներ ունէի:
Հայաստանի մէջ ապրելու տարիներուն հասկցայ` ինչ է հայրենիք ըսուածը:
Այստեղ գտանք մեր իրական տունը եւ չենք պատրաստուիր երբեք հեռանալ Հայաստանէն:
–Հայրենադարձութենէն յետոյ ինչը սկսած էք աւելի շատ կարեւոր հարամե՞լ:
-Հեռաւորութիւնը կը ստիպէ հասկնալ, որ հարազատներու հետ շփուելու համար շատ քիչ ժամանակ կը յատկացնենք:
Ես սկսայ կարեւոր համարել այն թանկ վայրկեանները, երբ անոնց կողքին էի: Իրենց հետ պէտք է շատ ժամանակ անցնել` կիսուելով ուրախ եւ տխուր պահերով:
Գայեանէ Թադեւոսեան