«Արցախի Հողէն Անբացատրելի Ուժ Կը Ստանամ». Արժանթինահայ Հայրենադարձ
«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը երիտասարդ լրագրող Պիաթրիս Արսլանեանն է` Արժանթինի Քորդոպա քաղաքէն: 2010 թուականին, «Դէպի Հայք» հիմնադրամի կամաւորական ծրագիրին մասնակցելէ ետք, Պիաթրիսը հաստատակամօրէն որոշած է Հայաստան վերադառնալ, որպէսզի խոր արմատներ դնէ Մայր Հայրենիքի մէջ եւ նոր բարձունքներ նուաճի:
–Պիաթրի՛ս, Արժանթինի հայ համայնքը աչքի կ’իյնայ կուռ ու համախմբուած ըլլալով, մատաղ սերունդին հայ պահելու առաջնահերթութեամբ: Ինչպէ՞ս կը բնութագրես քորդոպահայ համայնքին մէջ ապրած տարիներդ:
-Ջերմ ու յիշարժան տարիներ ունեցած եմ, որոնք միշտ ժպիտով կը յիշեմ: Փոքր տարիքէս աշխուժօրէն ներգրաւուած եղած եմ Քորդոպայի հայկական համայնքի տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ. սկաուտ եղած եմ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան Երիտասարդական միութեան աշխատանքներուն մասնակցած եմ, իսկ վերջին տարիներուն ընթացքին համայնքի վարչութեան մէջ որպէս գործավար աշխատած եմ:
Կեանքս առանց քորդոպահայ համայնքի չեմ պատկերացներ: Ծնողներս նպաստած են, որ Հայաստանը միշտ մեր հոգիին մէջ ունենանք. այնպիսի ընտանիքի մէջ մեծցած եմ, ուր հայկական շունչը, ազգային աւանդոյթներն ու հայ ըլլալու զգացումը պահպանուած են:
Մեր ընտանիքէն ներս հայերէն խօսելուն մեծ կարեւորութիւն տրուած է, նաեւ հայկական դպրոց գացած եմ, ուր հիմնովին գրել-կարդալ սորվեցայ:
Հայաստանի մէջ հայերէնի իմացութիւնը շատ օգնեց: Հիմա անկաշկանդ կը շփուիմ մարդոց հետ, միայն արեւմտահայերէն-արեւելահայերէն լեզուական պատնէշը փոքր դժուարութեամբ յաղթահարեցի:
Նշեմ նաեւ, որ ծնողներս Սուրիա ծնած են: Մայրս երեք տարեկանին ընտանիքին հետ Քորդոպա հաստատուած են, իսկ հայրս քսանհինգ տարեկանին` սուրիական բանակին մէջ ծառայութիւնը վերջացնելէ յետոյ: Անոնք Քորդոպա հանդիպած են եւ ամուսնանալէ յետոյ երեք երեխայ ունեցած են:
–Իւրաքանչիւր հայրենադարձ Հայաստան տեղափոխուելու իր ինքնատիպ պատմութիւնը ունի: Հետաքրիր է իմանալ քու պատմութեան մանրամասնութիւնները:
– Ամէն ինչ սկսաւ, երբ վեց տարի առաջ «Դէպի Հայք» հիմնադրամի ծրագիրներէն մէկուն ծիրէն ներս Հայաստան եկայ:
Երեք ամիս կամաւորական աշխատանք կատարած եմ Երեւանի թիւ 76 «Արժանթինեան Հանրապետութիւն» հիմնական դպրոցին մէջ եւ բնապահպանական կազմակերպութեան մէջ:
Հայաստանի մէջ ապրելու ամիսները ինծի համար բախտորոշ դարձան. անբացատրելի սէր արթնցաւ Հայաստանի, հայ ժողովուրդին հանդէպ, կարծես հայ ըլլալու իրական արժէքը զգացի:
Սակայն մինչ հայրենադարձուիլս, որոշեցի մեկնիլ Քորդոպա` ուսումս աւարտելու համար (աւարտած է Քորդոպայի համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքը-հեղ.):
Կիսատ մնացած գործերս վերջացնելով` 2011 թուականին յաջողեցայ Հայաստան հաստատուիլ:
Աւելցնեմ նաեւ, որ առաջին անգամ Հայաստան եկած եմ 2006 թուականին` սկաուտական բանակումին կը մասնակցէի:
– Որոշման հանդէպ ծնողքդ ինչպիսի՞ դիրքորոշում ցուցաբերեցին:
-Ծնողքիս հոգեբանօրէն կը նախապատրաստէի` ամէն առիթի կէս կատակ, կէս լուրջ` ըսելով, որ Հայաստան պիտի երթամ: Ճիշդ է` անոնք արդէն ընտելացած են իմ որոշումիս հետ, սակայն շատ կը կարօտնանք իրար:
Ամէնօրեայ կապի մէջ ըլլալով` անոնց կը պատմեմ ձեռքբերումներուս մասին, հայաստանեան կեանքի անցուդարձին կը ծանօթացնեմ: Կը կարծեմ` անոնք իրենց հոգիին խորքը հպարտ կը զգան:
– Երբեք մտածած ես` Հայրենիք վերադառնալու ամենամեծ պարգեւը ո՞րն էր քեզի համար:
-Նախ պէտք է մտածենք, թէ հայրենադարձուելով` մենք ինչ օգուտ կու տանք Հայաստանին: Հայրենադրձուելէ յետոյ պէտք է տարբեր ծրագիրներ մշակենք եւ նպաստենք մեր երկրի զօրեղացման: Հայաստան գալով` անհրաժեշտ է մեր փորձառութիւնը, գիտելիքներն ու հմտութիւնները ներդնել:
Օրինակ` ես լրագրող եմ, եւ այդ ուղղութեամբ կրնամ աշխատանք կատարել: Պուէնոս Այրէսի մէջ լոյս տեսնող «Արմէնիա» թերթին համար յօդուածներ կը գրեմ, որուն միջոցով արժանթինահայերուն կը տեղեկացնեմ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
Կարելի է ըսել, որ լրագրողական գիտելիքներս ինչ-որ չափով կ’օգտագործեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնական կայքի լուրերը սպաներէն թարգմանելով:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ կապ հաստատած եմ Սփիւռքի փոխնախարար Վահագն Մելիքեանի` Արժանթինի ՀՀ դեսպան ըլլալու տարիներուն, որ օգնած է ինծի այս հարցով: Շատ կ’ուզէի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ աշխատիլ: Ուրախ եմ` թէկուզ կամաւորութեան սկզբունքով, սակայն համագործակցութիւնը կատարուեցաւ:
–Հայաստան, այնուամենայնիւ, անծանօթ երկիր էր. այլ բան է` իբրեւ զբօսաշրջիկ գալը, մէկ այլ բան` մշտական բնակութիւն հաստատելը: Կեանքիդ նոր շրջափուլը հեշտութեա՞մբ յաղթահարեցիր:
-Հայաստանի մէջ երբեք անծանօթ միջավայրի մէջ չեմ զգացած: Ամէնուր ջերմ ընդունելութեան արժանացած եմ: Մարդիկ անկեղծօրէն ինծի օգնութեան ձեռք կը մեկնէին, որոնց հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատած եմ: Հիմա արդէն աշխատանք ալ ունիմ. «Կարաս» քոնեակի գործարանի հաղորդակցութեան եւ առեւտրական բաժինի պատասխանատու եմ, որուն գրասենեակը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ է:
Սփիւռքի մէջ միշտ կը խօսին Հայ դատի ուղղութեամբ աշխատանքներ կատարելու մասին, հայրենասիրական կոչեր կ’ընեն, սակայն արդէն ժամանակն է խօսքէն գործի անցնելուն, պէտք է գործնական քայլեր կիրառել եւ մտածել Հայաստանի սոցիալական, քաղաքական, մշակութային կեանքի զարգացման նպաստելու համար: Պէտք չէ դուրսէն Հայաստանին իբրեւ երազ նայիլ, համախմբուինք Հայաստանի շուրջ եւ լուծենք բոլոր խնդիրները:
–Հայաստանի մէջ սիրելի վայրեր ունի՞ս:
-Բոլոր վայրերն ալ կը սիրեմ, սակայն ինծի համար առանձնայատուկ տեղ ունի Լեռնային Ղարաբաղը: Երբ ազատ ժամանակ կ’ունենամ, անպայման Արցախ կ’երթամ. Արցախի հողէն անբացատրելի ուժ կը ստանամ եւ կ’ոգեշնչուիմ:
Ի հարկէ, տեսադաշտին մէջ պէտք է միշտ պահենք Արցախի հիմնահարցի խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման հարցը:
Գիտեմ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժում կ’իրականացնէ:
Կը կարծեմ` այս ծրագիրը դռներ կը բանայ, որ աշխարհ ճշմարտութիւնը իմանայ, թէ ինչ կը կատարուի Արցախի մէջ, ինչու Ատրպէյճանը անընդհատ պատերազմ կը հրահրէ: Այս առումով շատ կարեւոր ծրագիր նախաձեռնած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը:
– Ինչպէ՞ս կը տեսնես մեր վաղուան օրը:
– Հայաստան բոլոր հնարաւորութիւններն ու նախադրեալները ունի, որպէսզի սփիւռքահայերը գան ու հաստատուին Հայրենիքի մէջ:
Խօսքս յատկապէս Սփիւռքի երիտասարդներուն կը վերաբերէ, քանի որ անոնք քիչ մը կ’երկմտին` հայրենադարձուին, թէ` ոչ: Խորհուրդ կու տամ, որ համարձակ որոշում կայացնեն, Հայաստան գան այն յոյսով, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեան