«Ինծի Այստեղ Բերաւ Հայրենիքի Սէրը, Ոչ Թէ Պատերազմի Սպառնալիքը». Շանթ Դանիէլեան

Սուրիահայ Շանթ Դանիէլեան, առաջին անգամ հայրենիք գալով, այն զգցողութիւնը ունէր, կարծես այստեղ երկար տարիներ ապրած էր: Հայաստանի հանդէպ այդ հարազատութիւնը, սէրը եւ նուիրուածութիւնը անոր 2013-ին բերին հայրենիք: Ջութակահար Շանթի հետ «Հայերն այսօրի» թղթակիցը խօսած է երաժշտութեան, ապագայ Հայաստանի եւ իր ապագան հայրենիքի մէջ կառուցելու մասին:

Շա՛նթ, կ’ըսեն` հայրենիքէն հեռու ապրողները միշտ կարօտախտով կը տառապին, որ բառերով արտայայտելը գրեթէ անհնար է: Եր՞բ այդ կարօտը քեզի առաջին անգամ բերաւ Հայաստան :

-Դեռ մանուկ հասակէս ընտանիքս  փոխանցած է ինծի հայրենիքի գաղափարը, ուր անսահման սէր ու կարօտ կար: Ես եւ միւս սուրիահայ երեխաները այդ գաղափարի ուժով  մեծցած ենք` պայքարած, միասնական ըլլալ եւ հասնիլ հզօր Հայաստանին: Այսպիսով, երբ առաջին անգամ հայրենիք եկայ, սա  անծանօթ վայր մը չէր ինծի համար, անոր պատմութենէն եւ սէրէն ես տարիներ շարունակ սնուած էի:

Իսկ Հայաստան առաջին այցս եղաւ 2010-ին, Ֆ. Նանսեն հիմնադրամի տնօրէն Ֆելիքս Բախչինեանի հրաւէրով: Այստեղ պէտք էր համերգներով հանդէս գայինք: Մեզի շատ հարազատ ընդունեցին, ես ալ այն զգացողութիւնը ունէի, կարծես երկար տարիներ  ապրած էի այստեղ, ինծի կը թուէր` ամէնը տեսած եմ, օտար բան չկար: Համերգային շրջագայութենէն յետոյ վերադարձայ Հալէպ:

Այսինքն, Հայաստան եկար` որպէս անոր երաժիշտ զաւակը: Քանի՞ տարեկանէն  ջութակ կը  նուագես եւ ուրկէ՞ է սէրը դէպի երաժշտութիւն:

– Ծնած եմ երաժշտական ընտանիքի մէջ: Մայրս կ’երգէ, մօրաքոյրներս դաշնակահար են, մօրեղբայրս աքորտէոն կը նուագէ: Սակայն ամենաշատը մեծհայրս  ցանկացած է, որ ջութակ նուագեմ: Այդպէս` օր մը միասին գացինք երաժշտական գործիքներու խանութ, մեծհայրս ջութակ գնեց ինծի համար եւ տարաւ Բարսեղ Կանաչեանի անուան երաժշտական դպրոց: Յետագային աւարտեցի նաեւ Հալէպի պետական երաժշտանոցը: Կը նուագէի երկու հայկական նուագախումբերու մէջ: Այսպիսով` ջութակը  հետս է հինգ տարեկանէս:

Շա՛նթ, յաջորդ այցդ ալ Հայաստան դարձեալ պայմանաւորուած էր շրջագայութիւններով: Երբ կրկին եկար, Սուրիոյ մէջ արդէն պատերազմը սկսա՞ծ էր:

– Պատերազմը սկսաւ 2011 թուականի Մարտին, որուն մարդիկ «Արաբական գարուն» անուանումը տուին: Սակայն ատիկա գարուն չէր, այլ նման էր դժոխքի: Ամէն ինչ անսպասելի էր, քանի որ Սուրիան այն քիչ երկիրներէն էր, ուր տարբեր ազգեր խաղաղ կենցաղ կը կիսէին: Կ’ուզեմ ըսել, որ երբեւէ լարուած մթնոլորտ չէ եղած տարբեր դաւանանքներու եւ ազգութիւններու միջեւ: Իւրաքանչիւրս ալ կը պահպանէինք մերը, հաւատարիմ կը մնայինք մեր լեզուին ու ինքնութեան, միաժամանակ կը յարգէինք դիմացինը ու կ’ընդունէինք անոր:

Սակայն ամէն ինչ փլուզուեցաւ: 2012 թուականի Փետրուար 10-ին Հալէպի մէջ որոտացին երկու հզօր պայթիւններ, որոնց ժամանակ մենք ունեցանք առաջին հայ զոհը: Ան իմ դասընկերս էր: Այդ բարդ իրավիճակին մէջ դարձեալ Հայաստանէն հրաւէր ստացայ համերգներով հանդէս գալու: 15 օր հայրենիքի մէջ ըլլալը մեծ երջանկութիւն էր ինծի համար:

Միւս ժամանումդ Հայաստան երկարատեւ եղաւ. մինչ օրս այստեղ ես: Երկա՞ր մտածեցիր այստեղ տեղափոխուելէ առաջ:

– Հայրս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կ’աշխատէր: Մօրս հետ մեկնեցանք անոր մօտ` Ամանորը նշելու: Երբ կը մեկնէինք Հալէպէն, չէինք  պատկերացներ, որ ատիկա վերջին անգամն էր, այլեւս մեր ծննդավայրը պիտի  չվերադառնայինք: Ճանապարհները մեզի յետագային տարին Շարժա, ուր եօթ ամիս ապրելէ յետոյ` տեղափոխուեցանք Հայաստան: Ատիկա իմ ցանկութիւնս էր, եւ վստահօրէն կրնամ ըսել, որ առաջին հերթին ինծի այստեղ բերաւ հայրենիքի սէրը, ոչ թէ պատերազմի սպառնալիքը:

Շա՛նթ, կ’ենթադրեմ, որ երաժշտութիւնը դարձեալ մնաց քու առօրեայի մէկ մասը: Պատմէ՛  քիչ մը այդ առօրեայէն, ինչո՞վ կը զբաղիս հիմա:

– Այո՛, դարձեալ երաժշտական ոլորտի մէջ եմ: Իմ ընկերներուս, որոնց հետ Հալէպի մէջ ալ  կ’աշխատէի, այստեղ դարձեալ կը համագործակցիմ: Գործ շատ կայ երաժիշտի համար: Մենք հիմնականին մէջ պատուէրներով կ’աշխատինք: Բաւականին գնահատելի է հայաստանեան երաժշտական ճաշակը: Եւ ի զուր չէ, որ Եւրոպայէն կու գան այստեղ` ուսում ստանալու: Հայկական ճազը կը ծաղկի:

Սակայն երաժշտութենէն բացի  կ’աշխատիմ նաեւ արդիւնաբերական սարքաւորումներու համակարգչային ձեւաւորման ասպարէզին մէջ: Այստեղ այդ ոլորտը քիչ  զարգացած է: Շատ  կը ցանկամ տարբեր վայրերու մէջ հանդիպիլ «պատրաստուած է Հայաստանի մէջ» մակնշման: Երբ Հալէպի մէջ հայ վարպետները իրենց գործերը վաճառքի կը հանէին, պիտակին վրայ արտադրման վայր կը նշուէր Սուրիա պետութիւնը: Պէտք է այստեղ ալ համապատասխան պայմաններ ստեղծուին, որպէսզի տեղացի եւ սփիւռքահայ արտադրողները շահագրգռուած ըլլան այնպիսի արտադրանք ստեղծել, որպէսզի այն ամբողջ աշխարհին ներկայանալի ըլլայ որպէս հայկական ապրանքանիշ:

Շա՛նթ, խօսեցար հայաստանեան երաժշտական միջավայրէն: Ինչպիսի՞ն էր այն Հալէպի մէջ:

– Հալէպի մէջ բազմամեայ քաղաքային երաժշտական ֆոլկլոր կար: Այն շատ հզօր էր, բարձր ճաշակ կը խորհրդանշէր, իսկ տեղացիներն ալ զարգացած երաժշտական ունակութիւններ ունէին: Այս ամէնուն մէջ մենք միշտ պահանած ենք հայկական ազգային երաժշտութիւնը:

Ինչպէ՞ս  տեղացիները կը բնութագրէին հայերուն:

– Հայերը աչքի կ’իյնային ջանասիրութեամբ, ազնուութեամբ եւ վայելած յարգանքով: Սակայն, օրինակ, Այնթապէն գաղթած հայերը միշտ առանձնացած են իրենց ճարպկութեամբ: Իմ նախնիներս   Այնթապէն եղած են, եւ գենի ուժով ես ալ  այդ գիծը ժառանգած եմ: Ընկերներս, երբ ես կը կարենամ անելանելի վիճակներէն ելք գտնել, յաճախ կը յիշեն այդ փաստը:

Եւ ընդհանրապէս` սփիւռքահայերը աւելի ճկուն են միջավայրին յարմարելու առումով, քանի որ ունեցած են օտար միջավայրին յարմարելու, օտար լեզու սերտելու խնդիրը եւ յաղթահարած են ատիկա: Հիմա երբ կը լսեմ «հնարաւոր չէ» կամ «չեմ կրնար» արտայայտութիւնները, կը զարմանամ, որովհետեւ միշտ այն համոզումը ունեցած եմ, որ անհնարին ոչինչ կայ:

Շա՛նթ, ըստ քեզի` Հայաստան ինչպիսի՞ երիտասարդութիւն ունի հիմա:

-Աշխատասէր են երիտասարդները, բաւականին մեծ մտաւոր ներուժ ունին, սակայն պէտք է  սիրեն հայրենիքը: Ես այն սիրելով  եկած եմ, քանզի գիտէի, եթէ չսիրեմ հայրենիքս, իմ աշխատանքս այստեղ արդիւնաւէտ չըլլար: Պէտք է ձգտին աւելի շատ այստեղ մնալ: Երբ ինծի կը հարցնեն` դեռ չես երթար, ես կը պատասխանեմ` ոչ, ես այստեղ եմ: Թո՛ղ պայքարին հայրենիքի համար: Վերջերս սահմանագիծին էի եւ ականատես եղայ հայ-ատրպէյճանական կրակահերթին: Պատերազմը դեռեւս կը շարունակուի: Այս պարագային հայրենիքէն երթալը բացատրել չեմ կրնար:

Շա՛նթ, այսօր, երբ կը քալես երեւանեան փողոցներով, հալէպեան շունչը կը զգաս:

– Այո՛, ինչ-որ չափով կայ այդ շունչը: Շատ սուրիահայեր կը փորձեն այստեղ յարմարիլ, սակայն շուկան բաւականին փոքր է: Պէտք է բաց ըլլանք աշխարհի համար, փորձենք ընդունիլ նաեւ դուրսի փորձը, ընդօրինակենք լաւը: Երբ բոյսը իր հողէն կը կտրեն եւ այլ կենսապայմաններու կը տեղափոխեն, անոր ժամանակ  պէտք է յարմալելու համար:

Մեր պապերը տասնամեակներ  պայքարած են Սուրիոյ մէջ, որ հասնէին անոր, ինչ որ մենք ժառանգած էինք այնտեղ: Հիմա ալ  ժամանակ պէտք է այստեղ հաստատուելու համար: Երբ  քանի մը ամիս Հայաստանի մէջ չեմ ըլլար եւ կը վերադառնամ, յառաջընթացը նկատելի կ’ըլլայ, սակայն այն դանդաղ է: Պէտք է սկսինք մենք մեզմէ, դառնանք աւելի օրինապահ ու օրինապաշտ, սակայն օրէնքներն ալ պիտի բարեփոխուին: Աշխատելու բաւականին տեղ կայ:

Շա՛նթ, ո՞րն է քու խորհուրդդ Հայաստանի մէջ հաստատուած բոլոր սուրիահայերուն:

– Թո՛ղ չշտապեն հեռանալ: Թո՛ղ վստահ ըլլան, որ իրենց զաւակները իրենցմէ լաւ պիտի ապրին, ինչպէս Սուրիոյ մէջ իրենք  իրենց պապերէն լաւ ապրած են: Ես լաւ գիտեմ դժուարութիւններուն մասին, բայց որոշակի զոհողութիւններու երթալով` հնարաւոր է լաւ արդիւնքի հասնիլ նաեւ Հայաստանի մէջ:

Ամալեայ Կարապետեան

ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի 4-րդ դասարանի ուսանողուհի

Շանթ1

Scroll Up