Աջակից կը մնանք Սուրիական տագնապի ճիրաններուն մէջ տուայտող մեր հայ համայնքին
Սուրիոյ քանդիչ պատերազմի դէպքերու վերջին հոլովոյթը, ուշադրութեան սեւեռակէտ դարցուցած է հայաբնակ Քեսապը: Վերջերս Թուրքիոյ հսկողութեան տակ գտնուող Սուրիական սահմանէն Իսլամ ծայրայեղական զինեալներու ներխուժումին իբր հետեւանք, Քեսապի հայ բնակչութիւնը խուճապահար տեղահանուած եւ ապաստանած է Լաթաքիոյ մէջ:
Զօրակցութեան աննախընթաց արտայայտութեամբ մը հայ կազմակերպութիւններ աշխարհի տարածքին տեղեկատուական լայնատարած շարժում մը ստեղծած են քեսապահայութիւնը հարուածած վերջին տագնապին կապակցութեամբ:
Սուրիոյ պատերազմը, չորրորդ տարին ըլլալով,իր անմարդկային գուպարի վերիվայրումներով արդէն աւելի քան 140,000 կեանքեր խլած է: Միջազգային շրջանակներ կը շարունակեն մօտէն հետեւիլ դէպքերու ընթացքին սակայն ոչ մէկ դիւանագիտական լուրջ նախաձեռնութիւն կ’երեւի հորիզոնին վրայ: Շրջանէն ներս տագնապի ահարկու տարողութիւնը որ նոյնիսկ ՄԱԿ-ի Աղէտեալներու օգնութեան միջոցները անբաւարար կը դարձնէ, յատկապէս ծանր կը կշռէ հայկական կազմակերպութիւններուն համար որոնք կը ճգնին օժանդակութիւն հասցնել աղիտահար սուրիահայ համայնքին:
Այս վերջին դէպքի պարագային սակայն, սուրիահայութեան եւ յատկապէս քեսապահայութեան համար, խնդրի տարողութիւնը մարդասիրական մտահոգութիւններէ անդին կ’անցնի: Հայութեան համար դարաւոր եւ պատմականօրէն յատկանշական սեփական հողատարածքէ մը պարտադիր տեղահանութեան խնդիրն է որ հրատապ կը դարձնէ ստեղծուած ներկայ կացութիւնը: Հողատարածք մը, ուր քեսապահայութիւնը արմատ նետած է եւ ուր դարերով հողին կառչած իրապրելակերպովբնորոշուած է անոր էութիւնը:
Քեսապէն տեղահանուած աւելի քան 700 ընտանիքներուն համար այս իրադարձութեան հետեւանքները աղիտալի ու անդարմանելի կրնան ըլլալ եթէ արագ ու ազդու միջոցառումներ չգործադրուին:
Առաջին իսկ օրէն Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը նախաձեռնող ու յանձնառու է սուրիահայութեան օգնութեան ճիգերուն եւ օրը օրին կը հետեւի դէպքերու ընթացքին: Մենք ի գործ կը դնենք մեր մարդուժն ու նիւթական կարելիութիւնները, ապահովելով անհրաժեշտ դեղօրայք, բժշկական եւ առօրեայ կարիքներու վերաբերեալ օգնութիւն՝ հանգանակելով եւ տրամադրելով աւելի քան 1,7 միլիոն ամերիկեան տոլարի գումար: Սփիւռքահայ այլ կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ միշտ զօրակից, մարդասիրական եւ դիւանագիտական բոլոր մակարդակներու վրայ պիտի շարունակենք հետապնդել օգնութեան եւ արդար ու բարւօք լուծման ձգտող աշխատանքները:
Քեսապի ի խնդիր այս պայքարը յատկապէս միջազգային դիւանագիտական մակարդակներու վրայ, նպատակ կը հետապնդէ շրջանի ապազինուորականացեալ իրավիճակի վերականգնումն ու ապահովումը, կարելի դարձնելով տեղահանուած հայ ընտանիքներու շուտափոյթ վերադարձը դէպի իրենց սեփական տուներն ու հողերը:
Սուրիահայութեան ի նպաստ Հ.Բ.Ը.Միութեան մարդասիրական աշխատանքներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել http://agbu.org/syriahumanitarianrelief/
Օժանդակելու համար դիմել՝ https://donate.agbu.org/agbu-urgent-appeal
Հեռաձայնով տեղեկացնելու համար օգնելու ձեր տրամադրութիւնը կապուիլ՝
+1-855-AID-AGBU (243-2428) Երկուշաբթի – Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9 էն երեկոյեան ժամը 5:
Դրամատնային ձեր փոխգիրերը կրնաք ուղարկել՝
AGBU Humanitarian Emergency Relief Fund 55 East 59th Street New York, NY 10022.
Հաճեցէք նշել “Emergency Humanitarian Fund”.
Դրամատնային փոխանցումի համար կրնաք email ուղարկել՝ agbuny@agbu.org