ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական խօսքը Հունաստանի «Ազատ օր» օրաթերթի գուրծունէութեան 70-ամեայ յոբելեանի առիթով
«Ազատ օր» օրաթերթի խմբագրակազմի յարգարժա´ն անդամներ,
Սիրելի´ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան,
Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ամբողջ խմբագրակազմը, յունահայ համայնքն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը` «Ազատ օր»-ի գործունէութեան 70-ամեայ յոբելեանի առիթով:
Անցնելով օտար ափերու վրայ գործող հայկական պարբերականներուն բնորոշ դժուարութիւններով լեցուն ճանապարհ` թերթը 70 տարի շարունակ յունահայ համայնքէն ներս պահպանած է հայկական ոգին, նպաստած տասնեակ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեանը:
Թերթի «Յուշատետր» բաժինին մէջ ամէն օր կը հանդիպինք հայազգի նուիրեալ գրողներու, մշակութային, հասարակական, քաղաքական վաստակաշատ գործիչներու մասին ընդարձակ վերլուծական տեղեկատուութեան: Բաժինը ազգային նշանաւոր գործիչներուն ներկայացնելու համար ստեղծուած իւրօրինակ օրացոյց է, որ կ’առանձնանայ իր առջեւ դրուած խնդիրներով եւ հայ նշանաւոր գործիչներուն ներկայացնող արժէքաւոր դիտարկումներով, ինչպէս նաեւ թերթի որդեգրած գաղափարախօսութեամբ հայ ընթերցողին մէջ կը ձեւաւորէ իսկապէս հայկական արժէքներ:
«Յունահայ կեանք», «Հայաստան-Արցախ» եւ «Թուրքիա-Ատրպէյճան» բաժինները յստակ կը զատորոշեն դեռեւս վաղնջական ժամանակներէն Յունաստան ապրող ու արարող հայութեան դիրքորոշումը եւ հետաքրքրութիւններու շրջանակները իրենց Հայրենիքի, հայ ինքնութեան, հայկական հարցի վերաբերեալ:
Հմուտ խմբագրակազմը իր շնորհաշատ խմբագիրի հետ վերոնշեալ բաժինները ամէն օր համալրելու նպատակով ոչ միայն ականջալուր է համայնքէն ներս կատարուող ուշագրաւ ձեռնարկներուն, այլեւ ուշի ուշով կը հետեւի Հայրենիքի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ ընթերցողի դատին կը ներկայացնէ բացառապէս հաւասարակշռուած տեղեկատուութիւն` զերծ մնալով ծայրայեղ գնահատականներէ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրման առաջին իսկ օրուընէ «Ազատ օր»-ը մեր հաւատարիմ բարեկամն է, գործընկերը, մեր համայնքին եւ առհասարակ հայկական Սփիւռքին նախարարութեան գործունէութիւնը ներկայացնողն ու ճշգրիտ եւ անաչառ մեկնաբանը:
Բազմաթիւ ծրագիրներու իրազեկման շնորհիւ «Ազատ օր»-ն իր անուրանալի աւանդն ունի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան նպաստող ծրագիրներու ներկայացման ուղղութեամբ:
Թերթը մեր մայրենիի կարեւորագոյն ճիւղի` արեւմտահայերէնի պահպանման եւ վերարտադրութեան բացառիկ օրրաններէն մէկն է, որ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ վայելել մաքուր արեւմտահայ լեզուով ընթերցելու հաճոյքը:
«Ազատ օր»-ի գործունէութեան 70 տարիները մէկ կողմէն կարճ ակնթարթ են հայ ժողովուրդի պատմութեան բազմադարեայ հոլովոյթին մէջ, միւս կողմէ աննկարագրելի մեծ ժամանակահատուած յունահայ համայնքէն ներս հայապահպանութեան իրականացման գործին:
Ուստի կը մաղթեմ, որ Ձեր լրագրողական բարձր վարպետութեամբ, անաչառութեամբ եւ ազգային նուիրումով կատարուող ամենօրեայ քրտնաջան աշխատանքը շարունակուի տասնամեակներ ու դարեր` ապահովելով Հայերնիք-Սփիւռք մերձեցման գործընթացքի շարունակելիութիւնը, ինչպէս նաեւ յունահայ հնագոյն համայնքի հայեցի ապագան:
Բեղմնաւոր գրիչ եւ ստեղծագործական նորանոր հորիզոններ ձեզ, սիրելի՛ բարեկամներ:
ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ`
ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ