ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ

Սուրիահայ Ընտանիքներու Նպաստներու Բաշխման Յուլիս Ամսուան Երկրորդ Հանգրուանը

Երէկ տեղի ունեցան սուրիահայութեան նպաստաբաշխումի յուլիս ամսուան

Կայացաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու Միջեւ Փոխըմբռնման Յուշագիրի Ստորագրման Արարողութիւնը

Յուլիս 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացաւ

Սուրիահայ 400 Ընտանիքի Նպաստներու Բաշխում

Երէկ ընթացք առին սուրիահայութեան նպաստաբաշխումի յունիս ամսուան

Շնորհակալական Նամակ. Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Լիբանանի Տեղական Մարմնին

Յարգելի՛ անդամներ, Սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի

Ֆրանսա. Ռատիօթոն՝ ի նպաստ սուրիահայութեան

Յունիս 22ին, Փարիզի «Ռատիօ-ԱՅԲ»-ը, Վիէնի «Ռատիօ-Արմէնի»-ն եւ

Կը Շարունակուի Սուրիահայ Ընտանիքներուն ՑուցաբերուողԱջակցութիւնը

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ կըշարունակուի Երեւան բնակող սուրիահայ սոցիալապէս անապահովընտանիքներուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը: 2013 թուականի առաջին կիսամեակի ամփոփ տուեալներով` աջակցութիւն ստացած է սուրիահայ շուրջ 850 ընտանիք, որմէ 352-ը` միայն վերջինամսուան ընթացքին: Տարբեր ծրագիրներու ծիրէն ներս սուրիահայերուն կըցուցաբերուի սոցիալական, կրթական կարիքներու աջակցութիւն,իրաւական խորհրդատուութիւն եւ համապատասխան օգնութիւն: Այդամէնուն որպէս արդիւնք զգալիօրէն հեշտացած է վերջիններուսմշակութային ու հասարակական կեանքէն ներս լիարժէք ներգրաւելուգործընթացքը: Քաղաքապետարանի ենթակայութեան բուժհաստատութիւններուն մէջբժշկական օգնութիւնը եւ սպասարկումը սոցիալապէս անապահովսուրիահայ ընտանիքներուն համար կ’իրականացուի անվճար:Կարիքաւորները հնարաւորութիւն ունին նաեւ օգտուելու «Գթութեանխոհանոցներ»-էն: Նորածին երեխաներ ունեցող սուրիահայ ընտանիքներունքաղաքապետարանը  կը նուիրէ մանկասայլակներ, մանկական իրեր եւանհրաժեշտ այլ պարագաներ: Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի սոցիալականապահովութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Զաքարեանտեղեկացուցած է, որ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի սուրիահայերուաշխատանքի հարցին: Վարչական շրջաններու աշխատակազմերուաջակցութեամբ 13 սուրիահայ արդէն աշխատանք ունի: Նշելով, որսուրիահայերու հետ կապուած հարցերը կը գտնուին քաղաքապետ ՏարօնՄարգարեանի մշտական ուշադրութեան կեդրոնին, Երեւանիքաղաքապետարանի սոցիալական ապահովութեան վարչութեան պետընաեւ նշած է, որ վարչութեան կողմէ անապահովութեան գնահատմանհամակարգին մէջ սուրիահայ ընտանիքներու հաշուառում կ’իրականացուի,որմէ ետք համապատասխան միաւոր ունեցող ընտանիքներուն կըյատկացուին ընտանեկան նպաստներ: Կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներուն աջակցութեան ծրագիրները պիտիշարունակուին: Կը քննարկուին նաեւ հասարակականկազմակերպութիւններու հետ համատեղ ծրագիրներ իրականացնելուհնարաւորութիւնները,-  այս մասին կը տեղեկացնեն  Երեւանիքաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետկապերու վարչութենէն:

«HyeAID2» Համերգը Ցոյց Տուաւ Սուրիահայութեան Օգնելու Վճռակամութիւնը

Հայ հասարակութեան յիշողութեան մէջ Տոլպի Թատրոնը պիտի

Սուրիահայերու Օգնութեան Ամերիկեան Հիմնադրամը Արդէն ՓոխանցածԷ 500 Հազար Տոլար

Անցեալ տարի ԱՄՆ-ի մէջ հիմնադրուած Սուրիահայերու օգնութեանհիմնադրամը (Syrian Armenian Relief Fund) արդէն փոխանցած է 500 հազարտոլար  : Կազմակերպիչները յաջողած են եւս 100 հազար տոլար հաւաքել`երկու շաբաթ առաջ Հոլիուտի մէջ կայացած  բարեգործական համերգիժամանակ, այս մասին կը յայտնէ Los Angeles Times-ը:

Հալէպի Մէջ Անհանգիստ Գիշերուընէ Ետք Զոհուած Կամ Վիրաւորուած Հայերու Մասին Տեղեկութիւններ չեն Հաղորդուած

Սուրիոյ մէջ Դամասկոս քաղաքի Հայ պարզա թաղամասին մէջ եւ շրջակայքը այսօր առտու կանուխէն թէժ բախումներ կ’ընթանան: Իսկ Հալէպ քաղաքի հայկական շրջաններուն մօտ յունիս 19-ի ամբողջ գիշեր  ռմբակոծութիւններ ու  պայթումներ գրանցուած են` հալէպահայերուն ստիպելով փակուիլ իրենց տուները` զգուշանալով լարուած իրավիճակէն: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` հրթիռակոծութիւններու ձայները մօտէն լսուած են հայկական Նոր Գիւղ, Պոսթան Թաշա,Սլէման Ալ Հալապի, Շէյխ մաքսուտ եւ Էշրեֆիյէ շրջաններուն մէջ: Զոհուած կամ վիրաւորուած հայերումասին տեղեկութիւններ չկան: Սուրիոյ մէջ մարտ, 2011-էն չդադարող հակամարտութիւնը 70 հազարէն աւելի մարդու կեանք  խլած է: Զոհուած են միքանի տասնեակ հայեր:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողով . Սուրիահայութեան Զօրակցութիւնը Համազգային Առաջնահերթութիւն Է

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ
Scroll Up