Ֆրանսա. Ռատիօթոն՝ ի նպաստ սուրիահայութեան

Յունիս 22ին, Փարիզի «Ռատիօ-ԱՅԲ»-ը, Վիէնի «Ռատիօ-Արմէնի»-ն եւ Վալանսի «Ռատիօ-Ա»-ն միասնաբար կազմակերպած էին «Ռատիօթոն» մը, այսինքն ձայնասփիւռի միջոցաւ հանգանակութիւն մը, ի նպաստ Սուրիահայութեան:

Առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ 14, արշաւի հինգ ժամերու երկայնքին, ժամը անգամ մը ուղղակի կապ հաստատուեցաւ Հալէպի եւ Դամասկոսի հայ գաղութներուն հետ: Հետաքրքրական էր նկատել, որ այսքան անտանելի պայմաններու մէջ իսկ տեղւոյն հայութիւնը կը պահպանէ, բարեբախտաբար, իր լաւատեսութիւնը ապագայի նկատմամբ, բարձր կը պահէ գլուխը, եւ տրտունջի ոչ մէկ նշոյլ կ՚արտացոլացնէ: Միանգամայն, սակայն, —եւ բնականաբար—, հոնկէ հասած վկայութիւններէն ակնյայտ է, որ «դանակը այլեւս ոսկորին հասած է», ինչպէս կ՚ըսուի ժողովրդական ասացուածքով:

Վերադառնալով հանգանակութեան արդիւնքին, մեզի հաղորդուեցաւ, թէ կարելի եղած է հաւաքել շուրջ 30 հազար եւրոյի գումար մը, որ պիտի փոխանցուի ուղղակի «Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմին»ին:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up