Հալէպի Մէջ Անհանգիստ Գիշերուընէ Ետք Զոհուած Կամ Վիրաւորուած Հայերու Մասին Տեղեկութիւններ չեն Հաղորդուած
Սուրիոյ մէջ Դամասկոս քաղաքի Հայ պարզա թաղամասին մէջ եւ շրջակայքը այսօր առտու կանուխէն թէժ բախումներ կ’ընթանան:
Իսկ Հալէպ քաղաքի հայկական շրջաններուն մօտ յունիս 19-ի ամբողջ գիշեր ռմբակոծութիւններ ու պայթումներ գրանցուած են` հալէպահայերուն ստիպելով փակուիլ իրենց տուները` զգուշանալով լարուած իրավիճակէն:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` հրթիռակոծութիւններու ձայները մօտէն լսուած են հայկական Նոր Գիւղ, Պոսթան Թաշա,Սլէման Ալ Հալապի, Շէյխ մաքսուտ եւ Էշրեֆիյէ շրջաններուն մէջ: Զոհուած կամ վիրաւորուած հայերումասին տեղեկութիւններ չկան:
Սուրիոյ մէջ մարտ, 2011-էն չդադարող հակամարտութիւնը 70 հազարէն աւելի մարդու կեանք խլած է: Զոհուած են միքանի տասնեակ հայեր: