Սուրիահայերու Օգնութեան Ամերիկեան Հիմնադրամը Արդէն ՓոխանցածԷ 500 Հազար Տոլար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/06/1595031.jpg)
Անցեալ տարի ԱՄՆ-ի մէջ հիմնադրուած Սուրիահայերու օգնութեանհիմնադրամը (Syrian Armenian Relief Fund) արդէն փոխանցած է 500 հազարտոլար : Կազմակերպիչները յաջողած են եւս 100 հազար տոլար հաւաքել`երկու շաբաթ առաջ Հոլիուտի մէջ կայացած բարեգործական համերգիժամանակ, այս մասին կը յայտնէ Los Angeles Times-ը:
Գումարները ուղարկուած են Սուրիոյ ոչ առեւտրային հայկականկազմակեպութիւններու դաշինքին, որ օգնութիւն կը բաժնէ սննդամթերքի,հագուստի, շինանիւթերու տեսքով, բուժօգնութիւն կը տրամադրէ: ԸստՀիմնադրամի ներկայացուցիչ Զաւէն Խանճեանի` յունուարին ՀայկականՍուրբ ծնունդի ժամանակ խումբը կանխիկ օգնութիւն բաժնած է 5000ընտանիքներու: Աւելին, հիմնադրամի ստեղծուելէն առաջ Հայ օգնութեանմիութիւնը (Armenian Relief Society) հաւաքած էր 100 000 տոլար` հայկականդպրոցներուն համար:
Սակայն Հիմնադրամը հայերուն չօգներ տեղափոխուելու համար: «Մենքկ’ուզենք, որ մեր մարդիկ հոն մնան», – պարզաբանած է Հայ օգնութեանմիութեան նախագահ Լենա Պոզոյեան:
News.am